Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 7 Փետրուար 2025 թուի նիստին նկատի ունեցաւ ԻԹԻՄԱԹ ՊԻՒՌՈՅԻ մասին վերջերս համացանցի վրայ տեղ գտած Տիար Կարօ Գաբրիէլեանի պնդումները ընդառաջելով Արժ. Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեանի գրաւոր դիմումին, որով կը խնդրէր նիւթին քննարկումը։
Ժողովական հայրերը որոշեցին կազմել խառն յանձնախումբ մը, որուն պիտի անդամակցին Պատկ. Կրօնական Ժողովի, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի եւ ԷՐՎԱՊԻ Տնտեսական Խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Սոյն յանձնախումբը 11 Փետրուար 2025, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին ժողովի կը հրաւիրէ Տիար Կարօ Գաբրիէլեանը, որպէսզի գայ ու ներկայացնէ իր ամբաստանութեան համազօր պնդումները իր հետ ունենալով կատարած պնդումներուն հետ առընչուած փաստաթուղթերը։
Նաեւ ժողովական հայրերը կոչ կ՚ընեն համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ անհատներուն որպէսզի իրենց գանգատները կամ պնդումները ներկայացնելու ի ձեռին ունենալով իրենց փաստաթուղթերը։
Ժողովը նաեւ պիտի քննարկէ եղած զանազան յայտարարութեանց եւ ամբաստանութեանց ճշգրտութիւնը։