Բարի էր Պէքճեան Սրբազանը։ Բարի էր նոյնիսկ միամիտ համարուելու աստիճան։ Թերեւս ալ այդ բարիութեան, բարի կամեցողութեան պատճառաւ ենթարկուեցաւ չարերու հալածանքին։
Ճիշդ ալ այս պատկերը տեսնելով է որ գերմանացի անուանի թատերագիր Պերթոլտ Պրեխտ կը հարցնէր. «Հասկցանք բարի ես, բայց բարիքդ որո՞ւ է»։
Հետեւելով սրբազանի թաղման, ակամայ կը մտածեմ այս ու նման հարցումներու պատասխաններ գտնել մտքիս մէջ։
Որքան ալ հակասական թուի, պիտի համարձակիմ ըսելու թէ բարի վարքը, բարի կամքը, բարի միտքը ինքնին բաւարար չեն փոխադարձաբար բարիք գտնելու համար։
Անշուշտ որ այս բոլորը լաւ յատկութիւններ են, բայց անբաւարար երբ չարիքի իշխանութիւն կազմած մթնոլորտի մէջ դիմադրութեան կարողութիւն մը չեն ներկայացներ։
Պէքճեան Սրբազան ամիսներ առաջ տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին իր հիասթափութիւնը կը պարզէր «Իմ գիտցած պոլսեցին այսպէս չէր» ըսելով։
Յայտնի է որ երկրէ հեռու մնացած տարիներուն սիրելի սրբազանը միշտ պահած է իր ծննդավայրի բարի ու ազնիւ յիշատակները։ Պանդուխտի հոգեբանութիւն կրնանք համարել այս թերացումը։ Մարդկային բնազդի անխուսափելի հետեւանք։ Չէ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը երանութեամբ կը յիշէ մանկութեան տարիները։ Կը մոռնայ թէ այդ նոյն տարիները նաեւ զրկանքներով լեցուն էին։ Բայց ընտանիքի ջերմութիւնը, ծնողներու գուրգուրանքն է որ կը ձեւաւորէ անցեալի յիշատակը։
Ճիշդ ալ այս պահուն կը մտաբերենք հաւաքական մտքի, այդ մտքի թելադրանքներու եւ այս բոլորը կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը։ Իրաւ ալ ի՞նչ նշանակութիւն ունի համայնք ըլլալ, եթէ չի պիտի պարզենք համայնքային կեցուածք։ Եթէ զարգացումները կ՚ընթանան մեր աչքերուն առջեւ առանց մեր մասնակցութեան կամ միջամտութեան։ Եթէ միայն պիտի մնանք հանդիսատեսի դիրքին մէջ, այն ատեն մեր շուրջ ծաւալող բոլոր խնդիրներն ալ պիտի իյնան կրկէսի մակարդակին։
Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ամէն բանի հանդէպ չէզոքութիւն պահող անհատներով, ոեւէ մէկը խրտչեցնելէ խուսափելով իր քննադատելու առաքելութիւնը զլացող մամուլով, ազգային ու դասակարգային գիտակցութիւնը կորսնցուցած կառոյցներով պոլսահայութիւնը կ՚ապրի նահանջի մը շրջանը։
Եթէ պատրուակներ պիտի որոնենք շատ ալ դժուար չէ բոլոր թերութիւնները արդարացնելու պատճառներ հնարել։ Պարտինք գիտնալ թէ այդ հնարքները ինքնախաբէութենէ վեր իմաստ մը չունին։
Դէմ առ դէմ ենք զանազան մարտահրաւէրներու, որոնց հետ կարլի չէ գլուխ ելլել պարզապէս ուս թօթուելով։
Անցեալին հոգեւոր թէ աշխարհիկ իր կառոյցներով կազմակերպեալ համայնք էինք, որու հասարակական ուժը արդար հպարտութիւն կը պատճառէր։
Ուրեմն անկարելի չէ, կրնանք վերատիրանալ անցեալի բոլոր բարքերուն՝ պայմանաւ թէ վերակերտենք միասնականութեան ուժը։
pakrates@yahoo.com