Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, «Հայ Արտ» կեդրոնին մէջ բացուած է Զահրատի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս՝ «Կիկոյի հետ առաջ ու ետ» խորագրով։
Նկարիչ, շարանկարի բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Լեւոն Գիւլխասեանի գծանկարներով եւ հեղինակին՝ տարբեր տարիներու կրաֆիկական աշխատանքներով, կը փորձուի ընթերցողը աւելի մօտեցնելու այն աշխարհին, զոր ստեղծած է Զահրատ։
Յղացումը հայելային է. Զահրատ ստեղծած է կերպար մը, որ իրականութեան մէջ ինքն է։ Այդ կերպարը անոր բանաստեղծութիւններուն մէջ յաճախ երեւցող Կիկօն է։ Կիկօն Զահրատի կենսագրութիւնն է՝ միաձուլուած ծննդավայր քաղաքի՝ Պոլսոյ տեսարաններով, մարդոցմով, կենցաղով։
Զահրատ (Զարեհ Եալտըզճեան) ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն ինքնատիպ գրողներէն է։ Հայաստանի մէջ հրատարակուած են անոր գիրքերը (1978, 2004, 2007), բայց հայաստանցի ընթերցողը բաւարար չափով ծանօթ չէ այդ ստեղծագործութիւններուն։
Սոյն ցուցահանդէսը յարմար առիթ մըն է բացայայտելու Զահրատի բանաստեղծական աշխարհը, որ յուզական եւ խոհական բարդ հանգոյցներ ունի։
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 16։
(Նոր Յառաջ)