Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Պաքու տակաւին չէ պատասխա-նած Երեւանի` տարածաշրջանային ապաշրջափակման վերաբերեալ շուրջ 3 ամիսներ առաջ ներկայացուցած առաջարկներուն։
Փաշինեան դիտել տուաւ, թէ Հայաստան Ատրպէյճանին առաջարկած է սկիզբը երկաթուղային բեռնափոխադրութիւններ Սիւնիքով։ Ընդ որուն`նոյն սկզբունքով հայկական կողմը պնդած է նաեւ երկաթուղային բեռնափոխադրութիւններու կարելիութիւն Երասխէն Մեղրի։ Նախիջեւանի տարածքով։
Վարչապետը շեշտեց, որ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը, իրաւազօրութիւնը եւ տարածքային ամ-բողջականութիւնը տարանցման համար խոչընդոտ չեն կրնար նկատուիլ։ Արդարեւ, Ատրպէյճա-նի նախագահը բազմաթիւ անգամներ պնդած է, նոյնիսկ սպառնացած է Սիւնիքով անխոչըն-դոտ, առանց ստուգումներու ճամբու բացում դէպի Նախիջեւան։