Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան՝ սպաննուած

Շաբաթ, 1 Փետ­­րո­­­ւարի կա­­նուխ առա­­ւօտուն, Մեթ­­նի Պսա­­լիմ շրջա­­նին մէջ, Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ կա­­թողի­­կոսու­­թեան երի­­տասարդ միաբան­­նե­­­րէն եւ Պե­­քաա շրջա­­նի հո­­գեւոր տե­­սուչ Անա­­նիա Ծ. վրդ. Գու­­ճա­­­նեան անարգ ոճի­­րի մը զոհ գնաց:

Անոր սպա­­նու­­թիւնը դա­­տապար­­տումի լայն ալիք մը յա­­ռաջա­­ցուց պե­­տական, կրօ­­նական, քա­­ղաքա­­կան, հա­­սարա­­կական եւ եկե­­ղեցա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու մէջ:

Հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագահ Ժո­­զէֆ Աուն հե­­ռաձայ­­նեց Արամ Ա. կա­­թողի­­կոսին եւ դա­­տապար­­տեց ոճի­­րը` նշե­­լով, թէ ապա­­հովա­­կան մար­­միննե­­րը հե­­տաքննու­­թիւն կը կա­­տարեն` բա­­ցայայ­­տե­­­լու հա­­մար ոճ­­րա­­­գործնե­­րը, որ­­պէսզի խստա­­գոյն պա­­տիժը կրեն:

Ոճի­­րը դա­­տապար­­տո­­­ւեցաւ նաեւ երես­­փո­­­խան­­նե­­­րու եւ քա­­ղաքա­­կան տար­­բեր ու­­ժե­­­րու կող­­մէ։

Երեք­­շաբթի, 4 Փետ­­րո­­­ւարի առա­­ւօտեան ժա­­մը 09։30-ին, Այնճա­­րի Սուրբ Պօ­­ղոս եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ կա­­տարո­­ւեցաւ Անա­­նիա Ծ. վրդ. Գու­­ճա­­­նեանի վեր­­ջին օծ­­ման արա­­րողու­­թիւնը։ Ապա, տեղ­­ւոյն վրայ ցա­­ւակ­­ցութիւններ ըն­­դունե­­լէ ետք, անոր մար­­մի­­­նը փո­­խադ­­րո­­­ւեցաւ Ան­­թի­­­լիասի Մայ­­րա­­­վան­­քը, ուր կէ­­սօրէն ետք ժա­­մը 02։30-ին, կա­­յացաւ Գե­­րեզ­­մա­­­նի կար­­գը եւ հայր սուրբին մար­­մի­­­նը ամ­­փո­­­փուե­­ցաւ «Զա­­րեհեան» միաբա­­նական յու­­շարձան-դամ­­բա­­­րանին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ