1924՝ ծննդեան տարեթիւը Զահրատի։ Ի՞նչ է պատմութեան այդ հատուածի նշանակութիւնը ցեղասպանուած հայութեան, Ա. Աշխարհամարտով տառապած եւրոպացիի, վերանկախացած Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու, իր մոխիրներէն վերածնած նորաստեղծ Թուրքիոյ Հանրապետութեան համար։
Ամենուրէք աղքատութեան, մահի, սովի եւ թոքախտի իշխանութիւն վարած երկիրներու հիւծած, տուժած, տժգնած եւ գոյութիւնը պահելու միակ եղանակին՝ յոյսին ապաւինած մարդկային բազմութեան մը մէջ ծնաւ Զահրատ։
Եթէ տիրողը այս տխուր ու խաւար պատկերն է, ոչ մէկ իմաստ ունի անհատի սեփական ունեցուածքը։
Վստահաբար քաղքենի բարքերով օրերը անցնողներ կային, բայց էականը Վաղարշապատի վանքի պարիսպներուն ներքեւ սովամահ եղողներու տառապանքն էր։
Արդէն վաղուց հասակ առած էր գրականութիւն մը, որ Շուշանիկ Կուրղինեանի գրիչէն կը հասնէր ընթերցողին։ «Այդ մենք ենք գալիս» կը յայտարարէր Կուրղինեան «Բանուորները» անուն քերթուածով։ Եղիշէ Չարենց կ՚աղաղակէր. «Իմ հոգին ռատիօկայն մէ հիմա ու իր հրակարմիր երգն է փոխանցում»։
Տարիներու հոլովոյթով ծաղկեցաւ նոր գրականութիւն։ Օրհան Վելի սիրահարներու դասակարգային անհաւասարութիւնը, այդ պատճառաւ ալ իրարու անհասանելիութիւնը կը նկարագրէր «Ես փողոցի կատու եմ, իսկ դուն մսավաճառի կատուն» տողերով։
Զահրատ հետեւեցաւ ժամանակի թելադրանքին եւ իր բանաստեղծական ոճը զուգահեռ մը կազմեց Օրհան Վելիներու եւ նմաններու ոճին։
Խորունկ փիլիսոփայական վերլուծումները ամենապարզ բառապաշարով, գրական անիմաստ պերճանքէ ձերբազատուած եւ մանաւանդ ալ սրամտութիւնով ու ծիծաղով օժտուած գրականութիւն մը։
Գնալը Կղզիին ծովափին նստած, ծովուն քար մը շպրտելով ան յաջողած էր մինչեւ Գանատա ճամբորդել։
Ահա այդ ուղին տուաւ իր արժանի պտուղը եւ Զահրատ դարձաւ համաշխարհային բանաստեղծ։ Ան հաւանաբար իր գործերը ամենաշատ լեզուներու թարգմանուած բանաստեղծներու շարքէն է եւ այժմէականութիւնը կը պահպանէ ապագայ սերունդներուն համար ալ։ Հետեւաբար ողջունելի է Զահրատի գործերու իւրաքանչիւր վերհրատարակութիւն եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ թարգմանութիւն։ Այդ առումով շատ տեղին եղած է «Զահրատ 100 հատընտիր» հատորի հրատարակութիւնը եւ հետեւող շնորհանդէսները։
Զահրատ թէեւ մաս չէր կազմած աշխարհը դասակարգային դասաւորումով դիտողներու շարքին, բայց յաջողած էր համամարդկային զգացական ջիղը թրթռացնելու։ Այս է Զահրատի մեծ յաջողութիւնը եւ մենք միշտ պիտի խոնհարինք իր յիշատակին դիմաց։
pakrates@yahoo.com