Չարեաց դաշինքի յաղթանակը

Դիտե­լով Սու­­րիոյ վգրջին զարգցումնե­­րը, եղե­­լու­­թիւնը կա­­րելի է բա­­ցատ­­րել պարզ նա­­խադա­­սու­­թիւնով մը՝ «Չա­­րեաց դա­­շին­­քի յաղ­­թա­­­նակը»։

Պար­­զե­­­լու հա­­մար նշենք թէ սոյն դա­­շին­­քի բա­­ղադ­­րիչներն են ԱՄՆ-ի գլխա­­ւորու­­թեամբ ամ­­բողջ արեւմտեան Եւ­­րո­­­պայի եր­­կիրնե­­րը, Իս­­րա­­­յէլը եւ Թուրքիան։ Կաս­­կած չկայ թէ ներ­­կայ իրա­­վիճա­­կը ձեռնտու է բո­­լորին հա­­մար, որոնք աւե­­լի քան 13 տա­­րիէ ի վեր կ՚աշ­­խա­­­տին Սու­­րիոյ օրի­­նական իշ­­խա­­­նու­­թիւնը կոր­­ծա­­­նելու հա­­մար։

Ար­­դա­­­րեւ իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թե­­­նէ ան­­մի­­­ջապէս ետք իս­­րա­­­յէլեան զի­­նեալ ու­­ժե­­­րը ռմբա­­կոծած են Սու­­րիոյ նա­­ւատոր­­մը, հա­­կաօդա­­յին պաշտպա­­նու­­թեան դիր­­քե­­­րը եւ իր ցա­­մաքա­­յին զօր­­քը հա­­զիւ 20 քմ. Հե­­ռաւո­­րու­­թեան վրայ է մայ­­րա­­­քաղաք Տա­­մաս­­կո­­­սէն։ Աւե­­լին ան նո­­ւաճե­­լով Կո­­լանի բլուրնե­­րը, կը ձգտի անցնիլ դէ­­պի Սու­­րիոյ խոր­­քե­­­րը։

Թուրքիա ար­­դէն իսկ իր սահ­­մաննե­­րու անվտան­­գութեան պատ­­րո­­­ւակով ներ­­խուժած է հա­­րեւան երկրի տա­­րած­­քը եւ կը փոր­­ձէ այդ հա­­տուա­­ծի քիւրտ բնակ­­չութեան ինքնա­­վարու­­թեան ջան­­քե­­­րը կան­­խե­­­լու։ Ան յատ­­կա­­­պէս Իտ­­լիպ քա­­ղաքի մէջ յա­­ջողած է թրքա­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւն մը կազ­­մե­­­լու, որ ստանձնած է հա­­սարա­­կական բազ­­մա­­­թիւ ծա­­ռայու­­թիւններ։

ԱՄՆ եւ Եւ­­րո­­­պական պե­­տու­­թիւններ օրա­­կար­­գի կը բե­­րեն օրի­­նական իշ­­խա­­­նու­­թիւնը տա­­պալող Հէ­­յեթ Թահ­­րիր Ալ Շամ ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան օրի­­նակա­­նացու­­մը։ Այդ ճի­­հատա­­կան շար­­քե­­­րը յետ այ­­սու ոչ թէ ահա­­բեկ­­չա­­­կան խմբակ, այլ պի­­տի յի­­շուին իբ­­րեւ մեղմ մահ­­մե­­­տական­­ներ։ Յայտնի է որ այս վեր­­ջիննե­­րուն շռայ­­լած մար­­դա­­­սիրա­­կան խոս­­տումնե­­րը դիւ­­րաւ կուլ տրո­­ւած են չա­­րեաց դա­­շին­­քի կող­­մէ։

Միւս կող­­մէ կայ նաեւ ան­­ճա­­­րակ­­նե­­­րու խմբան­­կար մը, ուր կը տես­­նենք Ուկրաինոյ դէմ պա­­տերազ­­մով բա­­ւական ու­­ժասպառ Փու­­թի­­­նի կա­­ռավա­­րու­­թիւնը եւ Սու­­րիայէ ետք Ամե­­րիկա­­յի, Եւ­­րո­­­պայի եւ Իս­­րա­­­յէլի հա­­մար գլխաւ թի­­րախ հան­­դի­­­սացող Իրա­­նի Իս­­լամ Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը։ Մոլ­­լա­­­ներու իշ­­խա­­­նու­­թիւնը եւս բա­­ւական ու­­ժասպառ եղաւ Հզպալ­­լա­­­հի մատ­­նո­­­ւած կո­­րուստնե­­րուն հե­­տեւան­­քով։

Եթէ քիչ մը աւե­­լի ըն­­դարձակ պատ­­մա­­­կան շեր­­տի մէջ դի­­տենք այս բո­­լոր զար­­գա­­­ցումնե­­րը, պի­­տի տես­­նենք որ Թուրքիա ընդմիշտ խնդիր ու­­նե­­­ցած էիր հա­­րեւան եր­­կու պե­­տու­­թիւննե­­րու՝ Սու­­րիոյ եւ Իրա­­նի հետ։ Այս հա­­րեւան պե­­տու­­թիւննե­­րը եր­­բեք չեն հրա­­ժարած պատ­­մութեան իրենց փո­­խան­­ցած թշնա­­ման­­քէն։ Պար­­զա­­­պէս հան­­դուրժած են իրա­­րու, խու­­սա­­­փելով կոր­­ծա­­­նարար պա­­տերազմնե­­րը։

Այ­­սօր երբ մի­­ջազ­­գա­­­յին դա­­ւադ­­րութիւ­­նը Սու­­րիայէ ետք նշա­­ւա պի­­տի դարձնէ Իրա­­նը, վստահ կրնանք ըլ­­լալ թէ Թուրքիա եւս մաս պի­­տի կազ­­մէ չա­­րեաց դա­­շին­­քին, իր իբ­­րեւ թէ անվտան­­գութիւ­­նը պատ­­ճա­­­ռաբա­­նելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ