Ինչպէս ասել ու լսել բայերով գոյացող ասուլիսը, երկխօսութիւն բառն ալ իր մէջ կը պարունակէ բացատրութիւնը: Երկու կողմերու զրոյցը բացատրող բառը իմաստ կը ստանայ երբ կողմերը կը խօսին հաւասար հարթութեան մը վրայ:
Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը այս օրերուս կ'ողողուի երկխօսութեան մը հաւանականութեանբ, որուն կողմերը պիտի փորձեն յաղթահարել աւելի քան 25 տարիներու լռութիւն մը:
Այդ քառորդ դարի հասնող անդունդի մէջ կողմերէն մէկը միւսը պիտակաւորեց «Ահաբեկչապետ» կոչումով: Չբաւականացաւ իր համոզումով եւ բոլորին պարտադրեց ընդմիշտ շեշտադրել այս ածականը:
Յայտնի է թէ երկրի գործող իշխանութիւնը իր գոյութիւնը շարունակելու համար այժմ կարիքը կը զգայ ահաբեկչապետի զօրակցութեան:
Սոյն աջակցութիւնը ապահովելու համար կառավարութեան գլխաւոր բաղադրիչը խորհրդարանի ամպիոնէն կոչ ուղղեց ահաբեկչապէտին, բանտէն դուրս գալու եւ խորհրդարանի երդիքին տակ իր հիմնած կազմակերպութեան լուծարկումը յայտարարելու համար:
Թէեւ երկրի քաղաքական եւ իրաւական պայմանները ձեռնտու չէին այդ անակնկալ հրաւէրը իրականացնելու, բայց շուտով գտնուեցաւ այլընտրանքային լուծում մը: Խորհրդարանի երկու անդամներ իր բանտարկուած վայրի մէջ այցելեցին ահաբեկչապետը եւ վերադարձին ալ մամլոյ հաղորդումով մը հասարակութեան փոխանցեցին անոր խօսքերը:
Եթէ նկատի ունենանք երկար տարիներու հասնող բացարձակ մեկուսացումը, նման քաղաքական առաջնորդի մը խօսքերը անշուշտ որ նշանակութիւն ու կշիռ պիտի ունենան, եթէ լսուին համապատասխան ուշադրութեամբ։ Հարցը ճիշդ այս կէտին է որ կը ծագի։ Եթէ կողմերէն մէկը անընդհատ իր խօսակիցը որակած է նուաստացուցիչ ածականներով, դժուար թէ դուրս գայ այդ տրամադրութենէն եւ հաւասար հարթակի վրայ յաջողի երկխօսութեան։
Նշենք որ երկրէ ներս ահաբեկչապետ կոչումով յիշուող անձը համաշխարհային գետնի վրայ որոշ ուշադրութեան կ՚արժանանայ իր առաջադրած տեսութիւններու պատճառաւ։ Յատկապէս արեւմտեան աշխարհի բազմաթիւ մտաւորականներ կը գնահատեն անոր ժողովրդավարութեան եւ համաշխարհային արդարութեան միտումով գաղափարները։ Այդ ընելու ժամանակ իրենց առջեւ օրինակ կ՚ունենան նաեւ նման տեսութիւններու կեանքի կոչուելու փորձերը։ Եկուր տես որ իր տեղացի խօսակիցները այդ օրինակին համար ալ հնարած են ածական մը՝ «Ահաբեկչավան»։
Պարզ է որ նման բեւեռացումի մէջ մարդկութեան նպաստող երկխօսութիւն մը յուսալը բոլորովին անկարելի է։ Իսկ գործող կառավարութեան ակնկալութիւնները կ՚իրականանա՞ն արդեօք նման յայտարարութիւններով։
Վերջապէս ազգային ազատագրական պայքար մը, նոյնիսկ այդ շարժումի հիմնադիրը հրամայէ, իսկոյն կ՚աւարտի՞։
Դժուար, բայց անխուսափելի հարցումներ, որոնք այս նոր տարուայ ընթացքին ալ յաճախ քննարկման առարկայ պիտի դառնան։
pakrates@yahoo.com