Աշխատանքէն ազատման դիմումներ գրած են վեց բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ ՝ Բարձրագոյն Դատական Խորհրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեան, Հակակոռուպցիոն Կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեան, Ներքին Գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան, Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քյարամեան, Տարածքային Կառավարման եւ Ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոյեան եւ Պետեկամուտներու Կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեանը։
Աւելի վաղ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած էր, որ մի շարք բարձրաստիճան պաշտոնեաներուն «խնդրած է թողնել իրենց զբաղեցուցած պաշտօնները»։
«Նման խնդրանքով դիմելու պատճառները անձնաւորուած չեն, այլ համակարգային, որոնց մասին հրապարակային խօսած եմ», Դիմատետրի իր էջին գրած է Փաշինեան։
Կառավարութեան վերջին՝ Նոյեմբերի 15-ի նիստին վարչապետը յայտարարած էր, որ իրաւապահ համակարգէն ճշգրիտ արդիւնքներ կը պահանջէ։ «Դատական, իրաւապահ, ուժային կառոյցներու յարգելի ներկայացուցիչներ, իմ համբերութեան բաժակը լցուած է»,- ըսած էր Նիկոլ Փաշինեանը։