Սիրոյ ու զօրակցութեան հայրական պատգամ Հալէպի հայութեան

Անթիլիասի Մայ­րա­վան­քէն հայ­րա­կան ջերմ սի­րով կʼող­ջունենք Հա­լէպի մեր ժո­ղովուրդի սի­րելի զա­ւակ­նե­րը:

Դար­ձեալ տագ­նա­պի մէջ է Հա­լէպը: Անցնող տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին զա­նազան տագ­նապներ հա­րուա­ծեցին Մի­ջին Արե­ւել­քի մշա­կոյթնե­րու, կրօն­նե­րու ու ազ­գե­րու հա­մակե­ցու­թեան այս պատ­մա­կան քա­ղաքը: Հա­լէպի հա­յու­թիւնը եւս ապ­րե­ցաւ բո­լոր տագ­նապնե­րուն ծանր հե­տեւանքնե­րը:

Հայ ժո­ղովուրդի պատ­մութեան մայր էջին վրայ միշտ կեդ­րո­նական ներ­կա­յու­թիւն դար­ձած է Հա­լէպը՝ տնտե­սական, մշա­կու­թա­յին, կրօ­նական ու ազ­գա­յին իմաս­տով: Իր եկե­ղեցի­ներով, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան ու ըն­կե­րային կեդ­րոննե­րով եւ իր հա­յաբոյր մթնո­լոր­տով Հա­լէպը եղած է ճա­ռագայ­թող ներ­կա­յու­թիւն յատ­կա­պէս Սփիւռքի հա­յու­թեան կեան­քէն ներս: Ղե­կավար­ներ, ու­սուցիչ­ներ, մտա­ւորա­կան­ներ, հո­գեւո­րական­ներ ու հա­սարա­կական գոր­ծիչներ, Լի­բանա­նէն սկսեալ մին­չեւ Երե­ւան, եւ­րո­պական ոս­տաննե­րէն սկսեալ մին­չեւ ատ­լանտեանի ափե­րը, իրենց խոր ար­մատնե­րը ու­նին Հա­լէպի մէջ:

Այ­սօր, տագ­նա­պի մէջ գտնո­ւող Հա­լէպի հա­յու­թիւնը առան­ձին չէ: Մենք բո­լորս իր կող­քին ենք՝ աղօթ­քի, սի­րոյ ու զօ­րակ­ցութեան ճամ­բով: Հա­լէպը մեր ժո­ղովուրդին հա­մար ան­ցեալ չէ՝ իր փառ­քի օրե­րով, իր կա­րեւոր իրա­գոր­ծումնե­րով ու առանցքա­յին դե­րակա­տարու­թեամբ: Հա­լէպը միշտ պի­տի մնայ ներ­կայ ու նաեւ՝ ապա­գայ: Ազ­գի մը հզօ­րու­թեան աղ­բիւրը իր հա­ւաքա­կան հա­ւա՛տքն է, տագ­նապնե­րը դի­մագ­րա­ւելու իր հա­ւաքա­կան կա՛մքն է, եւ ապա­գան կեր­տե­լու իր հա­ւաքա­կան յո՛յսն է:

Այսպէ՛ս կը հա­ւատայ Հա­լէպի հա­յու­թիւնը: Մենք այսպէ՛ս տե­սանք ու վկա­յեցինք, երբ շուրջ տա­սը տա­րիներ առաջ, տագ­նա­պի օրե­րուն այ­ցե­լեցինք Հա­լէպ ու եղանք մեր ժո­ղովուրդին հետ: Այսպէս տե­սանք ու վկա­յեցինք, երբ երկրա­շար­ժի օրե­րուն մեր ժո­ղովուրդի զա­ւակ­նե­րուն հետ միասին քա­լեցինք Հա­լէպի հա­յահոծ փո­ղոց­նե­րէն: Յու­սա­հատու­թիւն ու անո­րոշու­թիւն հե­ռու են Հա­լէպի հա­յու­թեան կեան­քէն:

Մենք միշտ եղած ենք ու պի­տի մնանք Սու­րիոյ կող­քին: Մենք չենք մոռ­նար, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած մեր ժո­ղովուրդի զա­ւակ­նե­րը իր հո­ղերուն վրայ ըն­դունող առա­ջին եր­կի­րը եղաւ Սու­րիան: Հե­տեւա­բար, մեր ժո­ղովուրդին կա­պուա­ծու­թիւնը Սու­րիոյ պէտք է մնայ ամուր:

Մեր բարձր գնա­հատան­քը կը յայտնենք Առաջ­նորդ Սրբա­զանին ու Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան, մեր հա­մայնքի բա­րօրու­թեան աշ­խա­տանքնե­րուն լծո­ւած մեր բո­լոր կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն, մեր ժո­ղովուրդին առօ­րեայ կա­րիք­նե­րուն հաս­նող մեր երի­տասարդ-երի­տասար­դուհի­ներուն, որոնք գի­շեր ու ցե­րեկ բարձրա­գոյն աս­տի­ճանի նո­ւիրու­մով կը ծա­ռայեն մեր ժո­ղովուրդին: Ջեր­մօ­րէն կ՚ող­ջունենք ներ­կայ տագ­նա­պը միաս­նա­կան ոգիով ու ճի­գով դի­մագ­րա­ւելու Հա­լէպի հա­յու­թեան ամուր կամ­քը:

Կ՚աղօ­թենք, որ Աս­տո­ւած հե­ռու պա­հէ Հա­լէպի հա­յու­թիւնը ամէն տե­սակ վտանգնե­րէ: Թող սէրն ու խա­ղաղու­թիւնը կա­մար կա­պեն Սու­րիոյ ժո­ղովուրդի կեան­քին վե­րեւ:

Հայ­րա­կան ջերմ սի­րով,

Աղօ­թարար՝

Արամ Ա. Կա­թողի­կոս

Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ

02 Դեկ­տեմբեր 2024

Ան­թի­լիաս

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ