Նոր գիրք՝ «Բաժնուած կղզին»

Լոյս տե­­սաւ լրագ­­րող, հրա­­պարա­­կախօս Սա­­գօ Արեանի նոր գիր­­քը՝ «Բաժ­­նո­­­ւած կղզին » խո­­րագ­­րով: Գիր­­քը նո­­ւիրո­­ւած է Թուրքիոյ կող­­մէ Կիպ­­րո­­­սի մէկ մա­­սի գրաւ­­ման հե­­տեւան­­քով ներ­­խուժու­­մի սար­­սա­­­փը ապ­­րած, ապա՝ ու­­նեզրկո­­ւած հա­­յերու պատ­­մութիւննե­­րուն: Հե­­ղինա­­կը գետ­­նի վրայ հար­­ցազրոյցներ կա­­տարած է 1960-70-ական­­նե­­­րու կիպ­­րա­­­կան դէպ­­քե­­­րու ակա­­նատես խումբ մը հա­­յերու հետ, որոնք կը պատ­­մեն այդ օրե­­րուն մա­­սին, կը խօ­­սին կիպ­­րա­­­կան հար­­ցի լուծման իրենց պատ­­կե­­­րացումնե­­րուն, ինչպէս նաեւ՝ յոյ­­նե­­­րու եւ թուրքե­­րու հետ հա­­մատեղ նոյն կղզիին մէջ ապ­­րե­­­լու կա­­րելիու­­թիւննե­­րուն մա­­սին:

Գիր­­քը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ նաեւ նոր սե­­րունդին տե­­սակէ­­տը, որ տար­­բեր ձե­­ւով կ’ըմբռնէ կիպ­­րա­­­կան հար­­ցը: Թուրքիոյ կող­­մէ Կիպ­­րո­­­սի հիւ­­սի­­­սային մա­­սի գրա­­ւու­­մով յա­­ռաջա­­ցած «Կիպ­­րա­­­կան հարց»-ը մին­­չեւ օրս լու­­ծում չէ ստա­­ցած. շա­­տեր հար­­ցը կը հա­­մեմա­­տեն ար­­ցա­­­խեան խնդի­­րին կամ աշ­­խարհի տար­­բեր տե­­ղերու մէջ գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցող հա­­կամար­­տութիւննե­­րուն հետ։

Որ­­քա­­­նո՞վ ան նման է կամ տար­­բեր է. այս հար­­ցի պա­­տաս­­խա­­­նը նոյնպէս կա­­րելի է գտնել գիր­­քին մէջ ներգրա­­ւուած ակա­­նատես­­նե­­­րու խօս­­քե­­­րուն ընդմէ­­ջէն։ Մէկ բան յստակ է՝ 50 տա­­րի ետք տե­­ղահա­­նուած հա­­յերը պատ­­րաստ են կրկին հա­­մատեղ ապ­­րիլ թուրք եւ յոյն կիպ­­րա­­­ցինե­­րու հետ՝ յա­­նուն կղզիին բար­­գա­­­ւաճ­­ման եւ տա­­րածաշրջա­­նային խա­­ղաղու­­թեան։

Գիր­­քը գրո­­ւած է հե­­ղինա­­կին նկա­­րահա­­նած «Վի­­րաւոր կղզին» վա­­ւերագ­­րութեան հի­­ման վրայ, որուն մէջ կիպ­­րա­­­կան հար­­ցի իրենց մեկ­­նա­­­բանու­­թիւնը կու տան նաեւ մաս­­նա­­­գէտ­­ներ։

50 տա­­րի առաջ Կիպ­­րո­­­սի մէկ մա­­սի գրա­­ւու­­մը փո­­խեց նաեւ հա­­զարա­­ւոր հա­­յերու ճա­­կատա­­գիրը, եւ անոնք մին­­չեւ հի­­մա լուծման ու­­ղի­­­ներ կը սպա­­սեն, հա­­ւատա­­լով, որ ճիշդ դի­­ւանա­­գիտու­­թիւնն ու խե­­լացի որո­­շումնե­­րը կրնան յա­­ջողիլ ի նպաստ Կիպ­­րոս կղզիին, ուր 50 տա­­րի առաջ միասին խա­­ղաղ կ’ապ­­րէին յոյ­­նե­­­րը, թուրքե­­րը, հա­­յերը եւ այլք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ