ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Աշտարակ

Լուսաւոր բարձրութիւնը

Լեռ… Գագաթ… Սօսի… Նոճի… Ահա հայոց լեզուի զարմանահրաշ բարձրութիւնները։ Կը յիշեմ. անոնց մասին թերթիս մէջ անդրադարձած եմ։ Իւրաքանչիւրին համար նուիրած եմ յօդուած մը եւ մենք, յարգելի ընթերցող, վայելած ենք անոնց գրական եւ քնարական անցեալը։ Ապա, շուրջս նկատեցի մէկ այլ բառ։ Ան ո՚չ նուազ բարձր էր քան միւսները. «աշտարակ» բառն էր ան։ Համոզուած էի, թէ ինչպէս քաղաքներու աշտարակներն են արտայայտիչ եւ աչքառու, - յաճախ անոր իւրատեսակ խորհրդանշանը եւ հաւաքատեղին, - վայելուչ յօրինուածք է նաեւ «աշտարակ» բառը։ Ուստի, յարգելի ընթերցող, կէս գիշերային այս խաղաղ ժամուն դանդաղօրէն բացի «աշտարակ»ի դուռը։ Մութ էր ներսը։ Վառեցի կանթեղ մը։ Ապա անոր ոլորապտոյտ աստիճաններէն վեր ելլայ յամրօրէն. Ոսկեդար… Աւելի վեր՝ Միջնադար… Սրբատաշ ներքին պատի վրայ նկատեցի փորագրութիւններ։ Նախկին այցելուներու յիշատակարաններն էին անոնք։ Կարդացի ստորագրութիւնները. Վարուժան, Ալիշան, Սիամանթօ, Էմին… Քանի մը հատը իրենց տարիքի բերմամբ գրեթէ անընթեռնելի էին դարձած։ Մօտեցուցի լոյսը։ Յաջողեցայ զանոնք ճանչնալ. Դաւթակ Քերթող, Ներսէս Շնորհալի, Նարեկացի…։ Այժմ, պիտի ջանամ մինչեւ վերնայարկ ելլել, հասնիլ տանիքը ու հայոց բանաւոր աշտարակի բարձր դիրքէն դիտել լուսաւոր համայնապատկեր մը արեւելքէն արեւմուտք, ուրկէ անկասկած պիտի երեւին հայոց պատմութեան եւ գրականութեան բոլոր աշտարակները։

Հաւատարիմ աշտարակը

Աշտարակի Ա. յարկի վրայ ցուցանակ մը կար. «Նկուղ»։ Մտածեցի, թէ այս խարիսխ իջնող փապուղի մը ըլլալու էր ան։ Բացի դուռը, մտաբերելով ճափոնական այն դարձուածքը, թէ «Եօթը յարկանի աշտարակը կը սկսի գետնէն»։ Ճռնչաց ան. խիստ ժանգոտած էր։ Պարոն Աճառեան մը յայտնուեցաւ դէմս. «Վերադարձիր, ըսաւ ան, բառի ծագումն անյայտ է»։ Կարճատեւ զրոյց մը եղաւ ան։ Հոս ու հոն ցրուած ձեռագիր մատեաններու մէջ գտայ «աշտարակ» բառի չորս հիմնաքարերը. Աշտարակագործ, Աշտարակաշէն, Աշտարակաձեւ եւ Աշտարակեալ։ Առաջինը եւ երկրորդը աշտարակ շինողներն էին, երրորդը՝ աշտարակով զարդարուած, կամ՝ անոր ձեւը ունեցող, իսկ վերջինը՝ աշտարակով ամրացուած։ Տեսայ նաեւ հին գրիչներու պատկանող ընտիր արտայայտութիւններ. «Աշտարակագործ կորուսիչ պաշտամանցն», Ագաթանգեղոս, «Աշտարակաձեւ այգի», Մծբնացի, «Աշտարակաշէն ազգ», Կաղանկատուեցի, «Հաւատս եկեղեցւոյ, որով աշտարակեալ գոյ եւ պարսպեալ», Լամբրոնացի։ Նոյն օրերուն «աշտարակ» բառը հասաւ իմաստի նոր բարձրութիւններու, նշանակելով՝ ամբարտակ, բուրգ, դիտանոց, մարտկոց, մահարձան եւ ամրութիւն։ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ հայը տեսաւ «Նետաձիգ աշտարակ», «Աշտարակ վաղափուլ», «Աշտարակ ամուր», «Աշտարակ փղոսկրեայ», «Բարեկամ հաւատարիմ՝ աշտարակ ամուր»։ Դարեր անցան… Այժմ մեր շուրջը կան հեռատեսիլի, օդակայանի եւ ժամացոյցի աշտարակներ։

Ոսկեփայլ աշտարակը

5-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ աստիճաններու վրայ՝ այսինքն Ոսկեդարուն եւ Բարձր-Միջնադարուն, աշտարականման այրեր յայտնուեցան։ Անոնք մագաղաթի վրայ տառ առ տառ կառուցեցին «աշտարակ» բառի պատմութիւնը։ Գրիգոր Նարեկացին խաչեալ Յիսուսի պատկերը գրի առաւ. «Պնդեցաւ միածինդ քո յաշտարակ խաչին»։ Փաւստոս Բիւզանդը պատմեց, թէ ինչպէս Շապուհ թագաւորը զմայլած էր հայ նիզակաւորներու քաջութեան վրայ. «Յարձակէին, որպէս գլեառն մի բարձր եւ կամ որպէս զաշտարակ»։ Ըստ Շապուհ թագաւորի հայ զինուորը աշտարակ մըն էր «հաստաբեստ, հզօր եւ անշարժ»։ Դաւթակ Քերթողի համար Աղուանքի հսկայ զօրավար Ջեւանշերն էր աշտարակ. «Վէմն կենդանի եւ հզօր…, Աշտարակն բանաւոր»։ Ներսէս Շնորհալին եկեղեցին կոչեց՝ «Աշտարակ ոսկեղէն»։ Իսկ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը հաւատացած էր, թէ Վարդանանց պատերազմի մասնակիցներէն Առանձար Ամատունին կը պատկանէր «աշտարակ» այրերու դասին՝ «Կանգուն իբր աշտարակ»։ Ըստ «նահապետէ հօր՝ Սրբուհի Մարիամն ալ աշտարակ մըն էր. «Կուսանաց թագուհի, / Մեզ աշտարակ շողալոյս»։

Վիզդ աշտարակ մըն է

Աշտարակի 20-րդ յարկն եմ՝ երազկոտ եւ սիրահար քերթողներու դարը։ Սեբաստիա քաղաքի մէջ արդէն ծներ է աշտարակ մը, որ նշանակուած է ցեղին եւ հացին երգը երգելու։ Մենք այդ լուսասփիւռ մարդուն՝ Դանիէլ Վարուժանին պիտի պարտինք «Փողերն ահա կը հնչեն աշտարակէ աշտարակ» խօսքը։ Վարուժանը նաեւ մտովի պիտի ճանապարհորդէ Անի, եւ անոր խաչազարդ աշտարակներուն վրայ պիտի տեսնէ քնարական պատկեր մը. «Աշտարակի սլաքներ… Կարմիր դրօշակ մ՛հայկական»։ Սիամանթօն պիտի գտնէ հայոց մտքի լոյսի փարոսը. «Սուրբ Մեսրոպ։ Օշականէն մեզի հսկող Մտքի Աստուած…, / Աստղերէն մեզ լոյս լեցնող ոսկեհասակ աշտարակ»։ Իսկ հայը երբ պիտի ընթերցէ Պարոյր Սեւակի «Երգ երգոց»ը՝ պիտի զմայլի հողածին մէկ այլ աշտարակին. «Օ Սուլամի՜թա. / Քո պարանոցը՝ / Ազնիւ մարմարէ մի վե՜հ աշտարակ»։

Աղմկարար աշտարակը

Հայերս Զէյթունի եւ Պոլսոյ մէջ շինած ենք բազմաթիւ աշտարակներ. անկանոն, ահաւոր, աղմկարար։ Խօսքս, յարգելի ընթերցող, խռովեալ ժողովներու մասին է։ Համոզումիս պատճառն է այդ քաղաքներու պատկանող արտայայտութիւն մը՝ «Գիտես թէ աշտարակ ենք»։ Մեր հայրենակիցները այս դարձուածքը գործածեր են երբ հաւաքոյթի ժամանակ տիրեր է խառնաշփոթութիւն, աղմուկ եւ աղաղակ։ Ծանօ՞թ է այս պատկեր։ Կը յիշեցնէ՞ Բաբելոն քաղաքը։ Երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեանը օր մը իր սուր գրիչը գործածեց այդպիսի հաւաքոյթ մը նկարագրելու համար։ Կիրակի օր մըն է։ Պատկառելի Տիւմպելէքեան գերդաստանի տան մէջ հաւաքուեր են օտար փեսաներով եւ հարսերով -- ֆրանսացի, իտալացի, սպանիացի, զուիցերիացի, դանիացի. «Անաշտարակ ու անԲէլ Բաբելոնի մը վերածուած էր սրահը, ուր կը լսուէին բազմաթիւ լեզուներ յաճախ կարկտաններ ֆրանսերէնի, մերթ ալ բեկորներ հայերէնի»։

Հայաստանի դիւրաբեկ

աշտարակը

2024 թուականին «աշտարակ» գոյականը, որ քնարական էր, նաեւ վիպական, դարձաւ՝ քաղաքական։ Վերլուծաբան մը մեզի բացատրեց, թէ ռուսը վերէն, հիւսիսէն, ի՚նչ աչքով կը նայի հարաւ՝ Կովկասի փոքրագոյն հանրապետութեան. «Կրեմլի աշտարակից արհամարհանքով են մեզ նայում»։ Վիրաւորուեցանք։ Չուշացաւ Փաշինեանի լուծում-առաջարկը։ Ըստ այդ փոքրիկ հանրապետութեան վարչապետի՝ երկրի բնակիչները պէտք էր որ փոխէին իրենց ազգային հայեացքը. «Աշխարհին նայել ոչ թէ Վանի թագաւորութեան, այլ ՀՀ աշտարակից»։ Ամենայնդէպս հայը հպարտ կը մնայ իր մտաւոր աշտարակներով, ինչպէս Մինաս Աւետիսեանով։ Թող բոլորը դիտեն Մինասը եւ հիանան… «Միմասը մեր նկարչութեան բարձրացող աշտարակն էր, հեռուներից տեսանելի ու հեռաստաններ բացող», Յակոբ Յակոբեան։

85 մեթրանոց աշտարակը

Կ’ուզէ՞ք աշտարակ մը շինել։ Դժուար չէ։ 1850-էն մինչեւ 1900 հրատարակուած բոլոր հայկական գիրքերը դրէք վրայ վրայի։ Ընդամէնը 8535 հատոր։ Եթէ ընդունինք որ իւրաքանչիւր գիրք 1 սանթիմ է, ապա դուք կ’ունենաք 85 մ. բարձրութեամբ կառոյց մը։ Բայց լոկ թուղթի բարձրութեամբ չչափենք գիրքի յաջողութիւնը։ Հապա անունի վրայ «աշտարակ» բառը ունեցող գիրքերը։ Անոնք առաւել փայլ եւ վեհութիւն մը չտուի՞ն հայկական տպագրութեան։ Ահա չորս հատ օրինակ. «Ոսկիների աշտարակը- Ողբերգական տրամա», առանց տպագրատեղի եւ թուականի, «Դրօշակներն աշտարակների վրայ», Երեւան, 1959, «Աշտարակի ուռուցը ։ Սրբազան ծառերի հնագոյն պաշտամունքի հետքերը», Մուղնի, 2005, «Աշտարակի ժամացոյցը», Երեւան, 1946։ Իսկ եթէ դուք կ’ուզէք բոլոր աշտարակցիներուն հեռաձայնել եւ հայրենակցական բարեւ մը տալ անոնց՝ պէտք է որ ունենաք հետեւեալ գիրքը. «Աբոնենտների ցուցակ Աշտարակի քաղաքային հեռախօսային ցանցի», Աշտարակ։

Գեղեցկուհին աշտարակի մէջ

Աշտարակ քաղաքը գեղեցկուհի մըն է աշտարակի մէջ։ Հազիւ քանի մը անգամ տեսած ենք իր երեսը եւ հազիւ քանի մը անգամ լսած ենք իր անունը։ «Աշտարակ» տեղանունը համեմատուած է հազուագիւտ գեղեցիկի հետ, ընտիր բերքի հետ։ Նոյնիսկ հայը փափաքեցաւ, որ աշխարհի բոլոր հայածին ծիծեռնակները հաւաքուին Աշտարակի մէջ եւ հոն շինեն իրենց բոյնը։ Քնարական այդ յօրինուածքներու մէջ նախ կը փափաքիմ յիշել աշուղական երգ մը. «Աղջի՚ արի…, / Ոսկով լիքը ծով ես, աւազիդ մատաղ, / Աշտարակի խաղող ես, վազիդ մատաղ»։ Այս երգի հեղինակն է Միսկին-Բուրջի, աշուղ մը, որ ծնաւ Նախիջեւանի մէջ, ապրեցաւ Գանձակի մէջ եւ մահացաւ Ասկերանի մէջ։ Ան կը շրջէր գիւղեր. թէ կ’երգէր եւ թէ տիկնիկներ կը խաղացնէր։ Աշտարակ քաղաքի մէկ այլ երկրպագուն Գեւորգ Էմինն էր։ Դուք կ’ուզէ՞ք գիտնալ թէ ինչպիսի տեղ մըն   է Աշտարակը եւ ինչպիսի մարդ է աշտարակցին։ Կարդանք «Ծնած տեղս՝ Աշտարակ» բանաստեղծութենէն պատառիկներ. «Աշտարակցի՚ եմ ես, / Լա՜ւ իմացէք…, / Աշտարակն ա՚յն է, / Ինչ բա՜րձր է ու սէ՜գ… / Իմ նախնիք / Այնքան գինի՜ են խմել, / Որ... Ոգելի՜ց է ամբողջ արիւնս… / Իմ տունն ի՚մը չէ- / Տունս նրա՚նն է, / Ով պատի՜ւ կ’անի՝ դուռը կը բացի»։

Բոյն մը Աշտարակի մէջ

Այն օրերուն երբ բազմաթիւ հայածին ծիծեռնակներ գաղթած էին ջերմ երկիրներ, բանաստեղծ Թոթոխեանը առաջարկեց, որ բոլորը թռչին դէպի Աշտարակ. «Ա՜խ, թռի՚ր, ծիծեռնակ, / Ծնած տեղս՝ Աշտարակ, / Անդ շինիր քո բոյնը / Հայրենի կտուրի տակ»։ Այժմ, յարգելի ընթերցող, ես կը մաղթեմ, որ մեր փոքրիկ հանրապետութեան աշտարակը մնայ անսասան, - եւ ինչո՞ւ կասկածիլ, երբ անոր խարիսխը մխրճուած է ամուր ժայռի մէջ, - եւ դուք ալ ձեր աշտարակէն շարունակէք վայելել հայկական ընտիր գրականութեան եւ արուեստի լուսաւոր համայնապատկերը։ Իսկ օր մը երբ տեսնէք, թէ վայելուչ պարոն մը կամ օրիորդիկ մը, փունջ կը ծաղիկ բռնած, քաղաքի ժամացոյցի աշտարակին տակ անհամբեր կը սպասէ իր սիրածին՝ յիշեցէք այս յօդուածը եւ ծիծաղով մը ըսէք, թէ աշտարակը քնարական է։