Պատրիարքարանի տօնածառը զարդարուեցաւ

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան պատրաստութեան շրջանի՝ Յիսնակի այս օրերուն՝ 9 Դեկտեմբեր 2024, Երկուշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի ճաշի յանձնախումբը հաւաքուեցաւ Պատրիարքարանի երդիքին տակ։

Տիկիններ երկար աշխատելով զարդարեցին Պատրիարքարանի միջին յարկի մեծ տօնածառը, ինպէս նաեւ շքամուտքն ու հանդիսաւոր սանդուխները։

Աշխատանքի աւարտին, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը իջաւ միջին յարկ եւ բարի գալուստ մաղթեց սիրայօժար ծառայող տիկիններուն, որոնք եկած էին ամբողջ համայնքի տան՝ Պատրիարքարանի տօնածառը զարդարելու եւ լուսաւորելու։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմապէս գնահատեց իւրաքանչիւրը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս սրբազան երդիքին տակ անգամ մը եւս կը զարդարուի ու կը լուսաւորուի տօնածառը։

Մեր Հոգեւոր Պետը այժմէն շնորհաւորեց բոլորի Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօնը եւ մաղթեց Աստուածային օրհնութիւններով լի, առողջ եւ ուրախ նոր տարի մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ