Թարգմանչաց Տօնը ամէն տարի կը նշուի Ս. Խաչի տօնին չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Շաբաթ օրը։ Կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, թարգմանչաց շարժումն ու հայ դպրութեան սկիզբը։ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետներուն տօնը հայ ժողովուրդին ամէնէն նուիրական եւ սիրուած ազգային-եկեղեցական տօներէն է:
Ամէն տարի Թարգմանչաց Տօնի առիթով կը տրամադրենք շաբաթ մը եւ այս շաբթուան մէջ կ'իրականացնենք զանազան գործունէութիւններ, այս տարի ալ վարժարանիս երդիքին ներքեւ Թարգմանչացի տօնակատարութիւններու շարքէն ներս 16 Հոկտեմբեր Չորեքշաբթի, 5 երկրորդական վարժարաններու սաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ` լեզուի ու մտքի մշակներէն Զաւէն Պիպէռեանի անմահ յիշատակին ձօնուած Պատմուածք Գրելու Փառատօն մը։
Ամէն մէկ վարժարան սոյն փառատօնին մասնակցեցաւ 3 պատմուածքով, ընդամէնը 15 աշակերտներով: Աշակերտներու կողմէ հայերէնով հեղինակուած պատմուածքներու սրբագրութիւնները կատարուեցան իրենց հայերէն լեզուի ուսուցիչներու կողմէ: Ապա սաները իրենց ձեռագրով գրած պատմուածքները ուղարկեցին վարժարանս: Որպէս անմոռանալի յիշատակ վարժարանիս կողմէ պատրուաստուեցաւ գրքոյկ մը, որուն մէջ ամփոփուած էր սաներու պատմուածքները:
Սաներ փառատօնին նախ ընթերցեցին իրենց հեղինակած պատմուածքներէն բաժիններ իսկ աւելի վերջ պատասխանեցին ծրագրի յարգելի հիւրերուն` Արմէն Սարուխանեանի, Արթուն Կէպէնլիօղլուի եւ Ռոպէր Քոփթաշի հարցումներուն: Սաները առիթը գտան իրենց երազներուն մասին արտայայտուելու, արդէն իսկ ասոնց ցոլացումը կը տեսնուէր իրենց պատմուածքներուն մէջ: Երբ բարձրախօսը հասաւ ուսուցիչներուն, զիրենք յայտնեցին իրենց երախտիքը, որ երկու տարիներէ ի վեր 5 վարժարաններու մասնակցութեամբ արդիւնաբեր գործունէութիւններով հանդէս կու գայ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքը: Աւելցուցին նաեւ թէ շնորհակալ են, որ ապրուեցաւ փառատօնի մթնոլորտ մը՝ ոչ թէ մրցումի:
Ծրագրի երկրորդ փուլին, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններէն խումբ մը սաներ արտայայտուեցան ու զրուցեցին՝ «Անկուտի Սիրահարներ» եւ «Մրջիւններու Վերջալոյսը» վէպերու մասին: Սաները արդէն իրենց հայերէն եւ թրքերէն դասապահերուն ծանրացած էին այս վէպերուն վրայ եւ կատարած էին մեկնաբանութեան զանազան աշխատանքներ: Պրն. Ռոպէր Քոփթաշն ու Պրն. Արթուն Կէպէնլիօղլուն Զաւէն Պիպէռեանի գիրքերու եւ արդի գրականութեան մասին հետաքրքրական գիտելիքներ փոխանցելով աւարտին հասցուցին զրոյցը։
Եզրափակիչ փուլին վարժարանիս տնօրէն Հայկ Սէրքան Գըյըճըն հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին գնահատեց փառատօնին կազմակերպութեան պաշտօնը ստանձնած վարժարանիս հայերէնի ուսուցիչներ՝ Սիւզան Ավճըն եւ Թաթիա Մարաշլեանը, Մրջիւններու Վերջալոյսը վէպը իր դասապահերուն ուսումնասիրող թրքերէնի ուսուցիչ՝ Մուզաֆֆէր Կէլիպոլուն, շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից աշակերտներուն ու իրենց ուսուցիչներուն: Նաեւ ան ողջունեց հիւրերը: Պրն. Գըյըճըն իր խօսակցութեան մէջ ընդգծեց` հայ մշակոյթի, հայկական ինքնութեան եւ հայ լեզուի պահպանման կարեւորութիւնը ու նշեց թէ հինգ տաղաւարները ինչպէս կարեւոր են քրիստոնէական հաւատքին մէջ, նոյնպէս ալ Թարգմանչաց Տօնը կարեւոր է հայ լեզուի եւ մշակոյթին համար: