Էպոսագիտական 6-րդ գիտաժողովի առթիւ

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Հայաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Գի­տու­թիւննե­րու Ակա­դեմիայէ ներս 11-12 Հոկ­տեմբե­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Էպոս, ինքնու­թիւն եւ մշա­կոյթ» էպո­սագի­տական 6-րդ մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղովը՝ նո­ւիրո­ւած «Սաս­նայ Ծռեր» առաս­պե­լի ու­սումնա­սիրու­թեան 150-ամեակին։

Գի­տաժո­ղովի բա­ցու­մը կա­տարեց Ակա­դեմիայի Հնա­գիտու­թեան եւ ազ­գագրու­թեան ինստի­տու­տի տնօ­րէն Ա. Բո­բոխո­յեանը։ Նոյնպէս ինստու­տուտի Հա­յագի­տու­թեան եւ հա­սարա­կական գի­տու­թիւննե­րու բա­ժան­մունքի ակա­դեմի­կոս-քար­տուղար Յու­րի Սու­վա­րեանը՝ ող­ջունեց ժո­ղովի մաս­նա­կից­նե­րը նշե­լով. «Մեր դիւ­ցազներ­գութեան նո­ւիրուած այս գի­տաժո­ղովը չա­փազանց կա­րեւոր է մա­նաւանդ մեր օրե­րուն։ Գի­տաժո­ղովի թե­ման շատ ար­դիական է, ու­նի ոչ միայն գի­տական, մշա­կու­թա­յին, մշա­կու­թա­բանա­կան, այ­լեւ՝ գործնա­կան նշա­նակու­թիւն, մեր պատ­մութիւ­նը ու մշա­կոյ­թը օտար յար­ձա­կումնե­րէն պաշտպա­նելու տե­սակէ­տէն։ Մեր դիւ­ցազներ­գութեան ամ­բողջ տրա­մաբա­նու­թիւնը ուղղո­ւած էր ան­կա­խու­թեան ձեռքբեր­ման՝ ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան շարժմա­նը։ Այ­սօր գի­տաժո­ղովին հնչող դրոյթնե­րը պէտք է նպաստ բե­րեն մեր ան­կախ պե­տակա­նու­թեան անվտան­գութեանը եւ ան­շուշտ, մշա­կոյ­թի, գի­տու­թեան զար­գացման»։

Ող­ջոյնի ու­ղերձներ ար­տա­սանե­ցին նաեւ հա­յագի­տական ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը ֆի­նան­սա­ւորող հա­մահայ­կա­կան հիմ­նադրա­մի տնօ­րէն, պատ­մա­կան գի­տու­թիւննե­րու դոկ­տոր, փրո­ֆէսոր Ար­ման Եղիազա­րեանը, Հայ-Ռու­սա­կան Սլա­ւոնա­կան Հա­մալ­սա­րանէն բա­նասի­րական գի­տու­թիւննե­րու դոկ­տոր, Փրո­ֆէսոր Ազատ Եղիազա­րեանը, Գա­լիֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րանէն փրո­ֆէսոր Փե­թեր Քաուին, Պոն­նի Հա­մալ­սա­րանի փրո­ֆէսոր Քարլ Ռայխլը, Աբ­խա­զիայի Գի­տու­թիւննե­րու Ակա­դեմիայի նա­խագահ, ակա­դեմի­կոս Զու­րապ Ջա­փուան եւ այլք։

Գի­տաժո­ղովին ներ­կայ էին նաեւ Իս­թանպու­լի, Սա­սու­նի ու Պիթ­լի­սի հա­յերու միու­թեան նա­խագահ Արամ Տե­միրը եւ վար­չութեան ան­դամնե­րը, այլ գիտ­նա­կան­ներ ու հիւ­րեր։

Եր­կօ­րեայ մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղովի ըն­թացքին ներ­կա­յացո­ւեցան 27 զե­կոյցներ «Վի­պասում, նախ­նա­դարեան պա­տումներ եւ տար­բե­րակա­նու­թիւն», «Պատ­մամշա­կու­թա­յին մի­ջավայր եւ ար­քե­տիպեր», «Տա­րածաշրջա­նային կա­պեր եւ վի­պական աւան­դոյթ», «Վի­պական երգ եւ մո­թիֆ», «Առաս­պե­լը յա­րակից գի­տակար­գե­րու տի­րոյ­թին» խո­րագի­րերով նիս­տե­րու շրջա­նակին։

Մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղովը ար­ժե­ւորուեց նաեւ «Շո­ղակաթ» հե­ռուստաըն­կե­րու­թեան պատ­րաստած «Գրոց եւ Բրոց հետ­քե­րով» ֆիլ­մի ցու­ցադրու­թիւնով։ Վեր­ջինս սա­սունցի ուխտա­ւոր­նե­րու՝ Մա­րու­թա սար ուխտի եր­թա­լու եւ «Սաս­նայ ծռեր» առաս­պե­լի մի­ջավայ­րի մա­սին էր։ Ֆիլ­մի հե­ղինա­կը էպո­սագէտ Հայկ Համ­բարձու­մեանն է, ռես­ժի­սորը Վա­հէ Սու­քիասեանը եւ նկա­րահա­նը՝ Վա­հէ Աղա­մեանը։

Գի­տաժո­ղովին ներ­կայ էին նաեւ թուրքիայէն ժա­մանած սա­սունցի­ներ՝ Պես­սէ Քա­պաք ու Պեհ­չեթ Չեվ­չի։ Վեր­ջիններս ներ­կա­յացու­ցին առաս­պե­լի ստեղծման հայ­րե­նիքի մե­րօրեայ պատ­կե­րը, ինչպէս նաեւ հե­տաքրքիր փաս­տեր «Սաս­նայ ծռեր» առաս­պե­լի վեր­ջին պատ­մո­ղի շուրթե­րով։

«Ակօս»ի թղթա­կից Մա­րի Յով­հաննի­սեանը մաս­նակցե­լով Մա­րու­թա սա­րի ուխտագ­նա­ցու­թեան եւ կա­րեւո­րելով մի­ջազ­գա­յին նմա­նօրի­նակ իրա­դար­ձութեան կա­տարու­մը՝ կը նշէ. «Իրա­դար­ձա­յին էր 2024 թո­ւակա­նը ար­ժե­ւորե­լով «Սաս­նայ Ծռեր» էպո­սի ու­սումնա­սիրու­թեան 150-ամեակը՝ Հայկ Համ­բարձու­մեանի հետ լծո­ւեցանք մեր գա­ղափար­նե­րու իրա­գործման։ Պոլ­սաբնակ մեր հայ­րե­նակից­նե­րու հետ ուխտի գա­ցինք Սա­սուն աշ­խարհ։ Ամէն տա­րի Յու­լիս ամ­սուայ վեր­ջին կի­րակի օրը սա­սունցի­ները ուխտի կ՚եր­թան Մա­րու­թա Սուրբ Աս­տուածա­ծին։ Մենք ալ՝ որ­պէս սա­սունցի կե­նը կրող­ներ, սոյն թո­ւակա­նի Յու­լի­սի 28-ին բարձրա­ցանք Սուրբ Լեռն Հա­յոց՝ Մա­րու­թա սար անու­նով։ Ծնկե­ցինք Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի խո­նար­հո­ւած պա­տերու ներ­քոյ եւ «Հայր Մեր» մրմնջա­ցինք առ Աս­տո­ւած։ Արե­ւի առա­ջին շո­ղերու հետ տե­սանք՝ ինչպէս եր­կիրն ու եր­կինք կը հան­դի­պին։ Այդ նոյն օրո­ւայ արե­ւամու­տին տե­սանք Կոմ­քի Սուրբ Պետ­րոս Առա­քեալ Վան­քի բար­ձունքէն։ Պատ­մա­կան էր, ինչ խօսք։ Հոկ­տեմբե­րի 11-12-ը իրա­դար­ձա­յին էր մի­ջազ­գա­յին էպո­սագի­տական գի­տաժո­ղովի անցկաց­ման առու­մով։ Աշ­խարհի տար­բեր կէ­տերէն էպո­սագէտ­ներ հա­ւաքո­ւած էին մէկ յար­կի տակ՝ խօ­սելու էպո­սի մա­սին։ Կա­րելի է վստա­հօրէն ըսել, որ «Էպոս, ինքնու­թիւն եւ մշա­կոյթ» էպո­սագի­տական 6-րդ մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղովը այ­լեւս իրո­ղու­թիւն է։ Այս առ­թիւ կը շնոր­հա­ւորեմ բո­լորս»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ