«Ակօս»ի յօդուածագիրներէն Նազար Պիւյիւմ մահացաւ

Ան միջոցէ մը ի վեր դարմանում կը տեսնէր։ Ծնած էր 1944-ին։ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքը աւարտելէ ետք ուսանած էր Իսթանպուլի Համալսարանի Անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն բաժինը։ 1975-ին երկու ընկերներու հետ միասին հիմնած էր «Աժանս Ատա» ընկերութիւնը։

1981-ին այդ ընկերութենէն հրաժարելով հիմնեց «Ատամ» հրատարակչատունը, «Մերքեզ Աժանս»ը եւ «Անատոլու» հրատարակչութիւնը։

Ատամ հրատարակչատունէն լողս տեսաւ գրական ու գեղարուեստական բազմաթիւ գիրքեր ու պարբերականներ։

«Անատոլու» հրատարակչութիւնը հրատարակեց «Եուրթ Անսիքլոփետիսի», «Թիւրք եւ Տիւնյա Անսիքլոփետիսի»ի նման գիտելիքի աղբիւր գիրքեր։

1985-ին Օսման Քավալա եւ Սելահատտին Պէյազըթի հետ հիմնեց «Անա Եայընճըլըք»ը, ուր հրատարակեցին «Պրիթանիքա» հանրագիտարանի թրքերէն տարբերակը «Անա Պրիթանիքա», «Պրիթանիքա Քոմբթընս» եւ «Թեմել Պրիթանիքա» հանրագիտարանները։

Նազար Պիւյիւմ հեղինակած, խմբագրած եւ թարգմանած է զանազան գիրքեր։

«Ակօս»ի գրողներէն Պիւյիւմ իր «Ակօս»ի յօդուածները հաւաքած էր «Յետադարձ Ակնարկ» գիրքի մէջ։ Այդ յօդուածները 1960-ական տարեթիւերէն սկսելով երկրի մշակութային, գեղարուեստական, գրական եւ հրատարակչական միջավայրի մասին շատ կարեւորվկայութիւններ կը պարունակեն։

Միւս կողմէ Կեսարիոյ Տեվելի գաւառէն սկսող եւ Իսթանպուլ շարունակուող կեանքը հայ երիտասարդի մը եւ հայ ընտանիքի մը ապրումները գունագեղ տողերով կը փոխանցէ ընթերցողին։

Նազար Պիւյիւմ մահացաւ 21 Նոյեմբեր Հինգշաբթի օր, ան միջոցէ մը ի վեր դարմանում կը տեսնէր։

Յուղարկաւորութեան ու թաղման մանրամասնութիւնները պիտի յստականան յառաջիկայ ժամերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ