Ցանկալի կ’ըլլար, եթէ…
Ցանկալի կ’ըլլար, որ մենք, արեւմտահայերէն խօսողներս աւելի յաճախ գործածէինք «ցանկալի» ածականը։ Կարծես, թէ մեր բոլոր ցանկութիւնները մարած են եւ մեզի մնացեր է «ուզել» բայը լոկ։ Մինչդեռ, կը յիշէ՞ք միջնադարը լի էր բազմաթիւ ցանկութիւններով՝ ցանկալի, ցանկասէր եւ ցանկամոլ անձնաւորութիւններով։ Վկանե՞րը այս համոզումիս. Հայկական մատենագրութեան էջերը։ Մեզմէ կէս հազարամեակ մը առաջ Ատոմ երէցը գրեց «Գանձ Շողակաթին» բանաստեղծութիւնը եւ նկարագրեց այդ գեղեցկութիւնը. «Սա է դրախտ ադենի յերկրիս, / Ուստի ճաշակեմք զպտուղ ցանկալիս»։ Իր Մատեանի մէջ Գրիգոր Նարեկացին քանի մը ցանկալի առարկայ յիշեց. «Անօթ ցանկալի», «Տուն ցանկալի», «Այգի ցանկալի»։ Նարեկացին «Տաղ քաղցրիկ» բանաստեղծութեան մէջ բացատրեց, թէ Երուսաղէմն էր ցանկալի, որ նման էր հարսի. «Սեաւ եմ գեղեցիկ / դուստր Եւայի Երուսաղէմ. / ահա նա հարսն իմ ցանկալի»։ Իսկ 1298 թուականին գրի առնուած Յիշատակարանի մը մէջ Վարդան անուն գրիչը բացատրեց, թէ ո՚վ էր այդ մարդը որ պատուիրեր էր գիրքը. «Աստուածաշունչ կտակիս ցանկացող եղեւ աստուածասէր եւ հոգեսէրն տանուտէր Կիրակոս»։ Ապա ան յիշեց աշխատանքի արդիւնքը. «Խոշոր գրով աւարտեցի զցանկալի տառս»։ Գիրքի աւարտին Վարդան գրիչը յիշեց նաեւ իր օգնականներու անունը. «Ցանկալին հրեշտակք»։
Ցանկալի նահատակութիւն
Բարեպաշտ հայու համար ցանկալի էր նաեւ նահատակութիւնը։ Բազմաթիւ եղերերգութիւններ եւ ողբեր գեղեցկօրէն կը նկարագրեն այդ երանելի վիճակը։ Յայսմաւուրք գիրքը խմբագրող, լրացնող եւ հարստացնող երաժիշտ, խազագէտ, րաբունապետ եւ ծաղկող Գրիգոր Ծերենց Խլաթեցին երբ 1425 թուականին նահատակուեցաւ, իր աշակերտը գրեց «Եղերերգութիւն ի մահ նահատակութեան Ծերենց Գրիգոր վարդապետի Խլաթեցւոյ» բանաստեղծութիւնը եւ ողբաց. «Ո՜վ ցանկալիդ ամենայնի, / Րաբունապետ Հայոց ազգի / Վարդապետաց էր ցանկալի, / Վարդ անթառամ յեկեղեցի, / Եւ յօրինէր ճառս ցանկալի»։ Իսկ երբ Յարութիւն անունով կարնեցի հայ մը 26 Փետրուար 1255 թուականին Զմիւռնիոյ մէջ իր ծաղիկ հասակին նահատակուեցաւ, լուրը հասաւ իր ծննդավայրը՝ սուգի մէջ դնելով քաղաքը։ Այդ օր նօտար մը գրեց ողբ, ու երիտասարդին կոչեց՝ «Հրաշագեղտիպ ցանկալի»։ Քիչ չեն մարտիրոսացած «այր ցանկալի», «կին ցանկալի», «ցանկալի սիրուհի» հայեր։ Անոնց յիշատակը փառաբանող վկայարաններու մէջ, յարգելի ընթերցող, ես գտայ ընտիր պատիւներ, ինչպէս՝ «Ցանկայր մարտիրոսական մահուան» եւ «Ցանկալի կեանք»։ Ըստ գրիչներու, նահատակութեան օրը երկինքն ալ կ’ըլլար բերկրալի. «Ուրախութեամբ ցնծայր եւ կաքաւելով հրճուէր ցանկալին զուարթնոց»։
Ընկերոջ ցանկալի կինը
Աստուածաշունչ մատեանը, յարգելի ընթերցող, լի է ցանկութիւններով։ Գիրքը մեզի տուաւ յոյս, խոստանալով, թէ, եթէ ցանկութեան կէտը Տէրն է եւ իմաստութիւնը, ապա անպայման կը հասնինք արքայութեան. «Ցանկացայ փրկութեան քում, Տէր… Ցանկութիւն իմաստութեան՝ տանի յարքայութիւն»։ Աստուածաշունչը խրատական խօսք մըն ալ ունի. «Դադարք իմաստութեան՝ ցանկալի են քան զոսկի, դադարք հանճարոյ՝ ցանկալի են քան զարծաթ»։ Բայց, ըստ Աստուածաշունչի, ո՚չ բոլոր ցանկութիւններն են ցանկալի։ Կան նաեւ անցակալի ցանկութիւններ։ Շփոթեցուցի՞չ խօսք է սա։ Բացատրութեան մը համար աւելի լաւ է, որ Գիրքը խօսի. «Մարմին ցանկայ հակառակ հոգւոյ, եւ հոգի՝ հակառակ մարմնոյ»։ Սուրբ Գիրքը ունի նաեւ արգիլուած ցանկութիւններու ցանկ մը. «Մի՚ ցանկանար տան ընկերի քո», «Մի՚ ցանկանայցես արծաթոյ եւ ոսկւոյ», «Մի՚ ցանկանար կնոջ ընկերի քո»։
Ցանկալի դաշնակից
Հայկական մամուլի մէջ «ցանկալի» բառը ունի իր յատուկ գործածութիւնը։ Անիկա ո՚չ կրօնա-բարոյական նշանակութիւն ունի, ոչ ալ՝ սիրային։ «Ցանկալի» բառը եթէ թերթի մը մէջ յայտնուած է, հասկցէք, թէ զգայացունց լուր մը պիտի կարդաք։ Հասկցէք, թէ անօրինական կամ քաղաքական բարդ վիճակ մը կայ։ Այդ տեսակ քանի մը խորագիր վերջերս լոյս տեսաւ հայրենի լրագիրներու մէջ եւ ես թէ՚ հաճոյքով եւ թէ՝ ափսոսանքով ընթերցեցի զանոնք։ Այժմ, յարգելի ընթերցող, կը ցանկամ մէկ երկու հատը մէջբերել։ Առաջինը Վանաձոր համայնքապետարանի մէջ տեղի ունեցած օրինախախտումներու մասին է. «Օրէնսդրութիւն են խախտում ցանկալի անձանց պաշտօն տալու համար»։ Իսկ երկրորդը կաշառակերութեան դէպք մըն է. «Կաշառք են պահանջել ծառայութեան ցանկալի վայր ընտրելու դիմաց»։ Շաբաթ մը առաջ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր մը բոլորիս ներկայացուց Հայաստանի աշխարհա-քաղաքական նոր դիրքը. «Մենք ցանկալի դաշնակից ենք Եւրոպայի համար»։ Նոյն օրերուն Զախարովան խօսեցաւ հիւսիսային ոճով. «Ցանկալի չէր լինի, որ Հայաստանը կրկնէր Ուկրաինայի ճակատագիրը»։ «Ցանկալի» ածականի հականիշն ալ ունի դիւանագիտական նշանակութիւն. «անցանկալի» է այն անձը, որ մերժում կը ստանայ հիւրընկալող կառավարութեան կողմէ։
Ցանկալի վարդը
«Ցանկալի» բառը իր արժանի տեղը գտաւ սիրային բանաստեղծութիւններու մէջ։ Սիրատենչ այրեր, գարուն էր անշուշտ, հանդիպեցան գեղեցիկին, ներազդուեցան անոր բոյրէն, այրեցան ցանկութեամբ եւ յօրինեցին քնարական տողիկներ։ Այդ սիրավառ տղաներէն մէկն է 130 սիրային տաղերու հեղինակ, երաժիշտ եւ մանկավարժ Յովհաննէս Կարնեցին։ Անոր «ցանկալի» էակը ցնծութեան աղբիւր մըն էր. «Իմ ցանկալիդ, երբ գաս առ իս, / Ճոխանալով, ճոխանալով, / Նոր ցնծութիւն սրտիս ծագիս, / Ճոխանալով, ճոխանալով»։ Գարնան մէկ այլ օր էր՝ Վարդան Կաֆացին վարդի բոյր ցանկացաւ. «Վարդն է բացուէր առաւօտեան գոյնզգոյն / Գերագոյն վարդ, դու ցանկալի ես մանկանց, / Մի՛ թափիր, վարդ, մի՛ թափիր, / Խիստ այրեցայ ես քո հոտոյն, / Մի՛ լափիր, վարդ»։ Իսկ կաթողիկոս, բանաստեղծ Գրիգորիս Աղթամարցին, որ յայտնի է նաեւ սիրային այլաբանական բանաստեղծութիւններով, Վանայ ծովու եւ այգեստաններու տենչալի պատկերէն յափշտակուած՝ գրի առաւ հետեւեալ քառեակը. «Ահա այգիք մեր ծաղկեցան, / Բուրեն զհոտն անմահութեան, / Ե՚կ, ցանկալի իմ եւ աննման / Եւ զուարճասցուք ի բուրաստան»։
Յանկարծ լեզուս չըսէ. «Ցանկալիս»
Հայկական նոր գրականութեան երկու բանաստեղծներ, Վահան Տէրեանը եւ Պարոյր Սեւակը, գեղեցիկը պաշտող գրիչներ, կնոջ պատկերին, կամ գաղափարին առջեւ խոնարհած՝ «ցանկալի» քերթուածներ ստեղծեցին։ Տէրեանը պատմեց հեռաւոր եւ անհաս սիրոյ վիշտը. «Դու իմ միակ ցանկալիս, / Դու իմ անո՜ւշ տարագիր… Վառուած են մութ ցանկութեան ջահեր անխօս… Շուրթերդ — վարդ բոցաւառուած են իմ առաջ ցանկութիւնով արիւնատենչ ու մեղսական»։ Իսկ Պարոյր Սեւակը, գարնան ջերմութենէն եւ վարդերու բոյրէն շատ հեռու, Մոսկուայի մէջ, Դեկտեմբեր էր, 1955 թուական, յուսահատ տրամադրութեամբ գրեց. «Մի՚ մոռացիր, որ շատ յաճախ, ցանկալի՚ս, / Երբ յոյս ցանում ու հաւատ են շաղ տալիս, / Չի՜ կանաչում։ / Յիշի՚ր, որ միշտ ուշանում է ցանկալին»։ Իսկ աւարտին ան որոշեց չգործածել այդ բառը.
Ես չէի նայում,
Որ անինքնասէր իմ լեզուն յանկարծ
Չասի. «Ցանկալի՜ս»։
Ցանկալի է աշխարհս
Այսօր, յարգելի ընթերցող, անշուշտ թէ ձեզի երգով մը հրաժեշտ պիտի տամ։ Սակայն որպէս վերջին գեղեցիկ խօսք, որպէս իմաստուն միտք, խրատ մը թանկագին՝ կը փափաքիմ Եղիշէ Չարենցի մէկ երկտողը մտաբերել. «Ինչքան աշխարհը սիրես ու աշխարհով հիանաս —
Այնքան աշխարհը անուշ ու ցանկալի կը լինի»։ Իսկ այժմ լսենք «Երգ Հայրենի» գործը։ Խօսք՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, երաժշտութիւն՝ Մակար Եկմալեան.
Մինչ բոյր ի բոյր փթթին ծաղկունք
Եւ ճռուողեն նորեկ ծիծռունք,
Ի քեզ ես դարձ առնեմ յայնժամ,
Ո՜վ ցանկալիդ իմ Հայաստան։
Զնինջ ի ծոցդ առնում յայնժամ,
Ո՜վ ցանկալիդ իմ Հայաստան։