Երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրաւէրով աշխարհասփիւռ հայութիւնը (բացի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի) առ Աստուած աղօթ կը բարձրացնէր Ատրպէյճանի կողմէ գերի պահուած հայոց համար, Արցախի Հանրապետութեան երբեմնի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ, անդրադառնալով արցախահայութեան առկայ խնդիրներուն։
«Ատրպէյճան ընդհանրապէս իր պարտաւորութիւնները չէ կատարած այդ եռակողմ յայտարարութիւնով, որու հետեւանքով ունինք այն, որ ես ու բոլոր արցախցիները այստեղ ենք, Եռաբլուր կ՚այցելենք մեր զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար», Եռաբլուրէն այս յայտարարութիւնը կատարեց Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան։ Ան աւելցուց նաեւ. «Մենք հիմա ունինք մի իրավիճակ, որ սովորաբար, այդ թուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ չի խօսուիր եռակողմ յայտարարութեան մնացած դրոյթներու մասին, այլ ատրպէյճանական եւ ռուսական կողմէ կը խօսուի յատկապէս իններորդ կէտի վերաբերեալ»։
Ըստ Բեգլարեանի՝ անիկայ, իրականութեան մէջ, հիմնարար հարցերէն մէկն է, բայց այդ փաստաթուղթը պէտք է դիտել իր ամբողջութեան մէջ: «Եթէ որեւէ դրոյթեան մասին խօսք կ՚ընթանայ, ապա ամբողջ փաստաթուղթի բոլոր դրոյթները պէտք է կատարուին ու յարգուին: Ես չէի ուզեր, որ մենք մեր իրաւունքներու հարցը բերենք ու սահմանափակենք միայն եռակողմ յայտարարութեան սահմաններուն: Պէտք է խօսինք նաեւ մեր հիմնարար իրաւունքներու մասին, որոնք միջազգային իրաւունքի աւելի բարձր նորմերով ու փաստաթղթերով ամրագրուած են, այդ թուին Մ.Ա.Կ.-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամանով, որ կը նշանակէ, մենք պէտք է վերադառնանք մեր հայրենիք եւ այնտեղ անվտանգ, արժանապատիւ կեանք ունենանք», շեշտեց Բեգլարեան։
Ըստ անոր՝ արցախահայերու իրաւունքին վերաբերեալ առաջնային բանակցողը պէտք է ըլլայ Հայաստան, որովհետեւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն ոեւէ մէկը նկատի չ՛առնուիր, որովհետեւ անոնք այլեւս գործօն չեն:
«Արցախի մէջ մենք գործօն էինք, քիչ թէ շատ մեզ հետ հաշուի կը նստէին, սակայն Արցախի կորստէն ետք որեւէ մէկը չուզէր մեզ հետ հաշուի նստիլ, այդ թուին միջազգային միջնորդները: Հայաստանը մշտապէս եղած է, հիմա ալ պէտք է ըլլայ, Արցախի ժողովրդի իրաւունքներու անվտանգութեան երաշխաւորը միջազգային մակարդակին բանակցելով եւ այլն», եզրափակեց Բեգլարեան։