ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Խաբկանք ու թալան

«Ապահովել հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը» Հայաստանի Հանրապետու­թեան Բ. Նա­­խագահ Ռո­­պէրթ Քո­­չարեան այս բնա­­բանով յայ­­տա­­­րարած էր երկրի ար­­տա­­­քին քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը։ Լո­­պիական ճնշումնե­­րով բա­­նաձե­­ւեր պի­­տի տրո­­ւէր աշ­­խարհի տար­­բեր եր­­կիրնե­­րու խորհրդա­­րան­­նե­­­րուն, որ­­պէսզի անոնք նիւ­­թը քննար­­կեն եւ ար­­դիւնքին ալ հաս­­տա­­­տեն մե­­զի հա­­մար ցան­­կա­­­լի որո­­շու­­մը։

Ճիշդ է որ այդ ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը տո­­ւաւ որոշ յա­­ջողու­­թիւն։ Տար­­բեր եր­­կիրներ ներ­­կա­­­յացո­­ւած բա­­նաձե­­ւը քո­ւէար­­կե­­­ցին ի նպաստ նա­­խագի­­ծը օրա­­կար­­գի բե­­րող­­նե­­­րուն։ Անոնց մէջ յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի «Պունտես­­թակ»ի որո­­շու­­մը, քա­­նի որ այնտեղ բա­­նաձե­­ւը խորհրդա­­րան բե­­րած էր Գեր­­մա­­­նական Ազ­­գա­­­յին Ժո­­ղովի թուրք պատ­­գա­­­մաւորը՝ Կա­­նաչ­­նե­­­րու կու­­սակցու­­թե­­­նէն Ճեմ Էօզ­­տե­­­միր։ Այդ որո­­շու­­մի մի այլ յատ­­կութիւնն ալ, 1915 թո­­ւի կո­­տորած­­նե­­­րուն մէջ օրո­­ւայ գեր­­մա­­­նական դի­­ւանա­­գիտու­­թեան պա­­տաս­­խա­­­նատ­­ւութեան յստակ կեր­­պով ընդգծումն է։ Սա պե­­տու­­թեան անու­­նով առա­­ջին յստակ խոս­­տո­­­վանու­­թիւն էր նաեւ։

Դի­­տենք մե­­տայ­­լին դար­­ձե­­­րեսը։ Այդ նոյն տա­­րինե­­րուն, առա­­ջադ­­րո­­­ւած բա­­նաձե­­ւը վա­­ւերաց­­նողնե­­րու կող­­քին կա­­յին նաեւ մեր­­ժողներ ալ։ Օրի­­նակ բե­­րենք Ֆրան­­սա­­­յի խորհրդա­­րանը։ Այդ կա­­ռոյ­­ցը մին­­չեւ որ հաս­­տա­­­տէ կա­­տարո­­ւածին ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն ըլ­­լա­­­լը, նա­­խապէս քա­­նի քա­­նի ան­­գամներ մեր­­ժած էր զայն, լոկ առեւտրա­­կան մտա­­հոգու­­թիւննե­­րով։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր ան­­գամ որ բա­­նաձե­­ւը կը մեր­­ժո­­­ւէր, Ֆրան­­սա հսկա­­յական պա­­տուէր­­ներ կը ստա­­նար Թուրքիայէն։ Այդ պա­­տուէր­­նե­­­րը մերթ ցե­­մեն­­տի հսկայ գոր­­ծա­­­րանի մը կա­­ռու­­ցումը կ՛ըլ­­լար, մերթ ալ ռազ­­մա­­­կան ուղղա­­թիռ­­նե­­­րու վա­­ճառ­­քի մա­­սին հա­­մաձայ­­նութիւն մը։

Վեր­­ջա­­­պէս եւ­­րո­­­պացի­­ներ իրենց շա­­հերը գե­­րազան­­ցե­­­լով յա­­ճախ կը հրա­­ժարէին հա­­յոց դէմ կա­­տարո­­ւած­­նե­­­րը ար­­դար, իրա­­ւացի ու ճշգրիտ բնու­­թագրե­­լէ ։ Մեր­­ժո­­­ղական բնոյ­­թով իւ­­րա­­­քան­­չիւր որո­­շու­­մէն ետք կրկին կը ցա­­ւեր հայ ժո­­ղովուրդի ան­­մեղ զո­­հերու յի­­շատա­­կը։

Միւս կող­­մէ Քո­­չարեանի նա­­խագա­­հու­­թեան շրջա­­նին ար­­տա­­­գաղթ կո­­չեալ աղէ­­տը հա­­սաւ պատ­­մութեան ամե­­նաբարձր հա­­մեմա­­տու­­թիւննե­­րու։ Ազ­­գա­­­յին Ժո­­ղովի ոճի­­րէն, Մար­­տի Մէ­­կի դէպ­­քե­­­րէն եւ Առա­­գաստ ճա­­շարա­­նի սպա­­նու­­թե­­­նէն ետք հայ­­րե­­­նի երկրի բնա­­կիչ­­նե­­­րը բո­­լորո­­վին հիաս­­թա­­­փուած ու յու­­սալքո­­ւած կը լքէին հա­­րազատ եր­­կի­­­րը, նոր բախտ որո­­նելու հա­­մար օտար ափե­­րու վրայ։

Քո­­չարեանի եւ ապա Սերժ Սար­­գի­­­սեանի նա­­խագա­­հու­­թեան տա­­րինե­­րուն ահ­­ռե­­­լի կեր­­պով վե­­րըն­­ձիւղո­­ւեց խորհրդա­­յին տա­­րինե­­րէն փո­­խադ­­րո­­­ւած կա­­շառա­­կերու­­թիւնը։ Մէկ կող­­մէ «Հա­­յաս­­տան- սփիւռք» հա­­մաժո­­ղով­­նե­­­րու ըն­­թացքին սփիւռքա­­հայու­­թիւնը կը հրա­­ւիրո­­ւէր հայ­­րե­­­նի երկրի մէջ ներդրում ու­­նե­­­նալու, միւս կող­­մէ այդ կո­­չին ար­­ձա­­­գան­­գողնե­­րը կը հար­­կադրո­­ւէին իշ­­խա­­­նու­­թեան մեր­­ձա­­­կայ օլի­­կարխնե­­րու բա­­ժին տա­­լու։

Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մի­­ջազ­­գա­­­յին ճա­­նաչու­­մը նպա­­տակադ­­րած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը տե­­սակ մը քօ­­ղար­­կումն էր երկրէ ներս տի­­րող ան­­կարգու­­թիւննե­­րու, նոյ­­նիսկ հետզհե­­տէ աւա­­զակու­­թիւննե­­րու։

Թաւ­­շեայ յե­­ղափո­­խու­­թիւնը հայ ժո­­ղովուրդի ապ­­տակն էր այդ խաբ­­կանքին ու կո­­ղոպու­­տին, որ 30 տա­­րի անց ձայն կը բարձրաց­­ներ կու­­տա­­­կուած յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րու դէմ։

Ցա­­ւալի է տես­­նել թէ դա­­րաւոր աւանդ ու­­նե­­­ցող քա­­ղաքա­­կան կու­­սակցու­­թիւններ զուրկ են հա­­մաշ­­խարհա­­յին նոր զար­­գա­­­ցումնե­­րը մեկ­­նա­­­բանե­­լէ։ Ընդհա­­կառակ, թե­­րատի տղու մը միամ­­տութեամբ, յոյ­­սերնին կա­­պած են թուրքի սայ­­թա­­­քու­­մին։ Չեն հասկցած որ չա­­րիք կա­­մենա­­լը ոչ մէկ օգուտ ու­­նի հա­­յուն։

Շատ սուղ պի­­տի ար­­ժէ թաւ­­շեայ յե­­ղափո­­խու­­թեան առ­­թած յոյ­­սի նշոյ­­լին եւս ապար­­դիւն մնալը։