6Փետրուար ուրբաթ, Բովանդակ Թուրքիա կը վերյիշէ երկու տարի առաջ պատահած ահռելի երկրաշարժի զոհերը։ Այդ օր սաստիկ երկրաշարժի հետեւանքով 11 քաղաքներէ ներս բազմաթիւ շէնքեր փուլ եկան եւ բիւրաւոր մարդիկ այդ փլատակներու տակ աւանդեցին իրենց վերջին շունչը։ Երկրաշարժէն ետք տիրող ընդհանուր պատկերը ճարահատութիւնն էր, քանի որ մարդիկ անզօր կը մնային առանց համապատասխան թեխնիքական սարքերու, իրենց ձեռքի ուժով գոյացած կոյտը հեռացնելու եւ անոր տակ կենդանի կեանքեր փրկելու գերմարդկային ջանքերուն մէջ։
Աղէտէն ետք իշխանութիւնները քննադատուեցան բանակը օգնութեան կանչելու մէջ թերանալու համար։
Իսկապէս ալ Թուրքիոյ Զինեալ Ուժերը ունէին այդ թեխնիքական կարողութիւնները, բայց երկրի անկայուն քաղաքական հաւասարակշռութիւնները արգելք եղան այդ առիթէն օգտուելու համար։
Աւելի ուշ իշխանութեան շրջանակները այդ թերացումը խոստովանեցան «Բանակը զօրանոցէն դուրս հանելը դիւրին է, բայց ետ ղրկելը հարցական» ըսելով։
Նոյն շրջանակները խոստացան ամենակարճ ժամանակին վերակառուցել աւերուած քաղաքները։ Սակայն այս խոստումն ալ, ի դէմ շինարարական լուրջ արշաւներու չէ կրցած տալ ակնկալուած կամ խոստացուած արդիւնքը, քանի որ մինչեւ օրս տարբեր քաղաքներէ ներս բազում մարդիկ վրաններու կամ տոմիկներու խիստ անբաւարար պայմաններուն մէջ կը պայքարին եղանակի պարտադրած դժուարութիւնները յաղթահարելու։
Միւս կողմէն երկրաշարժը իշխանամէտ շինարարական ընկրեութիւններու համար նոր առիթներ ընդձեռեց։ Կառավարութիւնը հաստատեց «պահեստի տարածքներ»ու մասին օրէնք մը, ըստ որու իշխանութիւնները կրնան պետականացնել նոյնիսկ քաղաքացիներու սեփական կալուածները։ Նախորդ շաբաթ այդ օրէնքի գործադրութեան մտահոգիչ օրինակ մը ապրուեցաւ, երբ բոլորովին հայաբնակ Վաքըֆգիւղի շրջակայքին բաւական լայն տարածքներ եւս պետականացուեցան բազմայարկ բնակարաններ կառուցելու համար։
Այս որոշումը կը սպառնայ գիւղի դիմագծի պահպանման։ Բարեբախտաբար իշխանութիւնները նկատի ունեցան կատարուած բողոքը ու առայժմ հրաժարեցան այս որոշումէն։
Պարտինք յիշել թէ երկրաշարժին այսքան ծանր հետեւանքներ գոյացնելու ետին կան անկարգութեան զանազան դէպքեր։ Օրինակի համար բազմայարկ շէնքերու կից գործող կարգ մը խանութներ իրենց տարածքը ընդլայնելու միտումով անփութօրէն կոտրած են սիւներ, որ վտանգած է շէնքի սթաթիք կայունութիւնը։ Այս տեսակի անօրինութիւններու դէմ յարուցուած դատական հարցաքննութիւններու միայն չնչին մէկ մասը արժանացած է համապատասխան պատիժներու։
Երկրաշարժի Բ. տարելիցը բոլոր այս նիւթերուն վերստին արծարծման առիթ դարձաւ։
Նշենք նաեւ թէ մեծ աղէտի Բ. տարելիցի այս օրերուն անընդհատ ցնցումներով կ՚օրօրուի հարեւան երկիր Յունաստանը։ Մասնագէտներ յատկապէս Սանթորինի կղզիի վրայ կը նկատեն հրաբխային աշխոյժութիւն։ Չի բացառուիր թէ Հրաբխային ժայտքում մը, իր հետ կրնայ բերել նաեւ երկրաշարժ՝ որու հետեւանքները կ՚ապրին նաեւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի ծովամերձ շրջանները։