Ես կ՚երազեմ անիրականանալի բաներու մասին

Գրող Դաւիթ Սամուէլեանի հետ գրական առաջին քայլերու, ոգեշնչման, երազանքներու, ժամանակակից հայ գրականութեան եւ խորհուրդներու մասին։

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Մ.Յ.- Պատ­մէք առա­ջին քայ­լերն ու առա­ջին տո­ղերը։

Առա­ջին քայ­լե­րը եղած են դպրո­ցական տա­րինե­րուն, բայց անոնք չգի­տակ­ցո­ւած, զգա­յական ապ­րումնե­րու ինչ-որ ծա­ծուկ ար­տա­յայ­տումներ էին, որ­մէ ետք եր­կար ժա­մանակ լռու­թիւն էր։ Իսկ ար­դէն ու­սա­նողա­կան վեր­ջին տա­րինե­րուն, աւե­լի ճիշդ՝ 2005 թ., գրո­ւեցաւ առա­ջին բա­նաս­տեղծու­թեան առա­ջին տո­ղը՝ ‹‹Իմ խա­ւար հո­գու լու­սէ մի երազ› (տպագ­րո­ւեցաւ հա­մալ­սա­րանա­կան թեր­թին)›, եւ տա­րիներ ետք (2009թ.) լոյս տե­սած, բայց ըն­թերցող լայն հան­րութեան դա­տին չյանձնո­ւած բա­նաս­տեղծա­կան փոք­րիկ ժո­ղովա­ծուն ու­նե­ցաւ հէնց ‹‹Լոյ­սէ երազ›› խո­րագի­րը։

Մ.Յ.- Ին­չո՞վ կը ոգեշնչո­ւի գրող Դա­ւիթ Սա­մուէ­լեանը։

Տա­րինե­րու հետ ոգեշնչումնե­րը փո­խուած են, անոնք կը փո­խուին նաեւ ըսե­լիքով պայ­մա­նաւո­րուած։ Պոէզիայի եւ բա­նաս­տեղծա­կան ար­ձա­կի պա­րագա­յին հոյ­զերն ու կեան­քի, մարդկանց մա­սին ներ­քին հա­յեցումներ ու մտո­րումներ են, անձնա­կան ապ­րումնե­րու՝ ընդհա­նուր, մարդկա­յին հո­գեվի­ճակ­նե­րու հետ հա­մադրման ար­դիւնքին ստեղ­ծո­ւող գոր­ծե­րը (‹‹Ան եւ անոր..››, ‹‹Ար­տա­գաղ­թած կա­րօտ››, ‹‹Ու­նայնու­թիւն ըստ սէ­րերի››), իսկ ար­ձա­կի դէպ­քին այլ է, եր­բեմն ան­գամ ոչ թէ ոգեշնչու­մը կա­րեւոր է, այլ թե­մայի կա­րեւո­րու­մը, սիւ­ժէն, կեր­պարնե­րու ար­ժա­նահա­ւատու­թիւնը ու ըսե­լիքի ար­դիակա­նու­թիւնը (Զո­րօրի­նակ՝ ‹‹Զգու­շա­ցէք, դռնե­րը չեն փակ­ւում›› գիր­քը, որ գրո­ւած էր հա­մավա­րակի օրե­րուն եւ անոր ըն­թացքին սի­րոյ մա­սին, ժա­մանա­կի խնդրի, իրա­վիճա­կին դի­մակա­յելու մա­սին է։ Ան հե­տաքրքիր է այ­սօ­րուայ մար­դուն, այ­սօ­րուայ ըն­թերցո­ղին հե­տաքրքիր է, թէ իր ժա­մանակ ապ­րող գրո­ղը ինչպէս կը մօ­տենայ խնդիր­նե­րուն, այդ պատ­ճա­ռով է հա­ւանա­բար, որ գիր­քը ար­դէն թարգմա­նուած է անգլե­րէն եւ արա­բերէն)։ Այս դէպ­քին աւե­լի շատ աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջո­ւի, քան թէ ոգեշնչում։

Մ.Յ.- Եթէ այ­սօ­րուայ Հա­յաս­տա­նի մա­սին գիրք գրե­լու ըլ­լաք, ի՞նչ կ՚ըլ­լար վեր­նա­գիրը։

Դժո­ւար հարց է, քա­նի որ ես գիր­քե­րը առա­ւել յա­ճախ կը վեր­նագրեմ վեր­ջում։ Աւե­լի շուտ եղած գրքե­րէն վեր­նագրած են միտքս կու գայ, օրի­նակ՝ Սեն­կե­ւիչի ‹‹Յօ՞ եր­թաս...››-ը, իսկ եթէ ինքս… ապա, հա­ւանա­բար ‹‹Ճա­նապարհ դէ­պի..››:

Յա­ւելեմ, որ իմ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու, առա­ւելա­պէս՝ պատ­մո­ւածքնե­րու մեծ մա­սը, հէնց ժա­մանա­կի Հա­յաս­տա­նի ոչ վաղ ան­ցեալի եւ ներ­կա­յի մա­սին են, անոր խնդիր­նե­րու, ձեռքբե­րումնե­րու կամ բաց­թո­ղումնե­րու (‹‹Ռո­դենի ձմե­ռը›› ‹‹հա­կաքա­ղաքա­կան›› ‹‹Չոր­րորդ փո­ղոց››):

Մ.Յ.- Եթէ հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­նայիք հան­դի­պելու հայ գրող­նե­րէն մէ­կուն, որո՞ւ հետ կը հան­դի­պէիք եւ ինչ խոր­հուրդ կը հարցնէիք։

Ես կը ցան­կա­նայի Վեր­նա­տանը յայտնո­ւիլ, որ միան­գա­մէն շա­տերուն տես­նէի։ Հար­ցեր չէի տար, ինչ-որ բան կամ շատ երե­ւոյթներ, պատ­ճառներ հասկնա­լու հա­մար յա­ճախ լուռ լսե­լուս աւե­լի շատ կը քա­ղես, կ՚իմաս­տա­նաս, քան երբ ան­դա­դար կը խօ­սիս։ Ես այն մտքին եմ, որ գրող­նե­րը իրենց ըսե­լիք­նե­րը ու խոր­հուրդնե­րը իրենց ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րու մի­ջոցով ար­դէն իսկ փո­խան­ցեն. կար­դա­ցող պէտք է։

Մ.Յ.- Ին­չի՞ մա­սին կը գրէ Դա­ւիթ Սա­մուէ­լեանը։

Զգա­յական աշ­խարհի, ար­տա­գաղ­թի ‹‹Հա­յելա­պատում››, ուրբա­նիզա­ցիայի, մարդկա­յին, մի­ջէթ­նի­կական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու, մարդկա­յին էու­թեան ու ժա­մանակ­նե­րու մէջ քա­ղաքի, մօ­տեցումնե­րու, մտա­ծելա­կեր­պի փո­փոխու­թիւննե­րու, հա­կադ­րութիւննե­րու, կոր­սո­ւածի ու սպա­սելիք­նե­րու, յոյ­սե­րու ու յու­շե­րու մա­սին։ Հա­ւանա­բար այդ բա­ներու մա­սին, ինչ բո­լոր գրող­նե­րը, ուղղա­կի սե­փական տե­սան­կիւնէն ու սե­փական ձե­ռագի­րով։

Մ.Յ.- Ին­չի՞ մա­սին կ՚երա­զէ գրել Դա­ւիթը։

Ես կ՚երա­զեմ անի­րակա­նանա­լի բա­ներու մա­սին, երա­զանքնե­րը աւե­լի ներ­քին, վեհ, իրա­կանու­թե­նէն վեր ու չբարձրա­ձայ­նո­ւող բա­ներ են։ Եթէ գաղտնիք մը բա­նամ, ապա կը մտա­ծեմ (ար­դէն սկսած եմ գրել) ու­ղեգրա­կան ժան­րի իրա­պատում պատ­մո­ւածքնե­րու ժո­ղովա­ծոյ կազ­մե­լու մա­սին։

Մ.Յ.- Ժա­մանա­կակից հայ գրա­կանու­թիւնը կը պա­հէ՞ դա­սակա­նու­թիւնը։

Ժա­մանա­կակից մար­դուն նոր մօ­տեցումնե­րով պէտք է հրամցնել գրա­կանու­թիւնը։ Գե­ղարո­ւես­տա­կան գրա­կանու­թիւնը այ­լեւս տե­ղեկու­թիւն կամ գի­տելիք ստա­նալու մի­ջոց չէ, աւե­լի ճիշդ՝ միակը կամ առա­ջինը չէ, հա­մացան­ցի արա­գահոս դա­րին այ­լեւս դժո­ւար է եր­կա­րաշունչ կամ հաս­տա­փոր գրքե­րով մարդկանց տա­նիլ դէ­պի ըն­թերցա­նու­թիւն։ Ըսե­լիքի եւ ոճի ու­րոյն ու տար­բե­րուող ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններ պէտք են, որոնք թէ հե­տաքրքիր կ՚ըլ­լան եւ թէ մար­դուն կը մօ­տեց­նեն գիր­քին այնպէս, որ ան չստո­րադա­սէ գիրք կար­դա­լը թատ­րոն, ֆիլմ, սե­րիալ դի­տելէն, երաժշտու­թիւն լսե­լէն կամ մշա­կու­թա­յին ժա­ման­ցի այլ տե­սակ­նե­րէն։ Բան մը ակնյայտ է. դա­սական գրա­կանու­թիւն չըն­թերցած մար­դը չի կա­րող լաւ գրել, չի կա­րող ապա­հովել ին­տերտեքստո­ւալու­թիւն։ Բայց, անոր հան­դերձ, պէտք է իր նո­րու­թիւն բե­րէ գրա­կանու­թիւն ըսե­լիքի ձե­ւի ու ոճի մի­ջոցով։ Այ­սօր հայ­կա­կան գրա­դաշ­տը ազատ է, ամէն տե­սակ գիր­քեր ալ կը հրա­տարա­կուին, բայց լա­ւագոյն ‹‹դա­տաւո­րը›› ժա­մանակն է…

Մ.Յ.- Ձեր վեր­ջին գիր­քը՞։

Ան­ցած տա­րի լոյս տե­սած է, ‹‹Մո­ռացուած երկրի զան­գե­րը›› վեր­նագրո­ւած վէ­պը։ Ան պատ­մութիւն է մար­դու մա­սին, որու ամ­բողջ կեան­քը փոր­ձութիւննե­րու յաղ­թա­հարում էր յա­նուն երա­զան­քի, եւ այդ երա­զան­քի դժո­ւարին ու­ղին կը ծա­ւալո­ւի մի փոք­րիկ գիւ­ղէն մին­չեւ մեծ քա­ղաք՝ հան­դի­պելով պա­տերազ­մի ար­հա­ւիրքնե­րուն, պա­տերազմ, որուն ան կը յայտնո­ւի դէպ­քե­րու բե­րու­մով։ Վէ­պին նկա­րագ­րո­ւած են 20-րդ դա­րին Նա­խիջե­ւանին տի­րող մի­ջէթ­նի­կական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, նա­խապա­տերազ­մա­կան եւ յետ­պա­տերազ­մա­կան կեան­քի դժո­ւարու­թիւննե­րը, փո­փոխու­թիւննե­րը ու լա­րուա­ծու­թիւնը։ Վէ­պի հե­րոսի անձնա­կան պատ­մութիւ­նը սեր­տօ­րէն կա­պուած է հայ ժո­ղովուրդի ճա­կատագ­րի հետ. պատ­մութեան բարդ էջե­րը կ՚անցնին ան­հա­տի կեան­քի փրիզ­մա­յով՝ ար­տա­ցոլե­լով պատ­մա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րու ազ­դե­ցու­թիւնը սո­վորա­կան մարդկանց կեան­քին։

Մ.Յ.- Հինգ գիրք, որ խոր­հուրդ կու տա­յիք «Ակօս»ի ըն­թերցո­ղին՝ հա­շուի առ­նե­լով բնա­կու­թեան վայրն ու աշ­խարհա­քաղա­քական իրո­ղու­թիւնը։

Մի շատ հե­տաքրքիր գիրք կայ՝ Ջո­նաթան Քոն­լի­նի ‹‹Պա­րոն հինգ տո­կոսը››, որ կը պատ­մէ Գա­լուստ Կիւլպեն­քեանի ան­ցած կեան­քի ու­ղիի եւ յա­ջողու­թիւննե­րու մա­սին։

Շա­հան Շահ­նուրի ‹‹Նա­հան­ջը առանց եր­գի›› վէ­պը, որուն հե­ղինա­կը կ՚ահա­զան­գէ սփիւռքա­հայե­րու ու­ծացման ու այ­լա­սեր­ման վտան­գի մա­սին։ Շահ­նուրի վէ­պը հա­մամարդկա­յին է, դրա­նով կը պատ­կե­րուի 20-ական թո­ւական­նե­րու փա­րիզեան կեան­քը՝ իր բար­դութիւննե­րով, տրա­մադի­քական, մարդկա­յին այ­լա­զան յա­րաբե­րու­թիւննե­րով եւ անբնա­կան ըն­թացքով։

Գէոր­գի Կիւրճիեւի հե­ղինա­կած ‹‹Հան­դի­պումներ յի­շար­ժան մարդկանց հետ›› գիր­քը, Սեր­կէյ Փա­րաճա­նովի ‹‹Պատ­մո­ւածքներ եւ սցե­նար­ներ››ը եւ Հրաչ Քրմզեանի «Arrivé d’ailleurs: Le destin d’une vie» վեր­նա­գիրով գիր­քը կը ներ­կա­յաց­նէ Պա­լեան հռչա­կաւոր ըն­տա­նիքի պատ­մութիւ­նը ու օս­մա­նեան սուլթան­նե­րու հա­մար անոնց կա­ռու­ցած շքեղ պա­լատ­նե­րը, Կ. Պոլ­սի դէմ­քը կազ­մող հան­րա­յին նշա­նակու­թեան կա­ռոյցնե­րը, դամ­բա­րան­նե­րը, կրօ­նական ու ար­տադրա­կան շի­նու­թիւննե­րը, զօ­րանոց­նե­րը եւ այլն…։

Բա­ցի այս գիր­քե­րը, կը ցան­կա­նամ, որ անոնց սե­ղանի գիր­քը ըլ­լայ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի ‹‹Մա­տեան ող­բերգու­թիւն››-ը, Չա­րեն­ցի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը ու Սաս­նայ ծռեր էպո­սը։

Յու­սամ, օր մը առիթ կ՚ու­նե­նան նաեւ իմ գրքե­րէն որոշ­նե­րը, թէ­կուզ թարգմա­նաբար, կար­դա­լու։

Մ.Յ.- Ի՞նչ կը մաղ­թէք «Ակօս»ի ըն­թերցո­ղին։

Կա­րեւո­րելով ու ար­ժե­ւորե­լով «Ակօս»ի խմբագ­րա­կազ­մի կող­մէն կա­տարո­ւող աշ­խա­տան­քը՝ կը մաղ­թեմ, որ մշտա­պէս ըլ­լան կա­մուրջ հայ մշա­կու­թա­յին եւ հա­սարա­կական կեան­քի, այդպի­սով տե­ղի հայ ըն­թերցող­նե­րուն տա­լով հնա­րաւո­րու­թիւն յաղ­թա­հարե­լու ազ­գակցա­յին հե­ռաւո­րու­թիւննե­րը։ Ըն­թերցող­նե­րուն կը մաղ­թեմ հե­տաքրքիր յօ­դուած­ներ ու նիւ­թեր, բայ­ցեւ հե­տեւո­ղակա­նու­թիւն, քան­զի թեր­թե­րը, ինչպէս եւ գիր­քե­րը, ինքնին, առանց ըն­թերցող­նե­րու անօ­գուտ են, յա­ճախ ալ ինքնան­պա­տակ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ