Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն Մարգար Ռոպէն Տիվարճըն, որ Մարմարա Համալսարանի Քանդակագործութեան Բաժինը աւարտած է, 2023 թուականի «Շարժում» անուն գործով մասնակցեցաւ BASE-ի, որ տեղի ունեցաւ 27 Նոյեմբեր-1Դեկտեմբեր 2024 թուականներու միջեւ։
BASE 2024-ով արուեստասէրները առիթը ունեցան 33 քաղաքներէ, 40 համալսարաններէ նորաւարտ 132 արուեստագէտներու հետ մէկտեղուելու։ Հոն ցուցադրուեցան զանազան ուղղութիւններու մէջ 150-ի մօտ գործեր, ինչպէս՝ գեղանկար, քանդակ, լուսանկար եւ տեսանիւթ: