ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Թերթիս նախորդ թիւերուն մէջ անդրադարձած էինք Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Սուրբ Աստուածածնի Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի կազմէն 6 անդամներու հրաժարման նիթին։ 20 Նոյեմբեր 2022-ին կայացած ընտրութիւնով թաղական հանդիսացողներէն Արարատ Կիւրկէն, Արէթ Քիս, Լինտա Չեթինքայա, Լորի Զօրվարեան եւ Թամար Սինանօղլու Կէօքչէօղլու հրաժարական ներկայացուցին՝ պատճառաբանելով թէ թաղականութեան կազմին մէջ իրենց կարծիքները չեն լսուիր։
Անոնք դժգոհած էին թէ աւանդապաշտ մերձեցումով գործող թաղականութիւնը զիրենք կը դիտէ իբրեւ կանանց եւ երիտասարդաց յանձնախումբ ըլլալով։
Հրաժարականին հրապարակումէն ետք թաղական խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Գալայճեան փորձեց հրաժարեալներու յետսկոչումը ապահովել, բայց երբ ապարդիւն մնաց, այս անգամ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան փոխանցեց վեց անդամներու հրաժարականները եւ յայտարարեց թէ մնացեալ հինգ անդամներով պիտի շարունակեն իրենց ստանձնած պարտականութիւնը։