Թատրոնն ունի կախարդական ուժ՝ մանուկներուն տեղափոխելու հեքիաթային աշխարհ, զարգացնելու անոնց երեւակայութիւնը եւ ստեղծարար մտածողութիւնը: Glendale Theatre Group-ը, շնորհիւ իր արհեստավարժ անդամներուն եւ բարձրակարգ ներկայացումներու, այդ կախարդանքը հասանելի կը դարձնէ նաեւ Գալիֆորնիայի հայ մանուկներուն՝ մայրենիով:
Նոյեմբերի 23-ին, Գալիֆորնիայի հայ մանուկները վայելեցին թատերախմբին «Երեք Խոզուկները» դասական հեքիաթի հիման վրայ ստեղծուած տիկնիկային ներկայացումը:
Ներկայացման բեմադրող Գոհար Կարապետեանը ստեղծած էր գունագեղ եւ երեւակայական աշխարհ, որտեղ կը կենդանանար սիրուած հեքիաթի հերոսները: Դերասաններու վարպետ խաղը եւ երաժշտական գեղեցիկ ձեւաւորումը ներկայացումը դարձուցած էին իսկական տօն՝ փոքրիկներու համար:
Glendale Theatre Group-ի համահիմնադիրներ Գրիգորի Յակոբեանը եւ Գոհար Կարապետեանը տարիներ շարունակ նուիրուածութեամբ կ՚աշխատէն՝ ստեղծելով բարձրորակ մանկական ներկայացումներ: Անոնց նպատակն է վաղ տարիքէն երեխաներու մէջ սէր արթնացնել թատրոնի եւ մայրենի լեզուի հանդէպ։ Յատկապէս կարեւոր է նման նախաձեռնութիւններու իրականացումը օտար երկրի մէջ ապրող հայ երախաներու համար, ինչը հնարաւորութիւն կու տայ անոնց պահպանել մշակութային ինքնութիւնը եւ կապը հայրենիքի հետ:
«Երեք Խոզուկները» ներկայացման յաջողութիւնը կը վկայէ, որ Glendale Theatre Group-ը կը շարունակէ ուրախացնել մեր փոքրիկներուն՝ թատրոնի միջոցաւ զարգացնելով անոնց հորիզոնները: Ուրախալի է նաեւ այն փաստը, որ նման ներկայացումները կը դառնան շարունակական եւ աւելի շատ հայ երախաներ հնարաւորութիւն կ՛ունենան անոնցմէ օգտուելու:
Յաջորդ ներկայացումը նախատեսուած է Դեկտեմբերի 21-ին՝ ժամը 13.00-ին եւ 16.00-ին։ Ներկայացումներու ժամանակացոյցը կրնաք տեսնել Glendale Theatre Group-ի «ֆէյսբուք»ի եւ »Ինստագրամ»ի էջերէն։
(Թղթակցութիւնը՝ թատերախումբէն)