Նոյնիսկ ամենածանր ապրումներուն յաջորդէ Ամանորը միշտ յոյսերով դիմաւորուած է պատմութեան ընթացքին։ Սա բնազդային հոգեբանութեան մը հետեւանքն է։ Մեր տարածաշրջանի ժողովուրդներու աւանդական ասացուածքներուն մէջ յաճախ կը շեշտադրուի յոյսի անհրաժեշտութիւնը։ Շատեր կը համաձայնին այն կարծիքին թէ առանց յոյսի ապրիլը անկարելի է։ Անուրանալի իրողութիւն է թէ երկրագունդի այս հատուածին մէջ բոլորէն աւելի կարիքը կը զգանք այս համոզումին։
Բազում փորձերով գիտենք թէ յուսալքութիւնը աղէտ կը պատճառէ։ Այս աղէտն ալ կը բնութագրուի կենդանական աշխարհի ամենասիրելի էակներէն կատուի հակազդեցութիւնով։ Վտանգի մատնուած կատուն անգամ ճարահատութեան պահուն կրնայ վիշապի մը վայրագութիւնով յարձակիլ։ Վերջապէս այս ալ բնազդային է։
Երբ կը պատրաստուինք նոր տարի մը դիմաւորելու Տէրսիմի գաւառներու աւանդական հին տարին վանելու միտող Կաղանի խաղը, կը բեմադրուի շատ տարբեր մշակոյթներու մէջ եւս։ Երիտասարդներ ձեռքերնին գաւազաններով կը վանեն, կը վտարեն այլեւս ծերունազարդ դարձած հին տարին խորհրդանշող կերպարը եւ պատիւներ կընծայելով կը դիմաւորեն զինք փոխարինելու եկող նորը։
Իրականութեան մէջ պատահածը օրացոյցի վերջին թերթիկը փրցնելն է։ Բայց մեր ճակատագրին մասին որոշումներ կայացնողները ընդհանրապէս ծրագիրներ կը մշակեն երկարաժամկէտ գործադրութեան մը համար։ Մարդու կեանքի սահմանումով ժամանակի լուրջ հատուած մը կը նկարագրէ 365 օրը, կամ 52 շաբաթները, 12 ամիսները եւ չորս եղանակները։ Բայց պատմութեան հաստափոր գիրքի համար ժամանակի ընկալումը շատ աւելի տարբեր է եւ ան նիւթ կ՚ունենայ ո՛չ թէ տարիներու, այլ նոյնիսկ դարերու հոլովոյթով տեղի ունեցած զարգացումները։
Դարձեալ բնազդային է որ մենք ժամանակի հատուածը ընկալենք մարդկային կեանքի տեւողութեամբ։ Այդ կեանքը աւելի տանելի դարձնելու մարմաջով ալ ստեղծած ենք իմաստալից արտայայտութիւններ։ Քանի որ գիտակցած ենք մահուան անխուսափելիութեան, կ՚ապաւինինք այն մաղթանքին որ «Աստուած կարգը չխանգարէ»։ Այսինքն մահն ալ ունենայ արդարութիւն։ Ահաւասիկ խաբկանք մը եւս, երբ կեանքը արդար չէ ինչպէ՞ս յուսալ թէ մահը արդար ըլլայ։
Եթէ մինչեւ այս տողերը խօսեցանք մեր կամքէն դուրս ընթացող երեւոյթներու մասին, այժմ փորձենք որոնել այն բոլորը, որոնք կախեալ են մեր կամքէն։ Տեսնել չարը, բայց չփորձել խուսափիլ այդ չարէն՝ եւս մեր պատասխանատուութեան մաս կը կազմէ։ Ի՛նչ ցաւալի է, մեր այդ ընթացքն ալ արդարացնելու համար դիւրաւ կրնանք հնարել զանազան պատրուակներ, որպէսզի կարենանք բացատրել թէ չարիք գործելու պահուն անգամ մենք չենք մեղաւորը, այլ պայմանները այդպէս թելադրած են պարզապէս։
Ուրեմն առանց ուրանալու մեր սեփական պատասխանատուութիւնը, բարի միտքերով պարտինք դիմաւորել Նոր Տարին՝ որպէսզի իրաւունք ունենանք մեր հաշւոյն ալ բարի ակնկալութիւններ ցանկալու։ Լրջօրէն սխալած պիտի ըլլանք երբ մեր ուրախութիւնը կապենք ուրիշներու տխրութեան։
Ուրեմն եկէք համաշխարհային խաղաղութեան մը բարի մաղթանքով դիմաւորենք Նոր Տարին, որպէսզի գերազանցենք միակողմանի բարքերու ապաւինելու պատճառած խաբկանքը։
Շնորհաւոր Նոր Տարի
pakrates@yahoo.com