Սուրիա կը շարունակէ մնալ միջազգային դաւադրութեան մը հալածանքին մատնուած երկիր մը ըլլալու դժբախտութեան։ Կը յիշենք այն օրերը, երբ արաբական կարծեցեալ գարունը հիւսիսային ափրիկեան երկիրներէ վերջ ալեկոծեց Սուրիոյ խաղաղ բնակչութիւնը։ Բողոքի ցոյցերը առիթ համարող արեւմտեան երկիրներ գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի իսկոյն զինեցին ցուցարարները եւ չըսելու համար օրերու, շաբաթներու ընթացքին դժոխքի վերածեցին բովանդակ երկիրը։
Այդ գործընթացին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Էրտողանի կառավարութիւնը, որ ոգեւորուած էր ալեւիադաւան Ասատը գահընկեց ընելու մոլուցքով։
Քաղաքացիական պատերազի հետեւանքները շատ ծանր եղան ոչ միայն Սուրիոյ, այլ զանգուածային գաղթականներ ընդունելու հարկադրուած հարեւան երկիրներու՝ Թուրքիոյ եւ Լիբանանի համար։ Այժմ ճիհատական ահաբեկիչներու յանկարծական յարձակումով երկրի օրինական կառավարութիւնը կորսնցուցած է երրորդ մեծ քաղաքի հսկողութիւնը։ Հոն տիրող իրավիճակի մասին Դամասկոսէն «Ակօս»ի համար կը տեղեկացնէ լրագրող Սարգիս Քասարճեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Քասարճեանի փոխանցած տեղեկութիւնները.
«Սուրիոյ քաղաքական եւ ռազմական բոլոր հաւասարակշռութիւնները անգամ մը եւս տակն ու վրայ եղած են ռազմավարական նշանակութեամբ ծանօթ Հալէպ քաղաքի անկումով։
Այս զարգացումը անգամ մը եւս օրակարգի բերաւ Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւնները։ Միաժամանակ բաւական աշխոյժ դիւանագիտական շփումներ կը կայանան տարածքի այլ մայրաքաղաքներուն մէջ։ Հալէպի անկումը մեծ նահանջ մը կը նշանակէ Սուրիոյ կառավարութեան հաշւոյն։
Հալէպը Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքն է։ Ան երկրի հիւսիսային հատուածի հաւասարակշռութիւնները հսկող դիրք մը ունի, ուր զինուորական խարիսխներ ունին նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը եւ Իրան։ Այս բոլորով հանդերձ Հալէպի անկումը խոր ազդեցութիւններ պիտի թողու ամբողջ տարածքաշրջանին։ Արդարեւ Իրաքի վարչապետը ՄԱԿ-ի դիմելով պահանջեց «Ապահովութեան Խորհուրդ»ի ժողով մը։ Իրան բուռն կերպով մեղադրեց ԱՄՆ եւ Իսրայէլը։ Ուշագրաւ է որ Իրանի այս մասին կատարած յայտարարութեան մէջ ոեւէ ակնարկութիւն չէ կատարուած Թուրքիոյ դերակատարութեան։
Ինչպէս Մոսկուայի եւ Պաղտատի ջանքերուն, ապարդիւն մնացին նաեւ Իրանի Արտ. Գործ Նախարար Ապպաս Արաքչըի Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ միջնորդութեան ջանքերը։ Իրան Թուրքիան կը մեղադրէ Իսրայէլի ծուղակին իյնալով եւ կը յայտնէ թէ եթէ կարիքը գոյանայ պատրաստ է դէպի Սուրիա զօրք ուղարկելու։ Ռուսիա եւս Թուրքիոյ դիմելով պահանջեց որ կասեցուին Սուրիոյ հիւսիւսային հատուածէ ներս ահաբեկչութիւնը։ Անդին Իրաքի վարչապետը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Ալ Քաիտէյի հետ գործակցող խմբակները սպառնալիք ըլլալով համարեց իր երկրի ազգային անվտանգութեան համար։
Հալէպը իբրեւ բազմազգի եւ բազմակրօն քաղաք ունի քրիստոնեայ, քիւրտ, հայ եւ շիա բնակչութիւն։ Ճիհատականներուն արշաւումը այս զանգուածներու մօտ լուրջ մտահոգութեան պատճառ դարձած է։ Թէեւ վերոնշեալ խմբակներու հանդէպ յարձակում մը ցարդ չէ գործադրուած։ Սակայն մտավախութիւնը միշտ առկայ է յիշելով այս խումբերու նախորդ ոճիրները։
Վերլուծաբաններու համաձայն Հալէպի մէջ պետական իշխանութիւնը վերահաստատելու համար զինուորական միջամտութիւնը անբաւարար պիտի մնայ։ Անխուսափելի է տարածքաշրջանի մէջ համաձայնութիւն մը գոյացնել։ Այսպէս մտածողները օրինակ մը բերեն 2017-ին Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիոյ եռակողմ համաձայնութիւնը։ Այժմ եթէ Տոհայի բանակցութիւնները ապարդիւն մնան տարածքաշրջանէ ներս բախումները պիտի սաստկանան նոր դերակատարներու ալ ներգրաւումով։
Հալէպի վերջին զարգացումները իրենց հաւանական հետեւանքներով ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլ ամբողջ տարածքաշրջանի ապագայի համար լուրջ ճգնաժամ մը կը ներկայացնէ»։