Գինեձօն՝ «Զահրատ-100, հատընտիր» հատորի

Պոլսահայ հան­­րա­­­ծանօթ բա­­նաս­­տեղծ Զահ­­րա­­­տի ծննդեան հա­­րիւ­­րա­­­մեակին առ­­թիւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի եւ Երե­­ւան՝ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի անո­­ւան գրա­­կանու­­թեան ու արո­­ւես­­տի թան­­գա­­­րանի հա­­մագոր­­ծակցու­­թեամբ հրա­­տարա­­կուած «Զահ­­րատ-100, հա­­տըն­­տիր» անուն գիր­­քի շնոր­­հանդէ­­սը 18 Նո­­յեմ­­բե­­­րին Ֆե­­րիգիւ­­ղի Եկեղցւոյ՝ Նա­­զար Շի­­րինօղ­­լու սրա­­հի մէջ կա­­յացած շնոր­­հանդէ­­սը, 19 Նո­­յեմ­­բեր 2024, Երեք­­շաբթի, կրկնո­­ւեցաւ Պա­­քըր­­գիւղի Տա­­տեան Վար­­ժա­­­րանի սրա­­հը:

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը նա­­խագա­­հեց հան­­դի­­­սու­­թեան: Նոյն առ­­թիւ Երե­­ւանէն ժա­­մանած էին գրող, ազ­­գա­­­յին գոր­­ծիչ, Նիւ Եոր­­քի գի­­տու­­թիւննե­­րու ակա­­դեմիայի պա­­տուա­­ւոր ան­­դամ Տքթ. Յա­­կոբ Այնթապ­­լեան, Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի անո­­ւան գրա­­կանու­­թեան եւ արո­­ւես­­տի թան­­գա­­­րանի տնօ­­րէն Սիւ­­զաննա Խո­­ճամի­­րեան, Լո­­ւիզա Երե­­մեան եւ Վա­­հագն Զա­­քարեան:

Հան­­դի­­­սու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան հա­­մայնքա­­յին վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու աւե­­լի քան 200 սա­­ներ, իրենց ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն հետ:

Տա­­տեան Վար­­ժա­­­րանի սա­­ները ներ­­կա­­­յացու­­ցին Զահ­­րա­­­տի «Շո­­գենա­­ւային սպա­­սար­­կութիւն» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը։

Ապա Վար­­ժա­­­րանի տնօ­­րէնու­­հի Երա­­նու­­հի Պալ­­ճը հան­­դէս եկաւ բա­­րի գալստեան խօս­­քով։

Օրո­­ւան հան­­դի­­­սավարն էր Դա­­լար Պաղ­­տա­­­սարեան:

Ինչպէս նա­­խորդ իրի­­կուն, այս ան­­գամ եւս հան­­դի­­­սու­­թեան ըն­­թացքին հա­­մայնքա­­յին լի­­սէնե­­րու սա­­ներ Զահ­­րա­­­տէն ար­­տա­­­սանե­­ցին:

Ապա հան­­դի­­­սավա­­րը կար­­դաց Զահ­­րա­­­տի հա­­կիրճ կեն­­սագրա­­կանը:

Այս ելոյ­­թէն ետք Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռոյ Հրա­­տարակ­­չա­­­կան եւ Տե­­ղեկա­­տուա­­կան բա­­ժան­­մունքնե­­րու տե­­սուչ Հոգշ. Տ. Յո­­վակիմ Վրդ. Սե­­րով­­բեան պատ­­մեց նո­­րատիպ հա­­տըն­­տի­­­րի ոդի­­սակա­­նը եւ յի­­շեցուց, որ Զահ­­րատ այ­­լեւս դար­­ձած էր ամ­­բողջ ազ­­գին ու մարդկու­­թեան հա­­սարա­­կական ար­­ժէ­­­քը:

Սրտի խօս­­քով բեմ եկաւ հա­­տորի գա­­ղափա­­րը յղա­­ցող ու մե­­կենաս Տքթ. Յա­­կոբ Այնթապ­­լեան, որ իր ու­­րա­­­խու­­թիւնը յայտնեց սոյն հրա­­տարա­­կու­­թեան յա­­ջողու­­թեան առ­­թիւ, ապա վեր առաւ Պոլ­­սա­­­հայ գրա­­կանու­­թեան եւ Զահ­­րա­­­տի ու անոր բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րը։ Ու­­սա­­­նող­­նե­­­րուն խրա­­տեց սի­­րել մայ­­րե­­­նին։

Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի անո­­ւան գրա­­կանու­­թեան եւ արո­­ւես­­տի թան­­գա­­­րանի տնօ­­րէն Սիւ­­զաննա Խո­­ճամի­­րեան, որ ըսաւ թէ կու գայ Զահ­­րա­­­տի հո­­գեւոր տու­­նէն, քա­­նի Զահ­­րա­­­տի ար­­խի­­­ւը կը գտնուի Գրա­­կանու­­թեան եւ արո­­ւես­­տի թան­­գա­­­րանի մէջ։

Իրենց եր­­գե­­­րով հան­­դէս եկան Երե­­ւանէն յատ­­կա­­­պէս ժա­­մանած Լո­­ւիզա Երե­­մեան եւ Պոլ­­սա­­­հայ արո­­ւես­­տա­­­գէտ Ար­­թիւր Պաղ­­տա­­­սարեան։ 

Երե­­կոյ­­թի անակնկալն էր Տքթ. Յա­­կոբ Այնթապ­­լեանի պա­­տուէ­­րով եւ յատ­­կա­­­պէս այ­­սօ­­­րուան հա­­մար Մար­­գա­­­րիտ Սարգսեանի յօ­­րինու­­մով Զահ­­րա­­­տի «Եիգիտ վար­­պետ մեծ Կո­­միտաս» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը, որ առա­­ջին ան­­գամ որ­­պէս տե­­սահո­­լովակ ներ­­կա­­­յացո­­ւեցաւ հան­­րութեան։

Հուսկ բան­­քը ար­­տա­­­սանեց Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հայ­­րը եւ աշա­­կերտնե­­րուն յի­­շեցուց, որ մա­­հացած մար­­դոց տա­­րեդարձ չի տօ­­նուիր: Իսկ այ­­սօր կը նշենք Զահ­­րա­­­տի ծննդեան հա­­րիւ­­րա­­­մեակը, քա­­նի ան իր կեն­­դա­­­նու­­թեան օրով պատ­­րաստեց իր ան­­մա­­­հու­­թիւնը։ 

Հան­­դի­­­սու­­թեան աւար­­տին ներ­­կա­­­ներուն եւ մեր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու գրա­­դարան­­նե­­­րուն նո­­ւիրո­­ւեցաւ «Զահ­­րատ-100, հա­­տըն­­տիր» հա­­տորէն օրի­­նակ­­ներ:

Հուսկ' ներ­­կա­­­ներ վար­­ժա­­­րանի ճա­­շարա­­նին մէջ հիւ­­րա­­­սիրո­­ւեցան Տիգ­րան Կիւլմէզ­կի­լի կող­մէ տրո­ւած հո­գեճա­շի սե­ղան­նե­րու շուրջ: