Կրկին այժմէականի մասին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան մա­­տենա­­շարէն լոյս տես­­նող «Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան անկման Շրջա­­նին Հա­­յերն ու Քիւրտե­­րը» անուն ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը կը զու­­գա­­­դիպի ար­­ծարծո­­ւած նիւ­­թե­­­րու այ­­ժմէակա­­նու­­թիւն ստա­­ցած օրե­­րուն։

Պատ­­մա­­­բան­­ներ Իւ­­միթ Քուրթ եւ Արա Սա­­րաֆեան խմբագ­­րած են 2017-ի Սեպ­­տեմբեր ամ­­սուն ԱՄՆ-ի մէջ կա­­յացած բա­­նախօ­­սու­­թեան մը հինգ զե­­կոյցնե­­րը եւ հա­­մադ­­րած հա­­տորի մը մէջ։

Չաղ­­տաշ Սիւ­­մե­­­րի անգլե­­րէնէ թարգմա­­նու­­թեամբ թրքե­­րէն ըն­­թերցո­­ղին հաս­­նող այս գիր­­քի յօ­­դուա­­ծագիր­­ներն են Օվն Միլ­­լըր, Էմ­­րէ Ճան Տաղ­­լըօղ­­լու, Իւ­­միթ Քուրթ, Նի­­լայ Էօզօք Կիւ­­տո­­­ղան եւ Վա­­րագ Գեթ­­սե­­­մանեան։

Հինգ հե­­ղինակ­­ներն ալ իրենց յօ­­դուած­­նե­­­րուն մէջ կ՚անդրա­­դառ­­նան 1895-ի եւ յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րուն Հա­­միտեան ջար­­դե­­­րուն։

Ինչպէս ծա­­նօթ է Մեծ Դու­­ռը կազ­­մա­­­կեր­­պած էր բո­­լորո­­վին քիւրտե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող 40 գունդեր, որոնք իրենց ար­­շա­­­ւանքնե­­րով զան­­գո­­­ւածա­­յին կո­­րուստներ պատ­­ճա­­­ռած էին Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նի խա­­ղաղ բնակ­­չութեան։ Նոյ­­նիսկ շա­­տեր Հա­­միտեան գունդե­­րու այդ ար­­շա­­­ւանքնե­­րը կը գնա­­հատեն իբ­­րեւ 1915-ի Մեծ Եղեռ­­նի նա­­խափոր­­ձը ըլ­­լա­­­լով։

Գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թիւնը կը զու­­գա­­­դիպի, այն օրե­­րուն, երբ ծա­­ւալն ու ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը ոչ յայտնի մեր­­ձեցման հո­­վեր կը փչեն քիւրտ եւ թուրք ազ­­գայնա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու մի­­ջեւ։ Տի­­րող մթնո­­լոր­­տի բեր­­ման յա­­ճախ կը շեշ­­տո­­­ւի քիւրտե­­րու եւ թուրքե­­րու պատ­­մա­­­կան եղ­­բայրու­­թեան մա­­սին ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ։ Կաս­­կած չկայ թէ այս նա­­խադա­­սու­­թիւնը ժո­­ղովուրդնե­­րու բա­­րեկա­­մու­­թեան իմաս­­տով որ­­քան ալ ող­­ջունե­­լի ըլ­­լայ, հայ ժո­­ղովուրդի պատ­­մա­­­կան յի­­շողու­­թեան մէջ դրոշ­­մո­­­ւած է մեծ ոճի­­րի մեղ­­սակցու­­թեամբ։

Ան­­ցեալին Հրանդ Տինք բա­­նախօ­­սու­­թեան մը ըն­­թացքին շատ լուրջ հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւն ցոյց տո­­ւած էր «Քիւրտերս ու թուրքե­­րը եղ­­բայր ժո­­ղովուրդներ ենք։ Միասին պա­­տերազ­­մած, միասին արիւն հե­­ղած ենք ան­­ցեալին» խօս­­քե­­­րուն դէմ։

Տինք պոռթկած ու հարց տո­­ւած էր «Դուք որո՞ւ արիւ­­նը հե­­ղեցիք» ըսե­­լով։

Ամէն պա­­րագա­­յի այս հա­­տորը ու­­սուցո­­ղական մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի երկրի եւ հայ ժո­­ղովուրդի պատ­­մութեան հան­­դէպ հե­­տաքրքրու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րու համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ