ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Հրդեհ

 

Ո՞ւր սկսաւ հրդեհը: Ո՞վ պատճառ եղաւ անոր: Ականատե՞ս կայ: Հաւանաբար: Իսկ, կարելի՞ է ստուգել, թէ ճիշդ ե՛րբ ծայր առեր է ան: Հապա՞ վնասը: Այս հարցումները պատասխանելու համար, պէտք է մանրազննին ստուգել ապացոյցերը, խօսիլ ականատես անհատներու հետ եւ հասնիլ անտարակուսելի եզրակացութեան: Յարգելի ընթերցող, իւրաքանչիւր հրդեհի համար կը նշանակենք հետազօտող մասնագէտ մը, որպէսզի գոհացուցիչ պատասխաններ ստանանք, աւելի կարեւորը՝ տուժածները ստանան արդար փոխհատուցում: Կասկած չկայ, թէ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած ողբերգական հրդեհներու համար բազմաթիւ քննիչներ արդէն պաշտօնի վրայ են: Իսկ ես որոշեցի հայկական գրական հրդեհներու քննութիւն մը կատարել, եւ հասկնալ, թէ ո՛վ պատճառ եղաւ որ փռնկի «հրդեհ» բառը: Կը փափաքիմ նաեւ գիտնալ անոր պատճառած վնասը, այսինքն ո՛ր բանաստեղծի սիրտը այրեցաւ, ո՛ր տաղասացի հոգին մոխիր դարձաւ: Ուստի, կ’առաջարկեմ, որ մենք հայոց քնարական աւերակներու վրայ քալենք, ընթերցենք գրաւոր վկայութիւններ եւ դեռ մխացող տողիկները զննելով հասկնանք «հրդեհ» բառի չմարած պատմութիւնը:

Կասկածելի հրդեհը

Թէեւ «հրդեհ» բառին մենք չենք հանդիպիր հայկական հնագոյն բանահիւսութեան մէջ, սակայն Վահագնը, մարտի եւ ամպրոպի մեր աստուածը ծանօթ էր անոր «հուր» արմատին, քանզի իր ծննդեան վայրկեանին մեր պատանեկիկը «Հուր հեր ունէր»: Այժմ, գիտենք, թէ «հրդեհ» բառի առաջին բաղադրիչը «հուր» է, իսկ «դեհ» կոչուածը՝ առեղծուածային: Ինչպէս բազմաթիւ հրդեհներու ծագումը անյայտ է, նոյնպէս ալ «դեհ» բառը կը մնայ որպէս անլուծելի հանելուկ՝ լեզուագէտ մեր այրերու համար: Նոր ժամանակներուն բառս նշանակեց ժողովրդական մեծ յուզմունք եւ ըսինք՝ «Յեղափոխութեան հրդեհը»: 19րդ դարուն արդէն դարձուածք էր ան. «Հրդեհի կերակուր դառնալ»: Իսկ ղարսեցի ինքնատիպ առակագիր Մկրտիչ Կորիւնը խրատական խօսք մը աւանդեց մեզի. «Յիմարը կրնայ ծովն ալ հրդեհել»:

Այրեցաւ երկրորդ հրեշտակը

Երբ տեսայ, թէ հայկական նախամաշտոցեան բանահիւսութեան մէջ կը բացակայի «հրդեհ» բառը, ես թերթեցի Սուրբ Գիրքը: Նկատեցի, թէ «հրդեհ» գոյականը մէկ անգամ գործածուեր է, իսկ «հրդեհել» բայը՝ չորս անգամ: Հետաքրքրական էին «բնութիւն հրդեհեալ» եւ «յակինթ հրդեհեալ» արտայայտութիւնները: Սակայն, զիս սարսափեցուց Յայտնութեան գիրքի մէջ յիշուած երկրորդ հրեշտակի պատկերը, թէ շեփոր մը պիտի հնչէր եւ ան այրող լերան մը նման պիտի իյնար ծով. «Երկրորդ հրեշտակն փողեաց, եւ իբրեւ զլեառն մի մեծ հրդեհեալ անկաւ ի ծով»:

Հրդեհի երկար լեզուն

Զարմանալի չէ, որ «հրդեհ» բառը աճեցաւ եւ կլանեց ամբողջ հայերէնը: Չէ՞ որ մեր լեզուն մրգաստան մըն էր, ինչպէս մեր երկիրն էր «դրախտ», այսինքն բառացիօրէն «ծառաստան»: Ըստ գրաւոր վկայութիւններու ան նախ տարածուեցաւ վանքերու մէջ, հաւանաբար ձեռագրատան մը մէջ: Պարիսպները համեմատելի չէին «հրդեհ» բառի հսկայ բոցերուն հետ, եւ «հրդեհ» բառը բարձրացաւ սարեր, ուր հովուերգակ հովիւը իր սրինգը կը նուագէր, մտաւ գիւղեր, ուր աշուղը իր սիրոյ տաղը կը հիւսէր, հասաւ դաշտեր, ուր քնարերգակ բանաստեղծը կ’երազէր ուռենիի մը շուքին տակ, ապա այրեցաւ Կովկասը, ուր Տէրեանը մենակ նստած էր հրդեհուած ամպեր դիտելով, իսկ վերջապէս հրդեհի լեզուն լափեց Պոլիսը, ուր Դուրեաններու եւ Զարիֆեաններու հոգիները մոխիր դարձան: Մեր տղաները, աւաղ, հրդեհի դէմ գրիչ մը ունէին լոկ: Հեգնական է որ, հրդեհը, որ ունի քանդելու սոսկալի ոյժ, միեւնոյն ժամանակ ծնունդ տուաւ գրական գոհարներու: Այժմ ընթերցենք քանի մը կրակոտ տողիկ:

Արեւելքի հրդեհները

Ազգային ազատագրութեան օրերն էին: Ռափայէլ Պատկանեանը Նոր Նախիջեւանէն դիտեց իր հայրենիքը, տեսաւ, թէ աներկիր, «կիսակենդան», «սողացող» հայը վշտահար էր: Հրդեհուած այդ պատկերը ճմլեց իր սիրտը: Այդ անձուկ օրերուն զարգացած ազգերը ի՞նչ վերաբերմունք ունէին հայու հանդէպ: Պիտի պաշտպանէի՞ն իրենց քոյր երկիրը: Բանաստեղծը բացատրեց. «Փոխան շիջելու նախանձը մարդոց` / Սաստակացաւ, աւա՜ղ, զերդ հրդեհ ու բոց»։ Աւետիք Իսահակեանը լաւ գիտէր, թէ իր գրածները ի՛նչեր կրնային գործել: Այդ համոզումով ալ գրեց. «Եւ խօսքս մուրճ էր, եւ խօսքս` հրդեհ»: Կրակոտ մէկ այլ բանաստեղծ էր Եղիշէ Չարենցը: Ան անհամբեր էր: Անձկութեամբ կը սպասէր գալիքը: Չարենցը ըսաւ. «Կրակ կայ սրտիս մէջ, կրակ կայ, / Հրդեհ է՝ վառւում է հրկէզ»: Եւ ահա Վահան Տէրեանը… Ո՛չ ճակատի վրայ է ան, ո՛չ ալ պայքարի մէջ: Զայն գտայ ամպերու տակ: Երազկոտ: Մենակ: Մտազբաղ էր սիրոյ եւ մահուան միտքերով: Ան նախ նկարագրեց իր անտեսանելի եւ խորհրդաւոր սիրածի անխօս աչքերը. «Քո աչքերի խորութիւնը հրդեհավառ»: Ապա հարցում մը ուղղեց տխրադալուկ աղջկան. «Մահու գիշերն է մթնել իմ հոգում,— / Մի՞թէ դու պիտի վառես նոր փափագ, / Մի՞թէ դու պիտի հրդեհես յուզում»: Մի՛ ըլլաք երկչոտ: Մարդամօտիկ է Վահանը: Ունի քնքոյշ սիրտ: Մօտեցէք եւ հարցուցէք անոր. Ինչո՞ւ ես մենակ նստած: Ու ան պիտի պատասխանէ. «Երբ վարդ ամպերի հրդեհն է դողում, / Իրիկնաժամին նստում եմ մենակ»: Յարգելի ընթերցող, դուք չէ՞ք ուզեր Պոլսոյ հրդեհները դիտել, - կամ ընթերցել, - ինչպէս որ կը փափաքիք:

Շքեղ հրդեհը

Պոլիսը… Հրդեհ… Այրած քնար… Չենք գիտեր ի՛նչ էր պատճառը, բայց քաղաքներու թագուհին պատճառ եղաւ որ հայ բանաստեղծը «կերակուր դառնայ» հրդեհներու: Բայց հրդեհակուլ չեղած՝ ան յաջողեցաւ մեզի թողուլ քանի մը վառ տողիկ: Դանիէլ Վարուժանը, յարգելի ընթերցող, Սեբաստիոյ դաշտերու վրայ սայլեր տեսաւ: Փոքրիկ Դանիէլը հիացումով դիտեց զանոնք: Տարիներ վերջ տղան գրեց. «Սայլերը կ'երթան, անդորրութեան մէջ / Աղաղակելո՜վ… Կը տանին արեւ, հրդեհ կը տանին / Հսկայ դէզերով»: Իսկ Վենետիկի մէջ մէկ այլ հրդեհի հանդիպեցաւ ան՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի: Լուռ ննջող վարդապետի շիրիմին առջեւ Վարուժանը աղօթեց. «Կարմիր հրդեհ մ’որ մոխրի տակ կ’առնէ քուն. / Հոս կը ննջես. ինչպէս հրատն ամպին տակ»: Մատթէոս Զարիֆեանը, որ չունէր հիւանդագին հոգի, բայց տառապեցաւ ճակատագիրի յամառ եւ դաժան հարուածներէ: Մինչ Զարիֆեանի մարմինը կը քայքայուէր, անոր հոգին՝… Ինքը, Մատթէոսը բացատրէ. «Հոգիս հրդեհ մ’է շքեղ»:

Հրդեհ, ո՛չ մատեան

Պոլսոյ հրդեհէն տառապած հոգի մըն է Պետրոս Դուրեանը: Դո՛ւք, ընտիր գրականութեան հրդեհով տոչորած յարգելի ընթերցող, լաւ գիտէք անոր պատճառը: Կը յիշէ՞ք, այդ 19 տարեկան տղան, մեր տղաներէն շատ աւելի երիտասարդ, ի՛նչ հրդեհներու դէմ պայքարեր էր… Իր վերջին օրերուն, 1896 եւ 1871 թուականներուն ետեւ ետեւի գրեց. «Մեռնի՜լ թարմ ու երազոտ... մեռնի՜լ առանց շուրթեր համբոյրով մը բորբոքելու, առանց հոգին ժպիտով մը հրդեհելու… Սիրեցի քեզ, Շաղի, շողի ժամք էին. / Վարդից հրդեհ կար յ՚երկին»: Իսկ տղան, «Լճակ» քերթուածի մէջ տղան խօսեցաւ լճակի հետ եւ բացատրեց անոր, թէ պէտք չէ՛ ապշիլ, պէտք չէ՛ կարծել, թէ տրտմագին սիրտը եթէ պատռենք հոն կը գտնենք մատեան. «Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մատեան»:

Վերջին հրդեհը

Հայ տպագիրը ամէնուր կրքոտ աշխատանք տուաւ որպէսզի հրատարակէ մեր հրկիզուած խօսքերը: Կրակոտ աշխատանք էր Վենետիկէն մինչեւ Թիֆլիս: Հազուագիւտ են այդ գիրքերը: Կարելի է ըսել, թէ արդէն «մոխիր դարձան» այդ օրերը: Բայց ես, յարգելի ընթերցող, յաջողեցայ այրած քանի մը էջ փրկել հին քաղաքներու հին գրավաճառներէն: Անտեսուած կոյտերու մէջ էին անոնք: Իսկ այժմ գոնէ իրենց անուններով անոնք ներկայանան բոլորիս: «Հրդեհ նաւթագործարանում: Բագուի մշակների կեանքից», Թիֆլիս, 1884, «Հրդեհ Մխիթարեան վանաց: 1883 տարւոյն Յուլիսի 14-ին», Վենետիկ, 1884, «Հրդեհը հինաւուրց հողի», Նիւ Ճերզի, 1993, «Հրդեհ կայ... Մարեցէք», Պոլիս, 1968, «Սիրոյ հրդեհ», Երեւան, 2010, «Վերջին հրդեհը», Երեւան, 2011:

Հրդեհ իմ սրտի մէջ

Սակաւաթիւ են «հրդեհ» երգերը հայկական երգարուեստի մէջ: Նախորդ դարուն Աշուղ Ճիւանին, կը յիշէ՞ք, Սասունի նուիրուած եղանակ մը գրեր էր. «Առանց վախի, առանց ահի Քաջերու տուն, Սասունասար, / Քեզնից հրդեհ կը պատահի, Կրակի բուն, Սասունասար»: Իսկ այժմ հայրենիքի մէջ կան «Սիրոյ հրդեհ», «Բոց ու հրդեհ» կամ նման անուններով երգեր: Որպէսզի ձեր գիշերը ունենայ քաղցր աւարտ՝ որոշեցի վերջինի խօսքերը մէջբերել եւ ձեզի հրաժեշտ տալ: Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպումը, կը մաղթեմ, որ դուք հեռու կը մնաք բոլոր վտանքներէ.

Բոց ու Հրդեհ…

Ո՛նց է սիրտը իմ վառւում,

Բոց ու Հրդեհ …

Սիրելով քեզ հետ կռւում,

Հրդեհ՝ իմ սրտի մէջ,

Որը չունի վերջ: