Որքան զարմանալի, նոյնքան ալ ցաւալի է տեսնել այն իրողութիւնը, ըստ որու թրքահայ համայնքը նոյն ինքն համայնքային գործիչնրու ձեռամբ կ՚առաջադրուին դէպի պատմութեան մութ շերտերը։
Յիշենք որ Օսմանեան Կայրսութեան օրերուն աննախադէպ ձեռքբերում մըն էր հայոց ազգային սահմանադրութիւնը, որ կեանքի կոչուեցաւ 1863-ին։
Այդ սահմանադրութեան շնորհիւ մինչ այդ լումայափոխ ամիրաներու քմահաճոյքին թողուած Պատրիարքական աթոռը տիրացաւ ժողովուրդի ձայներով ընտրուած գահակալի։
Այսօր իսկապէս ցաւալի է տեսնել թէ համայնքային հաստատութեան վարիչ ներկայացող անձեր կը փորձեն այդ ձեռքբերումը շրջանցել յանուն համայնքային համերաշխութեան։
Ժողովրդավարական սկզբունքներով կայանալիք մրցակցութիւնը «խառնաշփոթութիւն» ըլլալով նկարագրող միտքը իր արդարացումը կը գտնէ իշխող կուսակցութեան հայազգի պատգամաւորի բերնէն։ Ան ալ իր կարգին կը բաժնէ արտասանուած կարծիքը եւ կ՚ըսէ թէ Անգարա ընդհանուր համաձայնութիւն «Քոնսենսիւս» կը ցանկայ։
Այս խօսքը ինքն արդէն բաւականին խառնաշփոթ է, քանի որ զուրկ է յստակ հասցէատիրոջմէ։
«Անգարան այսպէս կ՚ուզէ» ըսլու պահուն որո՞ւ կ՚ակնարկուի։ Հարցումը ուրիշ կերպ ալ կրնանք շրջել, այլ հարցումով մը՝ «Ի՞նչ է Անգարայի կարծիքի կամ թելադրանքի նշանակութիւնը հայ ազգի կամքին դիմաց»։
Կասկած չկայ որ պետական ուժի մենաշնորհն է բռնութեան գործածութիւնը։ Ան կրնայ կանխել կամ արգիլել ամէն ինչ եթէ իր կամքին հակառակէ։ Արդէն կ՚ապրինք այդ իրողութիւնը, քանի որ պետութեան քմահաճոյքով երկար տարիներ առկախուեցան պատրիարքական ընտրութիւնը, համայնքային հաստատութեանց վարչութիւններու ընտրութիւնները եւ տակաւին կը շարունակենք սպասման մէջ մնալ փոքրամասնութիւններուն պատկանող հիւնդանոցներուն վարչութեան ընտրութիւններուն։
Ուրեմն անընդունելի է պետութեան այդ ուժը նկատի առնելով թելադրանքներ հնչեցնել ժողովուրդի ընտրութեան իրաւունքը շեղելու նպատակով։
Եթէ ազգային գիտակցութիւնը որոշ մակարդակ պահէ, ինք կ՚իրարկէ իր կամքը, առանց նկատի ունենալու պետութեան կամ այլոց նախասիրութիւնները։ Արդարեւ ընտրուած քաղաքապետի տեղ նշանակուած տեղապահները երբեք արգելք չկրցան ըլլալ յաջորդ ընտրութեան արդիւնքներուն վրայ։
Ստիպուած չենք պետութեան հաճելի թուելու մարմաջով սխալ ընտրութիւն կատարելու։
Պատրիարքական ընտրութեան ընթացքին Պէքճեան եւ Չուլճեան սրբազաններու դէմ բեմադրուած խայտառակ պատկերը կ՚ուզեն որ նոյնութեամբ կրկնուի հիւանդանոցի, նոյնիսկ թուականը անյայտ ընտրութեան ժամանակ։
Անգամ մը եւս փորձաքարի մը դիմաց ենք։ Կամ կը յաջողինք հաւաքական արժանապատւութիւնը բարձր պահելով սեփական կամքը գործադրելու, կամ ալ կը հնազանդինք պատեհապաշտներու սպառնալիքին, մեր այնքան թանկագին մաշկը անվնաս պահելու համար։
Նոյնիսկ բաւականին ամօթալի է 1863-էն ետ մնալը, գոնէ այդ ամօթը ալ աւելի չշեշտուի համայնքային պատմութեան այս փուլին։
pakrates@yahoo.com