ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դրամապաշտութիւնը կը շարունակէ չարիք ծնիլ

Դրամա­պաշտ հա­մակար­գի ամե­նաան­մարդկա­յին դրսե­ւորումներն են իմ­փե­րեալիզ­մը եւ ֆա­շիզ­մը։

Որ­պէս հա­մամարդկա­յին խաբ­կանք, բո­լորս կար­ծե­ցինք թէ ԺԹ. դա­րու վեր­ջե­րուն եւ Ի. դա­րու սկիզբնե­րուն մեծ կայսրու­թիւննե­րու անկման շրջա­նին վերջ գտաւ նաեւ գա­ղու­թա­տիրու­թիւնը։ Չէ որ ան­ցեալի գա­ղութնե­րը Հնդկաս­տա­նէն Չի­նաս­տան, Ափ­րի­կեան բազ­մա­թիւ եր­կիրներ, Մեր­ձա­ւոր Արե­ւելք, բո­լորն ալ տի­րացան ան­կախ պե­տակա­նու­թեան։

Նոյ­ն խաբ­կանքը ապ­րե­ցանք, երբ Ի. դա­րու առա­ջին կէ­սի աւար­տին ծանր պար­տութիւն կրե­ցին Հիդ­լեր եւ Մու­սո­լինի։ Բո­լորս կար­ծե­ցինք թէ ֆա­շիզմ կո­չեալ բռնա­կալու­թիւնը այդ կեր­պարնե­րուն հետ միասին ան­ցաւ պատ­մութեան մութ էջե­րուն։ Կա­տարեալ սխա­լեցանք, քա­նի որ դրա­մապաշտ հա­մակար­գը, այ­սինք քա­փիթա­լիզ­մը միշտ ու­նէր այդ չա­րիք­նե­րը վե­րած­նե­լու կա­րողու­թիւնը։ Ու­րեմն պա­տահա­ծը պարզ ձե­ւափո­խու­թիւն մըն էր միայն։

Այս պա­հուն, երբ Թրամբ կը յանդգնի Բա­ղէս­տի­նի ժո­ղովուրդը բո­լորո­վին ու­րիշ եր­կիր մը փո­խադ­րե­լու մա­սին ճա­ռելէ, հո­գը ան­գամ չէ որ այդ առա­ջար­կա­ծը բա­ռին բուն իմաս­տով ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է։ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն՝ այդ եզ­րը բնու­թագրող իրա­ւագէտ Ռա­փայէլ Լեմ­քի­նի հաս­տա­տու­մով։ Այդ հաս­տա­տու­մը տա­րիներ եիք կրկնած էր Հրանդ Տինք. «Նոյ­նիսկ առանց մէկու քի­թը արիւ­նե­լու, նոյ­նիսկ ոս­կեայ ինքնա­թիռ­նե­րու մէջ բամ­պակնե­րու փա­թաթե­լով տե­ղափո­խէք, ժո­ղովուրդ մը իր բնօր­րա­նէն տար­հա­նէք կա­տարո­ւածը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է»։

Թուրքիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խարար Հա­քան Ֆի­տան Թրամ­բի այս առա­ջար­կը որա­կեց «Ան­տա­ռի կա­նոն» ըլ­լա­լով։ Այդ ըսե­լու պա­հուն չմտա­բերեց ան­գամ թէ այդ նոյն ան­տա­ռի կա­նոնով ար­ցա­խահա­յու­թիւնը աք­սո­րուե­ցաւ իր պատ­մա­կան հայ­րե­նիքէն։ Նոյնն էր կա­տարո­ւածը 1938-ին, Տէր­սի­մի մէջ։ Հոն ալ ալի­ւիադա­ւան ղը­զըլ­պաշ հա­սարա­կու­թիւնը նախ են­թարկուեցաւ զան­գո­ւածա­յին սպան­դի եւ ապա վե­րապ­րողներն ալ պար­տա­դիր գաղ­թի են­թարկո­ւեցան։

Մի­ջաց­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու եւ դի­ւանա­գիտու­թեան մէջ ոչ մէկ խօսք, մարմնի ոչ մէկ շար­ժում սխալ­մամբ, թե­րացու­մով կամ աննպա­տակ կը կա­տարո­ւի։ Ընդ հա­կառա­կը ամէն բառ, ամէն շար­ժում ու­նի իր յա­տուկ նշա­նակու­թիւնը։ Յի­շենք Թրամ­բի երթմնա­կալու­թեան հան­դէ­սին Իլըն Մաս­քի նացիա­կան բա­րեւը։ Այդ շար­ժումը պատ­գամ մըն էր իր կար­գին, որուն բա­ցայայ­տումնե­րը տե­սանե­լի կը դառ­նան Թրամ­բի յայ­տա­րարու­թիւննե­րով։ Ան վեր­ջերս իր երկրի կա­տարած զի­նուո­րական օժան­դա­կու­թեան հա­տու­ցումը պա­հան­ջեց սպառ­նա­լով Ուքրա­նիոյ բնա­կան պա­շար­նե­րուն։

Հուսկ Թրամ­բի ան­հե­թեթ ելոյթնե­րը սահ­մա­նուած չեն իր տգի­տու­թեամբ։ Ան կը ներ­կա­յաց­նէ աշ­խարհի նոր ձե­ւաչա­փը՝ ըստ որու իրա­ւունքը զօ­րաւո­րինն է։ Մայրս կ՚ըսէր. «Ըսէ ըն­կերդ, ըսեմ ով ըլ­լալդ»։ Թրամբ իր ներ­կա­յացու­ցած կեր­պա­րին մէջ կողք կող­քի է Վլա­տիմիր Փու­թի­նի, Թուրքիոյ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի, Ատրպէյ­ճա­նի Նա­խագահ Ալիեւի եւ նման­նե­րուն հետ։ Մար­դիկ, որոնք ամ­բողջա­պէս կը ձայ­նակցին անոր վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեան եւ կ՚ու­զեն իրենք ալ, իրենց սահ­մա­նին մէջ կրկնօ­րինա­կել նոյ­նը։

Ու­րիշ ինչպէ՞ս պատ­մենք նէօօս­մա­նական երա­զան­քը։

Վտան­գո­ւածը ո՛չ թէ որոշ եր­կիրներ կամ որոշ սե­րունդներ են, այլ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թիւնը իր ապա­գայ սե­րունդնե­րով հանդերձ։