Երբ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ հետզհետէ աւելի կը բարձրաձայնեն կանխահաս ընտրութեան մը պահանջը, իշխանութեան շրջանակներն ալ ալ աւելի կը սաստկացնեն դատարաններու միջոցաւ գործադրուած ճնշումները։ Նոյնիսկ այդ ճնշումները հետզհետէ կը վերածուին ծիծաղելի մեղադրանքներու։ Այդ ծիրէն ներս դերասանուհի Մելիսա Սէօզեն 10 տարի առաջ նկարահանած ժապաւէնի մը պատճառաւ կ՚ամբաստանուի ահաբեկչութեան քարոզչութիւնով։ Դատախազութիւնը կը պնդէ թէ ան ֆրանսական արտադրութիւն սերիալի մը մէջ մարմնաւորած էր ԵՓԺ-ի մարտիկի մը կերպարը։
Նոյնքան ծիծաղելի կերպով օրակարգի կը բերուի 12 տարիներ առաջ պատահած «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերը, որմէ դատարանները կը փորձեն գործող կառավարութիւնը գահընկէց ընելու փաստեր ձեռքբերել։
Ալ չենք խօսիր նախագահը անարգելու մեղադրանքով յարուցուած բազմաթիւ դատերու մասին, որոնց մեղադրեալները մերթ քաղաքական գործիչներ են, մերթ ալ հասարակ մարդիկ կամ նոյնիսկ անչափահաս պատանիներ։ Շատեր կը դժուարանան այս միջավայրի բացատրութիւնը մեկնաբանելէ եւ ընդհանրապէս կը համաձայնին թէ կառավարութիւնը տիրող ահրեի սղաճի դէմ կը փորձէ երկրի օրակարգը շեղել դէպի այլ խնդիրներ։
Ամէն պարագայի տնտեսական ճգնաժամի առումով Թուրքիա կը շարունակէ մնալ աշխարհի ամենաանկայուն քանի մը երկիրներու կարգին։