Համերգ՝ կամրջող երգերու

Հայ եր­գի ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու հիմ­նա­կան կեդ­րո­նը բնա­կանա­բար Հա­յաս­տանն է։ Հա­յաս­տա­նէ ներս պե­տու­թեան հո­վանա­ւորու­թեամբ կը գոր­ծեն երաժշտա­նոց­ներ, կամ երաժշտա­կան դպրոց­ներ։ Անոնց կող­քին կան մեծ նո­ւագա­խումբեր եւ երգչա­խումբեր։

Աւան­դութիւն ու­նե­ցող այս պե­տական կա­ռոյցնե­րու կող­քին բազ­մա­թիւ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ ալ իրենց գոր­ծունէու­թեան գլխա­ւոր նպա­տակ դար­ձուցած են երաժշտա­կան դաս­տիարա­կու­թիւնը եւ զու­գա­հեռա­բար ալ երաժշտա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը նա­խորդ շա­բաթ կեան­քի կո­չած նա­խաձեռ­նութիւ­նով փոր­ձեց ի մի բե­րել այս ոլոր­տէ ներս աշ­խա­տող հա­յաս­տա­նաբ­նակ գոր­ծիչնե­րը, Պոլ­սոյ երաժշտա­կան մի­ջավայ­րե­րուն հետ։

Այսպէս եռօ­րեայ աշ­խա­տանո­ցի մը ըն­թացքին Կոր Մել­քո­նեան, Լու­սի­նէ Նա­զարեան, Անի Յա­կոբեան, Ար­մէ­նու­հի Պապ­լո­յեան եւ Աննա Յովհաննիսեան քա­ղաքս այ­ցե­լեցին եւ շփումներ ու­նե­ցան Յա­կոբ Մա­միկո­նեան, Ատ­րուշան Հա­լաճեան, Սի­պիլ Ար­սէ­նեան, Այ­շէ­նուր Քո­լիվար, Հիք­մեթ Աք­չի­չէքի նման անուննե­րու հետ։

Անոնք եռօ­րեայ հան­դի­պումնե­րով ներ­կա­յացու­ցին իրենց կա­տարած աշ­խա­տանքնե­րը, փո­խադար­ձա­բար տե­ղեկա­նալով յատ­կա­պէս ժո­ղովրդա­կան երաժշտու­թեան մա­սին մի­մեանց մեր­ձե­ցումնե­րուն։

Աւե­լին կա­յացաւ նա­խորդ չո­րեք­շաբթի օր՝ երբ հա­յաս­տանցի եւ թուրքիացի երա­ժիշտներ միաս­նա­բար բեմ բարձրա­ցան Անա­րատ Յղու­թիւն Շէն­քի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ։

Այստեղ բե­մին վրայ տեղ գրա­ւեցին հա­րուա­ծային գոր­ծիքնե­րով Փի­յա Էօզ­չե­լիք, Սել­տա Էօզ­թիւրք, Քա­ման­չա­յով Թահ­սին Թեր­զի, Կի­թարով Արի Հեր­կե­լ, պլուլ եւ շո­ւիով Ան­նա Յով­հաննէ­սեան, որոնք իրենց նո­ւագա­րան­նե­րով ըն­կե­րակ­ցե­ցեան Հիք­մեթ Աք­չի­չեքի, Լուսնէ Նա­զարեանի եւ Այ­շէ­նուր Քո­լիվա­րի կա­տարումնե­րուն։

Հիմ­նա­կանին համ­շէ­նահա­յերէն այս կա­տարումնե­րուն մէջ առան­ձա­նացան Լու­սի­նէ Նա­զարեանի Տա­րօնի շրջա­կայ­քի եր­գե­րը։

Հա­մեր­գի աւար­տին կար անակնկալ մը եւս, երբ այս ան­գամ Այ­շէ­նուր Քո­լիվար բեմ հրա­ւիրեց պոլ­սա­հայ ծա­նօթ երգչու­հի Սի­պիլը եւ անոնք միաս­նա­բար զու­գերգե­ցին Մա­հիր Էօզ­քա­նի հե­ղինա­կած բա­ռերով «Լոյ­սի Հա­տիկ» երգը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ