Լոյս տեսաւ Մուրատ Էզերի տեսակցութիւնները

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պոլսահայ ներկայ իրականութեան մէջ յատուկ կեր­պար մըն է Մու­րատ Էզեր: Ան մտա­ւորա­կանի յա­տուկ գի­տակ­ցութեամբ կ՚աշ­խա­տի վա­ւերա­կանաց­նել իր ապ­րած ժա­մանա­կը: Այն՝ ինչ որ կ'ընէր Արա Կիւ­լեր իր ոսպնեակով, Էզեր նոյ­նը կ'ընէ գի­րով, տե­սախ­ցի­կով կամ ձայ­նագրու­թեամբ:

Յա­ճախ կ'ափ­սո­սանք կո­րուստնե­րու դի­մաց, որոնք ինքնին վառ վկա­յու­թիւններ էին եւ մենք թե­րացած ենք անոնց ապ­րածնե­րը, յի­շած­նե­րը կամ լսած­նե­րը ար­ձա­նագ­րե­լու գոր­ծին մէջ: Այժմ Մու­րատ Էզեր նման բաց­թո­ղու­մի դէմ կը պայ­քա­րի, յանձն առ­նե­լով բա­ւական դժուարու­թիւններ: Առանց վհա­տելու կ'այ­ցե­լէ հե­ռաւոր քա­ղաք­ներ, այդ վայ­րե­րուն բնա­կող հա­յու բե­կոր­նե­րը յայտնա­բերե­լու նպա­տակով: Թէ հոգ­նա­տանջ եւ թէ բազ­մա­ծախս այդ նո­ւիրու­մը կ'իրա­կանաց­նէ իր սե­փական պայ­մաննե­րով:

Երբ մար­դիկ բո­լորո­վին ծան­ռա­բեռ­նուած են առօ­րեայ հո­գերով, երբ նոյ­նիսկ ժա­մանակ չեն գտներ իրենց սո­վորա­կան ապ­րումնե­րէն դուրս որե­ւէ բա­նի հետ զբա­ղելու, Էզեր գեր­մարդկա­յին աշ­խա­տանք տա­րաւ իր առա­քելու­թիւնը կա­տար հա­նելու հա­մար:

Մու­րատ Էզե­րի եր­կար տա­րինե­րու ծա­ւալող աշ­խա­տու­թիւննե­րուն որոշ մէկ հա­տուա­ծը հա­տորի մը վե­րածո­ւեցաւ դար­ձեալ իր ան­հա­տական ջան­քե­րով: «Անա­թոլիայի վեր­ջին աղա­ղակ­նե­րը, Սեւ Ծո­վու շրջա­նի հա­յերը» անուն գիր­քի մե­կենասն է Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի խնա­մակա­լու­թիւնը:

Այս հա­տորը, ինչպէս անունն ալ կը վկա­յէ, Մու­րատ Էզե­րի բազ­մա­թիւ զրոյցնե­րէն կ'առանձնաց­նէ Սեւ Ծո­վեան շրջա­նի 36 հա­յերու հետ կա­տարո­ւած­նե­րը: Որ­քան ալ գիր­քի անո­ւանու­մը սահ­մա­նուած է Սեւ Ծո­վեան շրջա­նի հա­յու­թիւնով, այս հա­տորի մէջ տեղ գտած են նաեւ Ռո­տոս­թո­յէն, Կի­լիկեան շրջա­նէն եւ Կու­տի­նայէն օրի­նակ­ներ ալ: Գիր­քի մուտքին տե­ղադ­րո­ւած կեն­սագրա­կանի մէջ կը նշո­ւի թէ հե­ղինա­կը հրա­տարա­կու­թեան կը պատ­րաստէ երկրի արե­ւելեան եւ հա­րաւա­րեւե­լեան շրջան­նե­րու հա­յերուն հետ կա­տարուած հար­ցազրոյցնե­րը բո­վան­դա­կող նոր հա­տոր մը եւս:

Էզեր նա­խապէս հրա­պարա­կած էր պոլ­սա­հայ հան­րա­ծանօթ անուննե­րու լու­սանկար­նե­րով գիրք մը եւս:

Սրտանց կը շնոր­հա­ւորենք ինքզինք «սեւ հայ» կո­չու­մով նկա­րագ­րող Մու­րատ Էզե­րը, որ այս աշ­խա­տասի­րու­թեամբ կրկին ան­գամ ապա­ցու­ցած եղաւ թէ ինք իս­կա­կան հայ մտա­ւորա­կան է, ի դի­մաց մեծ ծա­ւալով հան­դերձ փչու­կի մը ծան­րութիւն ու­նե­ցող սպի­տակ հայոց:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ