Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը վառ կը պահէ հայկական աւանդութիւնները

Գալիֆորնիոյ հայաշատ Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը 15 Փետրուար 2025, Շաբաթ օր մեծ խանդավառութեամբ տօնեց Տեառնընդառաջի եւ Տրնդեզի կրկնակ տօները։

Եկաւ Փետ­­րո­­­ւարը եւ Փե­­թակ դպրո­­ցը ան­­գամ մը եւս վա­­ռեց գար­­նան կրա­­կը։ 15 Փետ­­րո­­­ւար 2025, Շա­­բաթ առ­­տու դպրո­­ցի աշա­­կերտնե­­րը, ծնող­­նե­­­րը եւ դպրո­­ցի աւան­­դութիւննե­­րուն ար­­դէն ծա­­նօթ տաս­­նեակ մը հիւ­­րեր ու­­րա­­­խու­­թեամբ սկսան եկե­­ղեց­­ւոյ բա­­կի մէջ հա­­ւաքո­­ւիլ։ Անոնք կու գա­­յին ջեր­­մացնող գա­­րու­­նը եւ Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի լոյ­­սը դի­­մաւո­­րելու։

Օրո­­ւան յայ­­տա­­­գիրը սկսաւ եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Աշա­­կերտնե­­րը մո­­մեր վա­­ռեցին, ապա ու­­սուցչու­­հի Ազ­­նիւ Սէ­­րայ­­տա­­­րեանի պարզ եւ մա­­նուկնե­­րուն մատ­­չե­­­լի լե­­զուով լսե­­ցին Տեառ­­նընդա­­ռաջի պատ­­մութիւ­­նը։ Աշա­­կերտնե­­րը, որոնք մերթ ընթ մերթ կը դի­­տէին գու­­նա­­­ւոր պա­­տու­­հաննե­­րէ ներս թա­­փան­­ցող լոյ­­սի շո­­ղերը, ար­­դէն կը հասկնա­­յին եւ իրենց ման­­կիկ հո­­գինե­­րուն մէջ կը զգա­­յին, թէ ի՚նչպէս Յի­­սու­­սը լոյս կը տա­­րածէր աշ­­խարհին եւ փրկու­­թեան յոյս կ’ըլ­­լար մարդկու­­թեան։

Ապա սկսաւ յայ­­տա­­­գիրի աւան­­դա­­­կան եւ աշ­­խարհիկ բա­­ժինը։ Դպրո­­ցի լայն բա­­կի մէջ բո­­լորը ար­­դէն ան­­համբեր կը սպա­­սէին կրա­­կի շուրջ իրենց խա­­ղը կա­­տարե­­լու։ Դպրո­­ցի տնօ­­րէն Նո­­րայր Տա­­տու­­րեանը բա­­րի գա­­լուստի խօսք մը ուղղեց ներ­­կա­­­ներուն։ Ան բա­­ցատ­­րեց, թէ հայ­­կա­­­կան դպրո­­ցի պաշ­­տօննե­­րէն մէկն է տոհ­­միկ աւան­­դութիւննե­­րը վառ պա­­հել, ինչպէս՝ Տրնդե­­զի կրա­­կը։ «Մենք, ըսաւ ան, կրա­­կը չէ որ կը պաշ­­տենք, այլ՝ մեր ան­­ցեալը եւ մեր մշա­­կու­­թա­­­յին ինքնու­­թիւնը»։ Ն. Տա­­տու­­րեան նաեւ ներ­­կա­­­յացուց Պլէյր դպրո­­ցի Հայ­­կա­­­կան ճե­­մարա­­նի պա­­րախումբը, որ հիւ­­րա­­­բար եկած էր պա­­րեր ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու։ Ն. Տա­­տու­­րեան նաեւ մեկ­­նա­­­բանեց այդ պա­­րերէն Փա­­փու­­րին. «Փա­­փու­­րի պա­­րը մեր հնա­­գոյն պա­­րերէն է։ Ան չար­­խա­­­փան պար է։ Զայն կը պա­­րենք բա­­ցասա­­կան ոյ­­ժե­­­րը հե­­ռաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Պա­­րին յա­­տուկ է ոտ­­քի հա­­րուած­­նե­­­րը։ Գի­­տենք, թէ չա­­րը եր­­բեմն իր տգեղ գլու­­խը դուրս կը հա­­նէ իր ստո­­րերկրեայ աշ­­խարհէն ու կը փոր­­ձէ մեր խա­­ղաղ կեան­­քը խան­­գա­­­րել։ Մեր նախ­­նի­­­ները դաշ­­տե­­­րու մէջ պա­­րեր են փա­­փու­­րին, որ­­պէսզի իրենց ոտ­­քի հա­­րուած­­նե­­­րով վա­­նեն չա­­րը՝ ան վե­­րադառ­­նայ իր մութ վիհ­­նե­­­րուն։ Մեր հի­­ները հա­­ւատա­­ցեր են նաեւ, թէ կրա­­կի շնոր­­հիւ պի­­տի եր­­թայ հինն ու չա­­րը, պի­­տի գայ նորն ու բա­­րին։

Ապա դպրո­­ցի կա­­մաւո­­րու­­հի­­­ներէն Էլեն Վար­­դա­­­նեանը բո­­լորին ցոյց տո­­ւաւ Փա­­փու­­րի պա­­րի շար­­ժումնե­­րը, ապա ամ­­բողջ դպրո­­ցը մեծ շրջա­­նակ մը կազ­­մած՝ կա­­տարեց մեծ Փա­­փու­­րին։

Հայ­­կա­­­կան Ճե­­մարա­­նի պա­­րախումբը Փա­­թիլ եւ Սին­­թիա Ալ­­պա­­­րեան քոյ­­րե­­­րու ու­­ղեկցու­­թեամբ ներ­­կա­­­յացուց ազ­­գա­­­յին պա­­րեր։ Շնոր­­հա­­­լի աշա­­կերտնե­­րու եռան­­դուն պա­­րերը ար­­ժա­­­նացան բո­­լորի ծա­­փահա­­րու­­թիւննե­­րուն եւ ջերմ գնա­­հատան­­քին։

Ապա եկաւ բո­­լորին ան­­համբեր սպա­­սած պա­­հը։ Աշա­­կերտնե­­րը, ծնող­­նե­­­րը, մեծ հայ­­րե­­­րը եւ մեծ մայ­­րե­­­րը ձեռք ձեռ­­քի բռնած ցատ­­կե­­­ցին կրա­­կի վրա­­յէն։ Աւե­­լի հա­­մար­­ձակ աշա­­կերտնե­­րը ցոյց տո­­ւին նաեւ կրա­­կի վրայ դարձդար­­ձիկ շար­­ժումներ կա­­տարե­­լու իրենց վար­­պե­­­տու­­թիւնը։

Աշա­­կերտնե­­րը քաջ ծա­­նօթ էին տօ­­նի խոր­­հուրդին, հնու­­թեան, ինչպէս նաեւ անոր հո­­գեւոր եւ աշ­­խարհիկ բա­­ղադ­­րիչնե­­րուն։ Այդ դաս­­տիարա­­կու­­թիւնը դպրո­­ցի ու­­սուցիչ­­նե­­­րու՝ Օր. Մա­­րալի, Օր. Անիի եւ Օր. Ազ­­նի­­­ւի հայ­­րե­­­նախնդիր յա­­տուկ եւ գի­­տակից աշ­­խա­­­տան­­քի շնոր­­հիւ էր։

Փե­­թակ շա­­բաթօ­­րեայ դպրո­­ցը հայ­­կա­­­կան աւան­­դութիւննե­­րը վառ պա­­հելով իր սա­­ներուն կը ներշնչէ հայ­­կա­­­կան ինքնու­­թիւնը։ Դպրո­­ցը կը հա­­ւատայ, թէ գիր ու գրա­­կանու­­թեան քով հայ­­կա­­­կան հան­­դէսնե­­րը տոհ­­միկ դրոշմ կը ձգեն հո­­գինե­­րուն մէջ կը կը կեր­­տեն ազ­­նիւ հա­­յոր­­դի­­­ներ։

Փե­­թակ շա­­բաթօ­­րեայ դպրո­­ցը վառ կը պա­­հէ հայ­­կա­­­կան աւան­­դութիւննե­­րը

Գա­­լիֆոր­­նիոյ հա­­յաշատ Փա­­սատե­­նա քա­­ղաքի Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեց­­ւոյ Փե­­թակ շա­­բաթօ­­րեայ դպրո­­ցը 15 Փետ­­րո­­­ւար 2025, Շա­­բաթ օր մեծ խան­­դա­­­վառու­­թեամբ տօ­­նեց Տեառ­­նընդա­­ռաջի եւ Տրնդե­­զի կրկնակ տօ­­ները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ