Որո՞նք են հայու ինքնութեան բաղադրիչները

Նման հար­ցումը հա­ւանա­բար հա­րիւր տա­րի առաջ այլ նշա­նակու­թիւն ու­նե­նար, բաղ­դատմամբ ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րու:

Օրի­նակի հա­մար հա­յախօ­սու­թիւնը որոշ չա­փանիշ կա­րելի էր հա­մարել, առանց մոռ­նա­լու Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի կամ Կի­լիկիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րու թրքա­խօս հա­յու­թիւնը:

Ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նէ դուրս բնա­կող հա­յերու կա­րեւոր մէկ հա­տուա­ծը կորսնցու­ցած են հա­յախօ­սու­թիւնը, բնա­կանա­բար անոր հետ միասին հա­յեցի գրա­ճանա­չու­թիւնը:

Ու­րեմն հա­յախօ­սու­թիւնը ինքնին ստու­գիչ մը չէ հայ ինքնու­թիւնը փաս­տե­լու հա­մար: Հա­պա կրօ­նը՞, յատ­կա­պէս Քրիս­տո­նէու­թիւնը, մա­նաւանդ ալ Լու­սա­ւոր­չա­կան եկե­ղեցին ինքնին բա­ւարար ե՞ն ան­հա­տի հայ ինքնու­թիւնը բա­ցայայ­տե­լու հա­մար: Եթէ այդպէս հաս­տա­տենք, հա­պա ինչպէ՞ս պի­տի բա­ցատ­րենք հայ կա­թողի­կէ եւ հայ աւե­տարան­չա­կան հա­մայնքնե­րը: Մնաց որ մեր ներ­կայ իրո­ղու­թեան մէջ կան հա­յեր, որոնք իս­լա­մադա­ւան կամ ալե­ւիադա­ւան դար­ձած են:

Տա­րիներ առաջ ֆրան­սա­ցի լրագ­րո­ղը նման հար­ցում մը ուղղած էր Գա­րեգին Բ կա­թողի­կոսին, օրի­նակ բե­րելով Տէր­սի­մի հայ ծա­գու­մով ալե­ւիդա­ւան բնակ­չութիւ­նը: Ու­շագրաւ էր Կա­թողի­կոսի «ինչպէս որ կը հան­դի­պինք հա­յախօ­սու­թե­նէ դադ­րած հա­յերու, կա­րելի է հան­դի­պիլ նաեւ ոչ Քրի­սոնեայ հա­յերու» պա­տաս­խա­նը: Սա­կայն յայտնի է որ այս հաս­տա­տու­մը այնքան ալ ըն­դունե­լի չի թո­ւիր շա­տերու հա­մար:

Սոյն խոր­հուրդնե­րուն մատ­նո­ւեցանք, երբ Էջ­միած­նէն հա­սաւ մեր սի­րելի բա­րեկամ Սե­ւան Նշա­նեանի թոռ­նուհիի մկրտու­թեան լու­րը: Նա­մակա­գիրը կը նշէր թէ անաս­տո­ւած Սե­ւանի թոռ­նուհին մկրտո­ւած է մայ­րա­վան­քի մէջ, կնքա­հայ­րութեամբ դար­ձեալ մեր սի­րելի ըն­կերներ Ժա­նէթ եւ Սե­զար Աւե­տիքեան­նե­րու մի­ջոցաւ: Բա­րեբախ­տա­բար հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցին պսա­կադ­րութեան, յու­ղարկա­ւորու­թեան եւ գո­նէ ան­չա­փահաս­նե­րու մկրտու­թեան հա­մար չդի­մէր հա­ւատի քննարկման: Այդ բա­նը կ'ընէ միայն Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը, մկրտու­թեան դի­մում ներ­կա­յաց­նող չա­փահաս­նե­րէն պա­հան­ջե­լով Քրիս­տո­նէական որոշ գի­տելիք­ներ: Իր կար­գին տրա­մաբա­նական պա­հանջ մը՝ բայց նոյնքան անի­մաստ, քա­նի որ շա­տեր կը ցան­կան մկրտո­ւիլ ոչ թէ Քրիս­տո­նէական հա­ւատի բեր­մամբ, այլ հայ հա­մարո­ւելու մի­տու­մով:

Խնդիրն այն է թէ ՀՀ իշ­խա­նու­թիւններն ալ քա­ղաքա­ցիական դի­մումնե­րու հա­մար կ'ապա­ւինին եկե­ղեց­ւոյ տո­ւած մկրտու­թեան փաս­տա­թուղթին: Ու­րեմն պե­տական գոր­ծո­ղու­թիւնը առնչո­ւած է եկե­ղեց­ւոյ տնօ­րինու­թեան: Մինչ կ'ակնկա­լուէր որ պե­տու­թիւնը ու­նե­նայ իր չա­փանիշ­նե­րը կամ ստուգման եղա­նակ­նե­րը, ան­կախ եկե­ղեց­ւոյ մի­ջամ­տութե­նէն:

Եր­կար քննարկման առար­կայ այս նիւ­թը ցա­ւօք ար­ժա­նի կեր­պով չի քննար­կո­ւիր մեր ըն­կե­րային հար­թակնե­րու վրայ:

pakrates@yahoo.com



Yazar Hakkında

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ