ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Քանի մը օր է ի վեր գոյութիւն չունի Ասատներու ռէժիմը։ Հաւանաբար նաեւ գոյութիւն չունի Պաասի ռէժիմը… Չենք գիտեր թէ տակաւին որպէս կուսակցութիւն պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ թէ ոչ։ Կարեւոր է ասիկա, քանի Սուրիան գիտցողը, գիտէ, որ ամէն ինչ Պաասին կապուած էր, ամէն տեսակ հասարակական յարաբերութիւն, արհմիութիւն, ընկերակցութիւն, դպրոց, համալսարան, եւայլն։ Մէկ խօսքով ամէն բան։
Վստահ նոր օրէնքներ պիտի գան եւ պիտի փոխեն այս իրականութիւնները, նոր սահմանադրութիւն եւ նոր իրականութիւն։ Կը մնայ անշուշտ դժուարը՝ փոխել անձերը, իրենց խելքին ու սիրտին մէջ եղածները։ Ատիկա ինչպէ՞ս պիտի փոխուի։ Քանի եթէ ատիկա չփոխուի, շատ տարբերութիւն պիտի չընէ, Ասատը գացեր է, թէ ոչ։
Վստահ որ շատ բան փոխեցին վերջին 13 տարիները, շատեր սկսան տարբեր մտածել, այլ աշխարհահայեաց ունենալ։ Սակայն մենք մեզ չխաբենք։ Եթէ յեղափոխական շարժումը եւ քաղաքացիական պատերազմը ազատութեան գաղափարները տարածեցին մէկ կողմէն, միւս կողմէ քանդեցին կրթական համակարգերը եւ սերունդներ մեծցան առանց դպրոցի երես տեսնելու… Մեծցան պատերազմի մէջ եւ կամ որպէս փախստական աշխարհի ով գիտէ ո՛ր անկիւնը։ Քանի՞ սերունդ պէտք է յաղթահարելու համար այս ամբողջը։ Ասիկա անշուշտ եթէ լաւատես ըլլանք, եւ ըսենք որ պատերազմը պիտի վերջանայ շուտով։
…
Աշխարհէն կտրուած ապրիլն ալ իր աւերները գործեց բնականաբար։ Առաջ ալ Սուրիան աշխարհէն կտրուած էր արդէն, այն ատեն գլխաւորաբար նիւթական պատճառներով, սակայն վերջին տարիներու անտանելի մեկուսացումը կարելի չէ բաղդատել ոչ մէկ բանի հետ։ Ըսենք թէ դրացի երկիրներ ապաստանածներ եւ կամ նոյնիսկ Եւրոպա եւ Ամերիկա ապաստանածները վերադարձան Սուրիա, եւ իրենց հետ բերին լեզուներ, գիտութիւններ, գիտակցութիւններ եւ ինչու չէ քիչ մըն ալ դրամ, ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ հանդիպումը անոնց հետ որ մնացին տեղերնին։ Այս հանդիպումները ընդհանրապէս շատ խոշ չեն ըլլար, բախումնային կ՚ըլլան, երկուստեք մեղադրումներով լեցուն կ՚ըլլան։
Հապա ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ հանդիպումը քաղաքացիական պատերազմի երկու կողմերուն միջեւ։ Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք։ Այո՛ զինեալ յեղափոխականները գրեթէ առանց դիմադրութեան գրաւեցին ամբողջ Սուրիան եւ գահընկէց ըրին ռէժիմը, բայց այս չի նշանակեր որ հասարակութեան մէջ մէկ օրէն միւսը ի սպառ ոչնչացան ռէժիմին կողմնակիցները։ Բոլորս գիտենք ի՛նչ ըսել է պահպանողական ըլլալ։ Այդքան դիւրին չէ միտքերը փոխել միմիայն արձանները տապալելով, նկարները պատռելով կամ նոյնիսկ բանակին բոլոր ծանր զէնքերը ռմբակոծելով։ Չէ՛, արձան կանգնեցնող միտքերը տեղ մը գացած չունին, անոնք մնացին Սուրիա այս բոլոր տարիներուն, շարունակեցին իրենց գործը, պատերազմէն ալ շահեցան ու շահարկեցին։
Բայց այո՛, կամաց կամաց կը փոխուի, պիտի որ փոխուի։ Փոխուողը կը փոխուի, բայց չփոխուողը չի փոխուիր։ Թուրքիան երեւակայեցէք, արդիական պետութիւն է, բայց հին Իթթիհատական գաղափարները ասանկ անանկ կը շարունակեն որոշ սիրտեր ջերմացնել տակաւին դար մը ետք։ Կամ ո՞վ կրնայ ըսել մարդկային իրաւանց ռահվիրայ Ամերիկայի մէջ ճորտատիրական գաղափարները ամբողջովին ջնջուած են։ Ձեւով մը կը շարունակենք ապրիլ այս տարօրինակ իրականութիւնները մէկտեղելով, համադրելով, աչք խփելով, ականջնիս գոցելով, չգիտնալու ու չհասկնալու տալով… Քիչ մը մոռնալով, քիչ մը պայքարելով։
Սուրիոյ մեր գաղութն է հոս հարցը անշուշտ։ Ի՞նչ ընեն քանի մը հազարները որ մնացին այսքան տարի, հաւատացին իրենց ապագային Սուրիոյ մէջ, կամ որ չհաւատացին, բայց ձեւ չունէին ուրիշ տեղ երթալու։ Այս պահի դրութեամբ միակ ճամբան լեզու գտնել է կարծես։ Որո՞ւ հետ, ի՞նչ հաւասարութեան վրայ, շատ կանուխ է ըսելու համար։ Դուրսէն ներսին համար դատելը սխալ է։ Մենք ի՞նչ գիտնանք ի՛նչ ըսել է առանց ջուրի եւ ելեկտրականութեան, առանց կարգ ու կանոնի, առանց ապահովութեան եւ առանց ապագայի նկատմամբ վստահութեան ապրիլ։ Եւ այս պայմաններուն մէջ տակաւին զաւակ մեծցնել ու հաւաքականութեան մը մաս կազմել։
…
Կը մնայ յուսադրուիլ ու երազել, որ եկողը գացողին փնտռել չտայ։