ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ճարտար (Բ)

Ճարտար եր­կի­րը

Շա­բաթ մը առաջ, կը յի­շէ՞ք, հինգ օր շա­րու­նակ ըն­կոյզ կե­րած էի, ան­սա­լով հայ դե­ղագէտ եւ բժիշկ Ամիր­տովլաթ Ամա­սիացիի խրա­տին, որ­պէսզի ես ալ դառ­նամ «ճար­տար»։ Այդ օր ձե­զի պատ­մած էի նաեւ «ճար­տար» բա­ռի պատ­մութիւ­նը։ Այդ ան­ճարտար գրու­թեանս մէջ, ճար­տա­րաբան, ճար­տա­րախօս եւ ճար­տա­րամիս բազ­մա­թիւ այ­րեր յայտնո­ւած էին իրենց խօս­քով եւ խրա­տով։ Իսկ այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, հասկնա­լով, թէ ճար­տար ըլ­լա­լու շնոր­հը միայն հի­ներուն շնոր­հուած չէ, կ’առա­ջար­կեմ որ ականջ տանք Պա­րոնեան­նե­րու, Սե­ւակ­նե­րու եւ Պէ­շիկ­թաշլեան­նե­րու ճար­տար լե­զուին, առա­ւելա­բար՝ ծա­նօթա­նանք նաեւ Ար­ցա­խեան քա­ղաք Ճար­տա­րին եւ անու­նը Ճար­տար քա­նի մը պատ­մա­կան դէմ­քե­րուն։

Ճար­տար ազ­գը

1900-ական­նե­րու սկիզ­բը, երբ հայ­րե­նի գրա­կանու­թեան մէջ թե­ւեր առած էր ազ­գա­յին ազա­տագ­րութեան գա­ղափա­րը երբ հա­յու ինքնու­թիւնը եւ պա­տիւը վե­րականգնե­լու նպա­տակով ամէն հայ՝ վար­դա­պետ թէ ֆե­տայի, անխնայ ջանք կը թա­փէին, «ճար­տար» բառն ալ ստա­ցաւ նոր պաշ­տօն։ Ան այ­լեւս քա­ղաքա­կանա­ցած էր։ Կը ծա­ռայէր ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րուն։ Այդ օրե­րուն Վե­նետի­կի մէջ Հ. Ղե­ւոնդ Ալի­շատը գրի առաւ «Յու­շիկք հայ­րե­նեաց հա­յոց» պատ­մա–գե­ղարո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը։ Վար­դա­պետի նպա­տակն էր հա­յու հե­րոսա­կան ան­ցեալի օրի­նակավ նոր սե­րունդին սոր­վեցնել հայ­րե­նասի­րու­թիւնը, նա­հատակ վկա­ներու օրի­նակով ալ անոնց բա­ցատ­րել, թէ կեան­քը պէտք է չխնա­յել հայ­րե­նիքի փրկու­թեան հա­մար։ Հայ­րի­կը ըսաւ. «Ազ­գի մը նոր գլխա­պետ ըլ­լալ կամ ազգ մը կանգնել յինքնիշ­խա­նու­թիւն՝ մեծ յա­ջողու­թիւն կամ մեծ ճար­տա­րու­թիւն կու պա­հան­ջէ», ապա պա­տուեց երե­ւելի քա­նի մը հայ. Սուրբ Սա­հակին կո­չեց «Ճար­տար քա­ղաքա­գէտ», տպագ­րիչ Աբ­գար Դպի­րին՝ «ճար­տա­րագիւտ», տա­ղասաց Ֆրի­կին՝ «ճար­տար տա­ղաչափ», իսկ Սիւ­նեաց վա­նական­նե­րուն եւ Մխի­թար Սե­բաս­տա­ցիին՝ «Ճար­տա­րագէտ»։ Հայ­րե­նիքի ազա­տու­թեան հա­մար կեանք չխնա­յելու եզա­կի օրի­նակ է մըն էր նաեւ առա­ջին հայ ֆե­տայի­ներէն, զէն­քի ճար­տա­րամիտ մա­տակա­րար, 1900 թո­ւակա­նին, 44 տա­րեկա­նին Դա­տուա­նի Ջրհօր գիւ­ղի մօտ ան­հա­ւասար մար­տի ժա­մանակ մա­հացած Ճար­տա­րը (Մու­րատ Վար­դա­նեան)։

Ճար­տար լեռ­ներ

Եթէ հա­յը ճար­տար է, պատ­ճա­ռը այն է, թէ սարն ու ձորն ալ է ճար­տար։ Կար­ծես, թէ ճար­տա­րապետ ձեռք մը ան­տե­սանե­լի՝ արո­ւես­տով քեր­թեր է զայն։ Իրօք, թեր­թե­ցէք հա­յոց բնաշ­խարհիկ բա­ռարան­նե­րը եւ դուք կը տես­նէք, թէ Գե­ղար­քունի­քի Ծակ­քար գե­տի ձախ ափի վրայ լեռ­նա­գագաթ մը կայ, որ կը կո­չուի՝ Ճար­տար։ Ար­ցա­խի մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, Մար­տունի շրջա­նի մէջ, իր «Ճար­տար» բեր­դով եւ Եղի­շէ վան­քով յայտնի էր 4000 հա­յոր­դի­ներու տուն, այ­գե­գոր­ծե­րու եւ շե­րամա­պահե­րու հին բնա­կավայր՝ «Ճար­տար» քա­ղաքը։ (Ըստ մէկ այլ ստու­գա­բանու­թեան, անու­նը հայ­կա­կան «ճար­տար» բա­ռը չէ, այլ՝ պարսկե­րէն «ճհար դար» (չորս թաս)։ Իսկ Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանը Պոլ­սոյ ծո­վեզե­րեայ Օր­թա­գիւղ պատ­կա­ռելի թա­ղամա­սի Սրբոց Հռիփ­սի­մեանց վար­ժա­րանի աշա­կեր­տուհի­ներու պար­գե­ւաբաշ­խութեան առի­թով գրի առած բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ ըսաւ, թէ Մայր Հա­յաս­տա­նը «տրտում, տխուր, ող­բա­կան» է եւ կը թա­փէ ար­ցունք։ Պէ­շիկ­թաշլեապը հայ­կա­զուն օրիորդնե­րուն յոր­դո­րեց. «… Ո՜ կոյսք, փունջ մի քա­ղեցէ՚ք, / Եկէ՚ք իրեն մօ­տեցէ՚ք։ / Ճար­տար մա­տամք ձեր յոր­դոր / Գե­ղեց­կա­հիւս բա­նուա­ծով, / Դուք հայ փա­ռաց սգա­ւոր / Յօ­րինե­ցէք թագ շու­տով, / Ու զայն իւր գլու­խը դրէ՚ք»։

Ան­համ ճար­տա­րը

Հա­յը դրա­մի հետ հա­կասա­կան յա­րաբե­րու­թիւն մը ու­նի։ Չի գի­տեր, թէ ան բա­րի՞ է, թէ՝ չար։ Գա­րեգին Սրո­ւանձտեանց եպիս­կո­պոսը նա­յեցաւ Վան քա­ղաքի հա­յերուն։ Անոնք կը տա­ռապէին դրա­մի բա­ցակա­յու­թե­նէ, հա­րուստ չէին, բայց ճար­տա­րու­թիւն մը ու­նէին ան­կասկած. «Վա­ճառա­կանու­թիւնը ստո­րին վի­ճակի մէջ է, ար­հեստներն ընդհան­րա­պէս Հա­յոց ձեռքն են, որք թէ­պէտ հե­տամուտ, ճար­տար, բայց ոչ հա­րուստ»։ Իսկ նոյն օրե­րուն Օր­թա­գիւ­ղի մէջ Յա­կոբ Պա­րոնեանը պահ մը դադ­րե­ցաւ եր­գի­ծագիր ըլ­լա­լէ եւ գրեց իմաս­տա­սիրա­կան քա­ռեակ մը ու մե­զի բա­ցատ­րեց դրա­մի չա­րամիտ ճար­տա­րու­թիւնը. «Զար­մա­նալի են օրէնք աշ­խարհի. / Կար­ծես թէ ճար­տար խօ­սի եւ խոր­հի / Նա՝ որ իրօք է ապուշ եւ ան­համ / Եթէ ու­նի դրամ»։

Մատ­ներդ ճար­տար

Յով­հաննէս Շի­րազը երբ դեռ պա­տանի մըն էր, կը համ­բուրէր խաչ­քա­րերը, երբ իր մօր հետ վան­քի սա­րը կ’ել­լէր։ Փոքր Յով­հաննէ­սը երբ դար­ձաւ ճար­տար բա­նաս­տեղծ, ուխտագ­նա­ցու­թեան այդ ման­կա­կան պատ­կերն ալ վե­րածո­ւեցաւ զգա­յուն քեր­թո­ւածի եւ Շի­րազը շնոր­հա­կալ եղաւ այդ քա­րերը տա­շած ճար­տար վար­պետնե­րուն. «Ես համ­բուրում եմ, ո՜վ նա­խահայ­րեր, / Քա­րից լոյս կեր­տող ձեր ձեռ­քը ճար­տար»։ Իսկ Պա­րոյր Սե­ւակը, 1969 թո­ւակա­նին, երբ Կո­միտա­սի ծննդեան 100-ամեակն էր, գրեց «Անլռե­լի զան­գա­կատուն» բա­նաս­տեղծու­թիւնը, «Ղօ­ղանջ Մթագ­նումի» եւ «Ղօ­ղանջ Ցնոր­ման» հա­տուած­նե­րու մէջ նկա­րագ­րեց աք­սո­րէն վե­րադար­ձած վար­դա­պետի դա­ժան նե­րաշ­խարհը եւ բա­ցատ­րեց, թէ ան ին­չո՚ւ այ­լեւս չի նո­ւագեր. «Ինչ է դաշ­նա­մուր եւ ինչ է ստեղ՝ / Մո­ռացա՜ն նրա ճար­տար մա­տերը»։

Զմիւռնիոյ ճար­տա­րը

Ճար­տա­րապետ են մեր տպագ­րիչնե­րը։ Ի՚նչ ճար­տա­րախօս գիր­քեր լոյս չտե­սաւ անոնց մա­մու­լէն։ Ստու­գե­ցի հայ գիր­քի պատ­մութիւ­նը, յար­գե­լի ըն­թերցող, ես տե­սայ, թէ մենք ու­նե­ցեր ենք բա­ւակա­նին մեծ թի­ւով «ճար­տար» գիր­քեր, այ­սինքն անու­նը, տպա­րանը, գրա­տու­նը «ճար­տար» կո­չուած հրա­տարա­կու­թիւններ։ Չորս-հինգ հա­տը խիստ հե­տաքրքրա­կան էին եւ ես որո­շեցի յի­շել զա­նոնք։ Առա­ջինը՝ «Արո­ւեստ ճար­տա­րախօ­սու­թեան», 1844 թո­ւակա­նին լոյս տե­սած դաս­տիարա­կիչ գիրք մը, որուն հա­մար շնոր­հա­կալ պէտք է որ ըլ­լանք Վիեն­նա­յի Մխի­թարեան հայ­րե­րուն, ինչպէս նաեւ զայն գրա­շարած ճար­տար մատ­նե­րուն։ Իսկ Վե­նետի­կի մէջ Մխի­թարեան­նե­րը 1863 թո­ւակա­նին հրա­տարա­կեցին մէկ այլ ու­սուցո­ղական գիրք՝ «Ճա­շակ հել­լէն եւ լա­տին ճար­տա­րախօ­սու­թեան»։ 1920 թո­ւակա­նին Եգէակա­նի ափին, Զմիւռնիա գե­ղատե­սիլ քա­ղաքի մէջ լոյս տե­սաւ կա­տակեր­գութիւն մը, անունն էր «Գո­ղը», հրա­տարա­կիչ գրա­տունն էր կո­չուած՝ «Ճար­տա­րապե­տեան»։

Երգս ճար­տար

Հայ­կա­կան եր­գա­րուես­տի մէջ հա­զուա­գիւտ է «ճար­տար» բա­ռը։ Դժո­ւար է հան­դի­պիլ այդ բա­ռին, եւ այս երե­ւոյ­թը տա­րօրի­նակ է, երբ հա­յերս ու­նե­ցեր ենք ան­հա­մար ճար­տար երա­ժիշտներ։ Ամե­նայնդէպս, յար­գե­լի ըն­թերցող, մխի­թարուինք, քան­զի 1842 թո­ւակա­նին Պոլ­սոյ մէջ ծնած, Փա­րիզի երաժշտա­նոցի մէջ ու­սում առած (երաժշտա­նոցի առա­ջին հայ շրջա­նաւար­տը), ապա իր ծննդա­վայ­րը վե­րադառ­նա­լով տղե­ւոյն հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու մէջ որ­պէս երաժշտու­թեան ու­սուցիչ աշ­խա­տած Աւե­տիս Խո­րասան­ճեանը դա­րաս­կիզբին գրեց պա­տանե­կան երգ մը՝ «Ճար­տար տղան»։ Իսկ այժմ հրա­ժեշ­տի ժամն է։ Ես կ’առա­ջար­կեմ, որ Ալեք­սանդր Սպեն­դիարեանը ներ­կա­յանայ իր «Ալ­մաստ» օբե­րայի սի­րուած մէկ եր­գով՝ «Աշու­ղի եր­գը»։ Իսկ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, մին­չեւ յա­ջորդ հան­դի­պում մնա­ցէք ճար­տար, ճար­տա­րամիտ եւ ճար­տա­րագէտ, եւ եթէ կը փա­փաքիք Ամիր­տովլաթ Ամա­սիացիի խրա­տին ան­սալ՝ հինգ օր ըն­կոյզի մաշկ կե­րէք, որ­պէսզի դառ­նաք ճար­տար.

Ի՜նչ ալ­մաս ու լալ,

երկնի մի շող է

Շող պատ­կե­րը քո…

Նա­ղաշի ճար­տար գրչին վա­յել է

Դէմքդ ծով հպարտ։