«Ցանկացած ելեւմտական,
տնտեսական քաղաքականութիւն
դատապարտուած է ձախողման,
երբ երկիրը ծերանում է»:
Միշել Դեբրէ
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Իւրաքանչիւր երկրի, քաղաքի, գիւղի իրական հմայքը անոր շինութիւնները չեն, այլ բնակիչները, որոնց աճն ու բազմացումը ցանկալի ըլլալով կը դառնայ նպատակ՝ հաշուի առնելով տարբեր հիւանդութիւններու, արկածներու պատճառով կորուստները։ Բնակիչներու շրջանին է, որ կը ծնուի ու կը զարգանայ զանազան ուղղութեան գաղափարախօսութիւններ ու մտաւոր հոսանքներ։ Աւելի քան հարիւր տարի առաջ էր, երբ սկիզբ առին քաղաքական ձախակողմեան գաղափարի թեքումով խմբակներ, որոնք իրենց բնոյթով թէ համոզմունքով տարբեր ու հակադրուած գործիչներ էին, այլ ընկալում ունէին առօրեայ իրականութեան մեծ կամ փոքր իրադարձութիւններու նկատմամբ։ Այլախոհութիւն չէր նպատակը, այլ երեւոյթներուն տարբեր գնահատական ու կշիռ տալ եւ զանազան համոզումներու հիմունքով՝ փոխել սեփական ապրելակերպը, մտայնութիւնը կենցաղը՝ ներշնչուած ազատ խօսքի իրաւունքի առկայութեամբ։
Բազում եւ բազմազան էին նորաստեղծ խումբերը «մտահոգուելով», ձգտելով հիւլէական ռումբերու ու կայաններու արգելմանը, բնապահպանութեան հարցերու վերանայումին, նոյնիսկ կոկորդիլոսներուն բարենպաստ պայման ստեղծելու անհրաժեշտութեամբ։ Անոնք յայտնի են WOKE (առաջադէմ արթնացում) անուան տակ, որոնցմէ է նաեւ «No kids» (ոչ երախայ) հոսանքը, որոնց քարոզին հետեւողներու հիմնական ցանկութիւնը, թելադրանքը ու պահանջն է՝ կանանց համոզել, որ մերժեն ծննդաբերումը, զաւակ չունենան. աւելի ազատ ժամանակ տրամադրեն վայելքներուն, այսինքն՝ դադարել կին ըլլալէ։ Որքան որ տարօրինակ թուայ քարոզը՝ այն լսուեցաւ, տարածուեցաւ եւ ունեցաւ, ի սփիւռս աշխարհի, մեծաթիւ հետեւորդներ։
Որոշ երկրներու ղեկավար-պատասխանատուներու համար երեւոյթը մտահոգող էր՝ բնակչութեան աճի զգալի նուազումի պատճառով. Ֆրանսա, ուր բարեկեցիկ կեանքը համեմատաբար ապահով է, չկայ պատերազմ ու համաճարակ, իսկ առողջապահական համակարգը պարկեշտ մակարդակի ու արտագաղթը բացակայ, ծննդաբերութեան անկումը՝ պաշտօնապէս եղած է 150 հազար՝ 2010 եւ 2023-ի միջեւ։ Պետութեան տագնապի ազդարարուած կոչերը անդադար կը յիշեցնեն, որ նշուած անկումը բնակչութեան 0,03% կը կազմէ եւ պէտք է պայքարիլ այդ նուաստ երեւոյթի դէմ։
Առակս զի՞նչ ցուցանէ:
Մեր հայրենաբնակ քոյրերն ու դուստրերը եւս, ցաւօ՛ք, վարակուած ու կը տառապեն զաւակ չունենալու այդ ախտով եւ կը սահմանափակուին ոչ աւելի քան մէկ կամ երկու զաւակով՝(էգ ըլլալու դէպքին զայն վիժեցնելու պայմանով ) բացառութիւնները անշուշտ յարգելի են։ Յայտնի փաստ է, որ երկու զաւակով բնակիչներու աճ չի կրնար ըլլալ, քանզի երկու զաւակը կը փոխարինեն ըստ քանակի ծնողներուն, իսկ ենթադրել մահացութեան պարագային վստահ թերաճ կ՚ըլլայ։
Երախայ ունենալու գաղափարը ժխտողները երբեւէ դոյզն հոգս ու կարծիք անգամ չունին, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ միջոցներով անհրաժեշտ է ապահովել ապագայ սերունդներու բարգաւաճումը, քանզի նշուած քայլերը նպատակի հետ համատեղելի չեն, այլ հակասական։
Շատ երկրներ, ծննդաբերութիւնները քաջալերելու նպատակով, տարբեր տեսակի նպաստներ սահմանած են եւ այն կը յատկացնեն նորածիններուն, որ ուղղուած են քաջալերել մայրացած կանանց, զաւակի հետ կապուած ծախսերուն։ Սխալ չէր ըլլար, եթէ դպրոցական դասընթացներուն, յղիութեան վիժումի դիպուածը, մատուցուէր պարմանուհիներուն, գերագոյն յանցագործութիւն ըլլալու իմաստով՝ հիմք ունենալով անժխտելի հանգամանք մը, որ սաղմը արդէն կենդանի էակ է եւ անձեռնմխելի, իսկ արարքը՝ ոճիր։
Աներկբայ է, որ մեր երկրի ազգագրական խնդիրները աւելի բարդ են, սուր եւ խճճուած, մինչեւ իսկ ծայրայեղ անհանգստացնող ու դժուարալուծելի, ուր կանանց վերոնշեալ խնդրի հետ ունինք ստիպողական պատերազմի զոհերը եւ սարսափելի արտագաղթը, որ վերջ-դադար չունի. բնակչութեան նուազումը մինչեւ 30% հասցնելով որ աննախադէպ կսկծալի փաստ է։
Անհերքելի է, որ մտայնութեան մեծ յեղափոխութեան կարիք ու պահանջ կայ բնակչութեան որոշ խաւերուն եւ այն չի բռնկուեր ինքնուրոյն։ Պետութիւնը հսկայական ընելիքներ ունի այդ ասպարէզին, մինչեւ իսկ տուն դարձի քայլեր ձեռնարկելով, որ բազում խնդիրներու հետ կապուած է՝ տնտեսական թէ բարոյական։ Մէկ բան ստոյգ է, որ այդ խնդիրը մի անկիւն նետելիք չէ, այլ յատուկ ուշադրութեան արժանի, բարձր մակարդակի ակնկալիքով լուծումներ յայտնաբերելու։
Առեղծուածային հարց մը կը ծագի, թէ հազարամեակ ապրելով օսմանցիներու, պարսիկներու, ռուսներու լուծի ներքոյ հայերը մնացին կառչած իրենց հողի ու ընտանի պարագաներուն՝ առանց գաղթելու մտադրութեան գերի դառնալու, բացի հատ ու կենտ դէպքերէն, որոնք կապուած էին առեւտուրի գործունէութեան, իսկ եղեռնի հետ կապուած ջարդն ու աքսորը որեւէ աղերս չունին մեր կամքի ու ցանկութիւններու հետ, որուն հարկ չկայ անդրադառնալու. այն յայտնի է ամէնքին եւ որեւէ կապ չունին երկիր լքելու հետ, այլ փախուստ էր կեանք փրկելու բնազդով։
Արտագաղթի չարիքը հսկայական չափերու հասաւ, երբ ի վերջոյ ունեցանք ազատ եւ անկախ պետութիւն, երկիրը վերակառուցելու հնարաւորութիւն ու պահանջ, որ սերտ կապուած էին անխուսափելի դժուարալոյծ խնդիրներուն, եւ երկնային առիթը մեզ էր տրուած, որ ի վերջոյ համայն հայութիւնը համախմբուած, թեւերը քշտելով գործի անցնի, բայց աւա՜ղ, փոխարէնը երկրին ծնունդ առան, զարգացան ու բազմացան բազմաթիւ, բազմաբեւեռ հին ու նոր կուսակցութիւններ, որոնց ոչ կարիքն ունէինք եւ ոչ պահանջը, քանզի փաստերը յայտնի են, որ եղեռնէն առաջ եւ յետոյ հայ քաղաքական գործիչները ոչ մէկ դրական արդիւնքի հասած են բազում ատեաններուն, ուր հայկական հարցը կը քննարկէին եւ այդ կը շարունակէին մինչ օրս։
Մտադիր չեմ որեւէ յանցաւոր ու մեղադրեալ փնտռել, միայն կ՝ուզեմ հասկնալ, թէ երբ պիտի դադարինք միմեանց միս ուտել եւ կոկորդ կրծել։
Այդ չէր հայի երազանքը: