Հայկական սփիւռքը եւ 1960-70-ականներու վերածնունդը

ՆՈՐԱՅՐ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

(Տարբերակ21)

Յարութիւն Քիւրքճեանի յի­շատա­կին նո­ւիրո­ւած, Ռազ­միկ Փա­նոսեանի՝ «Յա­րու­թիւն Քիւրքճեանի յի­շատա­կին. մտա­ւորա­կան հսկայ մը» յօ­դուա­ծը ոչ միայն մե­ծապէս գնա­հատո­ւեցաւ մտա­ւորա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ, այ­լեւ սե­ղանի վրայ դրաւ խիստ կա­րեւոր հարց մը՝ սփիւռքա­հայ ինքնու­թեան որո­նու­մի եւ սա­համա­նու­մի շա­րու­նա­կական գոր­ծընթա­ցը, որ սկիզբ կ’առ­նէր 1968-ին, ինչպէս Փա­նոսեան կը նշէ. «68-ի այս հայ սե­րունդը կոչ ուղղեց վե­րիմաս­տա­ւորե­լու մեր ինքնու­թիւնը՝ որ­պէս սփիւռքա­հայեր, նաեւ՝ ինչպէ՞ս առնչո­ւելու աշ­խարհին, մեր ան­ցեալին, ներ­կա­յին ու ապա­գային, եւ հայ­րե­նիքի գա­ղափա­րին»։

Օրին, քննար­կումնե­րը եղած են բուռն ու կծու, ինչպէս կը վկա­յէ Նո­րայր Էպ­լի­ղաթեան հե­տագայ թարգմա­նաբար տրուած իր գրու­թեան մէջ (քա­ղուա­ծաբար՝ The Armenian Weekly-ի 2 հոկ­տեմբեր 2024-ի թի­ւէն), զոր գրած է Ռ. Փա­նոսեանի վե­րոն­շեալ յօ­դուա­ծին առի­թով։ Ինք նաեւ ան­դամ 1968-ի սե­րունդին, բա­ցատ­րութիւններ կու տայ օրին ար­ծարծո­ւած տե­սակէտ­նե­րուն եւ տար­բեր ուղղու­թիւննե­րուն մա­սին՝ ընդգծե­լով, որ «սփիւռքեան ինքնու­թեան մա­սին բա­նավէ­ճերը կը մնան ի զօ­րու եւ յա­ւելեալ ու­շադրու­թեան կա­րիքը ու­նին»։

Այո՚, կը մնան ի զօ­րու, եւ Ռազ­միկ Փա­նոսեանի յօ­դուա­ծը կը դառ­նայ հրա­ւէր մը բո­լորին վերսկսե­լու զա­նոնք՝ հոգ չէ թէ «բուռն ու կծու»։

Մեծ հե­տաքրքրու­թեամբ կար­դա­ցի Ռազ­միկ Փա­նոսեանի յօ­դուա­ծը՝ Յա­րու­թիւն Քիւրքճեանի մա­հուան քա­ռասունքին առի­թով։ Պէտք է ըսեմ, որ ան զիս ետ տա­րաւ դէ­պի այն ժա­մանակ­նե­րը, երբ մեր սե­րունդը սկսաւ գնա­հատել ան­ցեալը եւ քննար­կել ապա­գայի կա­րելիու­թիւննե­րը՝ դա­սական ժա­մանց մը, իւ­րա­քան­չիւր նո­րահաս սե­րունդի հա­մար։

Իբ­րեւ յա­ւելեալ տե­ղեկու­թիւն, նշեմ, որ ես կը պատ­կա­նէի քաղ­քե­նի երի­տասարդնե­րու խումբի մը, հա­մալ­սա­րանա­կան­ներ մե­ծամաս­նութեամբ, որոնք կրնա­յին նման տե­սակէտ­ներ քննար­կել, որով­հե­տեւ մեր հայ­րերն ու մեծ­հայրե­րը հիմ­նա­կանօ­րէն կեդ­րո­նացած էին գո­յատեւ­ման վրայ՝ Մաս­լո­յի մարդկա­յին կա­րիք­նե­րու առաջ­նա­հեր­թութեանց բուրգի յա­տակին։ Կա­յին նաեւ այլ ուղղու­թիւններ. Առ­կայ էին մի­ջազ­գա­յին ազ­դե­ցու­թիւններ, ներշնչո­ւած՝ 1968-ին ու­սա­նողա­կան շար­ժումնե­րէն, որոնք տե­ղի ու­նե­ցան թէ՚ Եւ­րո­պայի (մաս­նա­ւորա­բար Փա­րիզի), թէ՚ Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ։ Երի­տասար­դութիւ­նը ըմ­բոստա­ցաւ իշ­խա­նու­թեան եւ Վիեթ­նա­մի պա­տերազ­մին դէմ։ Մենք ամէն օր թեր­թեր կը կար­դա­յինք ու կը մտա­ծէինք, թէ ի՞նչ կ’ընեն ու կը մտա­ծեն «այս միւսնե­րը»։ Պատ­նէշներ բարձրաց­նե­լու մեր ժա­մանա­կը հա­սած էր։

Տա­կաւին, առ­կայ էին շրջա­նային ազ­դակներ։ 1967-ի վե­ցօրեայ պա­տերազ­մը եւ արա­բական բա­նակ­նե­րու պար­տութիւ­նը ցնցե­ցին շա­տերը։ Պա­ղես­տինցի­ները հա­մոզո­ւեցան, որ ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը իրե՚նց պար­տա­կանու­թիւնն է եւ ո՚չ ու­րի­շին։ Հին կա­ռոյցնե­րը, նե­րառեալ արա­բական բա­նակ­նե­րը, կորսնցու­ցին իրենց վստա­հելիու­թիւն, եւ փոր­ձեր սկսան կա­ռու­ցե­լու նո­րերը. յա­ռաջ եկաւ Պա­ղես­տի­նի ազա­տագ­րութեան կազ­մա­կեր­պութիւ­նը (ՊԱԿ)։ Լի­բանա­նեան եւ արա­բական շրջա­նակ­ներ նոյնպէս վե­րած­նունդ կ’ապ­րէին։ Դժբախ­տա­բար, հա­յերս մեծ թիւ չէինք կազ­մեր Պէյ­րութի Ամե­րիկեան հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս­կան կազ­մին կամ որոշ բա­ժին­նե­րու եւ որոշ մաս­նա­գիտու­թիւննե­րու ու­սա­նող­նե­րու պա­րագա­յին։ Յա­ռաջ­դի­մու­թեան ի խնդիր պայ­քա­րի մրցու­մին մէջ՝ մենք ետ կը մնա­յինք։

Արեւմտա­հայու­թեան ազ­գա­յին ինքնու­թիւնը գլխա­ւորա­բար հիմ­նո­ւած է պոլ­սա­հայու­թեան վե­րած­նունդի (նա­խա1915), 1915-1920-ի կո­տորած­նե­րու ու տե­ղահա­նու­թիւննե­րու եւ սփիւռքի գաղ­թա­կայան­նե­րուն (ուր աշ­խարհագ­րա­կան հե­ռաւո­րու­թիւննե­րը չքա­ցած էին եւ Անա­տոլո­ւի տար­բեր քա­ղաք­նե­րէն եկած հա­յերը միասին կ’ապ­րէին) եւ հիւ­րընկալ եր­կիրնե­րու հան­դէպ հայ­րե­նասի­րու­թեան վրայ։ Ահա թէ ին­չո՚ւ մե­զի կ’անո­ւանեն սու­րիահայ, ֆրան­սա­հայ եւ ամե­րիկա­հայ։ Այս հայ­կա­կան սփիւռքեան ինքնու­թիւնն էր, որ քննար­կումի նիւթ կը դառ­նար։ Գո­յու­թե­նական հար­ցեր եւ ապա­գայի ուղղո­ւածու­թիւններ սե­ղանի վրայ կը դրո­ւէին ու կը հա­մեմա­տուէին։ 1960-ական թո­ւական­նե­րուն, հայ լե­զուի մաք­րազտման նպա­տակով ի գործ կը դրո­ւէին մտա­ծուած նա­խաձեռ­նութիւններ, որոնք հիմ­նա­կանօ­րէն կը մի­տէին արեւմտա­հայե­րէն խօ­սիլը դարձնել որ­պէս հա­ղոր­դակցու­թեան հա­սարա­կաց լե­զու (lingua franca), թրքե­րէնի կամ արեւմտա­հայ բար­բառնե­րու փո­խարէն։

Եղան նաեւ այլ զար­գա­ցումներ։ 1950-ական թո­ւական­նե­րու ըն­թացքին, գաղ­թա­կայան­նե­րէն սկսան դուրս գալ ար­հեստա­վարժներն ու ձեռ­նարկու­նե­րը։ Այս գաղ­թա­կայան­նե­րը վե­րածո­ւեցան կե­թոնե­րու, ինչպէս քաղ­քե­նի տղա­քը կը կո­չէին զա­նոնք։ Հիմ­նա­կան գա­ղափա­րը ֆի­զիքա­պէս եւ հո­գեպէս կե­թոնե­րէն ազա­տիլն էր, եւ անոնցմէ դուրս գա­լով է, որ օտա­րը դի­մակա­լելու գա­ղափա­րը դար­ձաւ օրա­կար­գի հիմ­նա­կան կէտ մը։

Հեգ­նա­կան էր երե­ւոյ­թը, որ երի­տասար­դութիւ­նը (գո­նէ Լի­բանա­նի մէջ) չէր գի­տեր արա­բերէն՝ Մի­ջին Արե­ւել­քի եր­կիրնե­րու լե­զուն, ուր անոնք կ’ապ­րէին եւ կը յու­սա­յին աշ­խա­տիլ։ Այս մէ­կը ըն­կե­րային հա­մակար­գա­յին թե­րու­թիւն մըն էր։ Օրի­նակ, Ճե­մարա­նը՝ Պէյ­րութի հայ­կա­կան վար­ժա­րանը, որ հիմ­նո­ւած է 1930-ին Լե­ւոն Շան­թի, Նի­կոլ Աղ­բա­լեանի եւ Գաս­պար Իփէ­կէանի կող­մէ, յայտնա­պէս տկար էր արա­բերէն լե­զուի դա­սաւանդման մէջ։ Տե­ղացի­ները կը ծաղ­րէին հա­յերը անոնց թե­րի արա­բերե­նին հա­մար։ Մեզ կը կո­չէին պա­րոն, ինքնա­կոչ տիտ­ղոս մը այն մար­դոց հա­մար, որոնք իրենք զի­րենք վեր կը դա­սէին պարզ ժո­ղովուրդէն։ Առանց Վազ­գէն Շու­շա­նեանի վա­րանումնե­րուն, երի­տասարդնե­րը կ’ու­զէին խառ­նո­ւիլ օտա­րին։ Մենք վստահ էինք, որ կրնանք յաղ­թա­հարել խո­չըն­դոտնե­րը եւ յաղ­թել։

Հայ­կա­կան ինքնու­թեան բա­րեշրջու­թիւնը (evolution), որ կը նե­րառէր կե­թոնե­րէն դուրս գա­լը, օտար­նե­րու հետ շփու­մը, գի­տու­թեան եւ ար­հեստա­գիտու­թեան մի­ջոցով նոր ինքնու­թեան մը ձե­ւաւո­րու­մը եւ կազ­մա­կերպչա­կան նոր շրջա­գիծե­րու ստեղ­ծումը՝ հան­դի­պեցան որոշ երի­տասարդնե­րու ընդդի­մու­թեան։ Աս­տի­ճանա­կան տախ­տակ մը օգ­տա­գոր­ծե­լով՝ տար­բե­րելու բա­րեշրջու­թիւնն ու փո­փոխու­թիւնը, ամ­փոփ կը ներ­կա­յաց­նեմ այ­լընտրան­քա­յին քա­նի մը մօ­տեցումներ։

Նախ կար «սահ­մա­նուած կար­գի» (status quo) երի­տասար­դութիւ­նը։ Այս երի­տասարդնե­րը քննար­կումը ընդհան­րա­կանէն փո­խադ­րե­ցին անձնա­կան հար­թութիւն։ Անոնք կը պնդէին, որ մեր հայ­րե­րուն ու մեծ­հայրե­րուն դրած հի­մերը ամուր են եւ ժա­մանակն է դի­մելու «բա­րելաւ­ման ան­հա­տական ճի­հատի»։ Ան­հա­տական մա­կար­դա­կի վրայ էր, որ հա­ւաքա­կան ինքնու­թեան բարշրջու­մը բնա­կան ըն­թացք կ’ու­նե­նար։

Ապա, կա­յին «անիշ­խա­նական­նե­րը» իրենց կար­գա­խօսով՝ «մենք ստեղ­ծած ենք Սփիւռքը եւ մենք կրնանք ոչնչաց­նել զայն»։ Այս տղա­քը կար­դա­ցած էին Թուրկե­նեւի «Հայ­րերն ու որ­դի­ները» գոր­ծը։ Անոնք կը ներ­կա­յանա­յին «նախ քան­դել, ապա վե­րակա­ռու­ցել» դա­սական մօ­տեցու­մով։ Անոնց դե­րը կոր­ծա­նումն էր, մինչ յե­տոյ եկող­նե­րը կը վե­րակա­ռու­ցէին աւե­լի ամուր հի­մերու վրայ։ Աւե­լորդ է ըսել, որ ասոնք փոք­րա­մաս­նութիւն կը կազ­մէին, իսկ դա­սական հա­կադար­ձութիւ­նը այն էր, թէ «դուք չէք ստեղ­ծած Սփիւռքը, այլ՝ ձեր հայ­րերն ու մեծ­հայրերն, որոնց դէմ դուք այժմ կ’ըմ­բոստա­նաք»։

Կար նաեւ «վե­րադար­ձողնե­րու» խումբը։ Անոնք կեդ­րո­նացած էին պատ­մա­կան հայ­րե­նիք վե­րադառ­նա­լու իրա­ւունքին վրայ։ Անոնք կը հա­ւատա­յին, որ կա­րիք չկար սփիւռքի ինքնու­թեան եւ անոր բա­րեշրջման մա­սին մեծ ու բարդ գա­ղափար­ներ ար­ծարծե­լու։ Անոնց կար­ծի­քով, հայ­րե­նիք վե­րադառ­նա­լով ու հոն վե­րահաս­տա­տուե­լով բո­լոր հար­ցե­րը կը լու­ծո­ւէին։ Այս խումբը փոր­ձեց եւ չկա­րողա­ցաւ առա­ջար­կել, թէ ճիշդ ո՞ւր պի­տի վե­րաբ­նա­կեց­նել հա­յերը՝ վեց վի­լայէթ­նե՞րը, Կի­լիկիա՞, թէ՞ Խորհրդա­յին Հա­յաս­տան, եւ ինչպէ՞ս իրա­գոր­ծել այս վե­րաբ­նա­կեցու­մը։ Նշէնք, որ վե­րաբ­նա­կեց­ման օրա­կար­գը լայ­նօ­րէն կը քննար­կո­ւէր Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ պա­ղես­տինցի­ներու վե­րադար­ձի հար­ցով, իսկ վե­րաբ­նա­կեց­ման մի­ջոցը՝ ըն­թա­ցիկ խօ­սակ­ցութեան նիւթ։ Հայ­կա­կան «վե­րադարձ» խումբը նոյնպէս չկրցաւ պա­տաս­խա­նել այն հար­ցումին, թէ մենք ո՞ւր պի­տի թա­փառինք 40 տա­րուայ նա­խապատ­րաստու­թեան հա­մար, ինչպէս Մով­սէս ըրաւ Սի­նայի մէջ։ Մի­ջինա­րեւե­լեան սփիւռքի մէջ նա­խապատ­րաստո­ւիլը գործնա­կան չէր, ինչպէս ցոյց կու տար պա­ղես­տի­նեան փոր­ձա­ռու­թիւնը։ «Վե­րադարձ» խումբը կը սպա­սէր իր մե­սիական Մով­սէ­սին։

«Ազ­գա­յին ազա­տագ­րութեան» խումբը կ’ազ­դո­ւէր 1950-60-ական­նե­րու հա­կագա­ղու­թա­տիրա­կան շար­ժումնե­րէն եւ պա­ղես­տեան դի­մադ­րութե­նէն։ Անոնք հե­տամուտ էին ազ­գը ներգրա­ւելու իր իսկ ազա­տագ­րութեան մէջ եւ խու­սա­փելու 1915-էն առաջ յա­ռաջ եկած առաջ­նո­դող կու­սակցու­թեան դրոյթնե­րէն։ Անոնք կը կար­դա­յին եւ կը վեր­լուծէին Մաօ Ցե­թունկի գրու­թիւննե­րը, յատ­կա­պէս անոր կեդ­րո­նացու­մը ամե­նօրեայ աշ­խա­տան­քի մէջ մար­դոց օգ­նե­լու գա­ղափա­րին վրայ։ Լի­բանա­նի մէջ ինքնա­բաւ հա­մայնքնե­րու դրոյթնե­րը կը նե­րառուէին «Ազ­գա­յին Ուխտ»ին մէջ։ Կա­ռավար­ման այս ձե­ւը ինքնին օս­մա­նեան «միլ­լէթ» հա­մակար­գին ընդլայ­նումն էր։ «Ազ­գա­յին ազա­տագ­րութեան» խումբը էթ­նիք հա­մայնքը կ’ըն­դունէր որ­պէս ազ­գա­յին ինքնու­թեան մէկ էական բա­ղադ­րի­չը։

Օրո­ւայ ղե­կավա­րու­թիւնը ոչ միայն ար­տօ­նեց այդ բա­նավէ­ճերը, այ­լեւ մաս­նա­կից դար­ձաւ անոնց։ Շատ հա­կասա­կան գա­ղափար­ներ կա­յին, իսկ եր­բեմն քննար­կումնե­րը բուռն ու կծու կ’ըլ­լա­յին։ Բայց յա­ջորդ օրը կը շա­րու­նա­կուէին։ Փաս­տօ­րէն, այս քննար­կումնե­րը դեռ կը շա­րու­նա­կուին, թէեւ իմ սե­րունդէս ոմանք մա­հացած են, իսկ ու­րիշներ ծե­րացած ու յանձնո­ւած։

Ան­ձամբ ես կը կար­ծեմ, որ Ռազ­միկ Փա­նոսեանի եզ­րա­կացու­թիւնը՝ «դժբախ­տա­բար, Քիւրքճեանի յե­ղափո­խական մօ­տեցու­մը (ինք եր­բեք չէ օգ­տա­գոր­ծած «յե­ղափո­խական» բա­ռը) մնաց անար­ձա­գանգ», շեշ­տը կը դնէ սխալ կէ­տի վրայ։ Քա­ղաքա­ցիական պա­տերազմնե­րը Լի­բանա­նի եւ հե­տագա­յին Սու­րիոյ մէջ բա­ցայայտ դար­ձուցին, որ մենք պէ՚տք ու­նէինք վե­րանայ­ման այդ բա­նավէ­ճերուն եւ պէ՚տք էր վե­րակա­ռու­ցէինք Սփիւռքը։ Սփիւռքեան ինքնու­թեան մա­սին բա­նավէ­ճերը կը մնան ի զօ­րու եւ յա­ւելեալ ու­շադրու­թեան կա­րիքը ու­նին՝ 68-ի սե­րունդէն ան­դին։

Եզ­րա­կաց­նե­լով, երբ ես կը գրէի այս տո­ղերը, անդրա­դար­ձայ, որ միաժա­մանակ կը մրմնջեմ Շառլ Ազ­նա­ւու­րի «Camarade» եր­գը։ Հանգչի՚ր խա­ղաղու­թեամբ, ըն­կեր Յա­րու­թիւն։

Թարգմա­նեց՝ Վ. Թէն­պէ­լեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ