Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Դեկտեմբեր 2024, Չորեքշաբթի, Քոնրատ Պոսֆորուս Հիւրանոցի մէջ մասնակցեցաւ Պեշիկթաշի Քաղաքապետութեան Ամանորի հաւաքին: Նորին Ամենապատուութեան հետ էր գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան:
Հրաւիրեալներու շարքին էին դիւանագիտական ու պետական անհատներ, հոգեւորականներ, զանազան հաստատութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ:
Դահլիճի մուտքին հիւրերը դիմաւորեցին Քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատ եւ կողակիցը:
Ապա բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Քաղաքապետ Աքփոլատ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց նման հաւաքի մը բոլոր հիւրերու մասնակցութեան համար եւ շեշտը դրաւ համակեցութեան կարեւորութեան վրայ: Ան ըսաւ թէ ինչպէս Թուրքիան, նմանապէս նաեւ Պեշիկթաշ քաղաքամասը սքանչելի օրինակ է համակեցութեան, քանի նոյն շրջանին մէջ թէ կը լսուի էզանի ձայնը, թէ եկեղեցւոյ զանգը եւ թէ սինակոկի աղօթքը: Քաղաքապետ Աքփոլատ Ամանորի առթիւ շնորհաւորական մաղթանքներով ողջունեց ներկաները:
Ներկաներ հիւրասիրուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ, ուր հրամցուեցաւ ճազ երաժշտութեան փոքրիկ համերգ մը: