ԺԹդարու երկրորդ կէսին մեկնարկող հայկական լուսաւորութեան մէջ շատ կարեւոր գործօն մը եղած է գրականութեան ժողովրդականացումը։ Դպրոցաշինութեան, հասարակական զարգացման այդ փայլուն շրջանին բազմաթիւ պարբերական մամուլ, օրաթերթ կամ շաբաթաթերթ իր սիւնակները բացած է գրականութեան։ Հիմնականին հայ հեղինակներու եւ ապա թարգմանական գրականութեան ընտիր օրինակներ թերթօնի ձեւով հասած են ընթերցողներու լայն շրջանակի մը։
Վիպագիր Րաֆֆիի վէպերն ալ առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսած են Թիֆլիսի հայկական թերթերուն մէջ։
Վերջին տարիներուն մոռացուած այս աւանդոյթը վերյիշեցինք «Ակօս»ի խմբագրակազմի հետ կատարուած խորհրդակցական ժողովի ընթացքին։ Այդ օր մեր գլխաւոր օրակարգն էր շաբաթաթերթի լրատուութիւնը ամենօրեայ թարմացումով եւ համացանցի միջոցաւ ընթերցողին փոխանցելու միջոցներու որոնումը։
Յայտնի իրողութիւն է թէ տպագիր մամուլը համաշխարհային գետնի վրայ ակներեւ նահանջ մը կ՚ապրի։ Բացառուած չէ նաեւ մեր թերթի պարագան։
Տպուած իւրաքանչիւր թերթի վաճառքը յաւելեալ վնաս մըն է մանաւանդ, երբ ան փոսթային դրութեամբ պիտի հասնի բաժանորդ ընթերցողին։ Այստեղ թուղթի կամ տպագրութեան ծախսերու վրայ կը բարդուի առաքման գումարը, որ ինքնին կը գերազանցէ թերթի փոխարժէքը։
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ առցանց տարբերակը, որ աւելի հասանելի է ընթերցողներուն։ Հետեւաբար այժմ մենք ալ տպագիր թերթի կողքին ելեկտրոնային տարբերակը ալ աւելի զարգացնելու եւ այսպէսով նոր բաժանորդներ գրանցելու կ՚աշխատինք։
Իմաստալից կը թուի այս որոնումներու մէջ Րաֆֆիի գրականութեան վերհրատարակումը։ Անոր խօսքը կը պահէ իր այժմէականութիւնը, քանի որ անոր գլխաւոր խրատն է ինքնապաշտպանութիւնը։
Ո՛չ միայն մենք, Վրաստանի օրինակով կը տեսնենք թէ զանազան երկիրներ մատնուած են երկընտրանքի մը դիմաց, որոշելու համար երկրի զարգացման ուղին։
Արեւմտամէտ կոչուած հակումը վերջին երկու դարերուն իբրեւ բարգաւաճում եւ զարգացում ըլլալով ընկալուեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Ճիշդ է որ աշխարհի քարտէզի արեւմտեան հատուածը աւելի զարգացած պատկեր մը կը ներկայացնէ, բաղդատմամբ արեւելեան կիսուն, ինչպէս հիւսիսային կիսագունդը բաղդատմամբ հարաւայինին։ Բայց անդին այդ նոյն արեւմուտքին մէջ կը տեսնենք համաշխարհային քաղաքակրթութեան բոլոր կուտակումներէն զուրկ, նոյնիսկ բարբարոսական մշակոյթ մը։
Բարբարոսութեան այդ պատկերը շատ յստակ դիտեցինք, երբ ամերիկացի զինուորներ կը թալանէին Պաղտատի Ազգագրական Թանգարանը։
Րաֆֆիի թելադրած ինքնավստահութեան եւ ինքնապաշտպանութեան կարեւորութիւնը շատ աւելի շեշտուած է այսօր։
Թողէք արեւմտամէտ կամ ռուսամէտ հակումները, քանի որ ընելիք շատ բան ունինք լոկ հայամէտ ըլլալով։
pakrates@yahoo.com