ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

«Յան­կարծ»

Համբաւը չի գար յան­կարծ

Հան­րա­պետու­թեան ծննդեան տօնն էր։ Հա­յու եւ հայ­րե­նասի­րու­թեան վե­րաբե­րեալ քա­նի մը քա­ղուածք կար­դա­ցի։ Մէ­կը կը պատ­կա­նէր Դե­րենիկ Դէ­միր­ճեանին։ «Հա­յը, ըսաւ ան, Սա­սունցի Դաւ­թի նման է եւ անա­սանե­լի ըմ­բոստ, հա­րուա­ծող է նրա պէս։ Քծնում է, ստրկա­նում օտա­րի ոտի տակ, ինչպէս իր Ձէ­նով Օհա­նը, բայց երբ վրայ է հաս­նում գե­րագոյն վտան­գը՝ հե­րոսա­նում է յան­կարծ»։ Ապա Հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շանի խօս­քը գրա­ւեց ու­շադրու­թիւնս. «Ճշմա­րիտ հայ­րե­նասի­րու­թիւնն չէ ասուպ կամ փայ­լակ մը յան­կարծ երեւ­ցող եւ անցնող»։ Մտա­բերե­ցի նաեւ յայտնի իմաս­տութիւ­նը. Յան­կարծա­կի եկած փառքն արագ է անցնում։ Ապա,այս գի­շեր, մտքի արագ թռիչ­քով որո­շեցի գրի առ­նել «յան­կարծ» բա­ռի գրա­կան յա­ջողու­թիւննե­րը, - որ դա­րաւոր աշ­խա­տան­քով էր գո­յացած՝ ո՛չ՝ յան­կարծ։

Գիր­քը եկաւ յան­կարծ

Հա­յը, որ քու­րե­մերու էր սո­վոր, օր մը ու­նե­ցաւ սե­փական գիր, ապա բռնեց սուրբ Գիր­քը՝ ըն­թերցեց բա­ւական ան­ծա­նօթ այ­տա­յայ­տութիւններ՝ մռայլ, բա­ցասա­կան։ Հա­րաւէն կու գա­յին անոնք. «Յան­կարծա­կի հողմն մեծ եկն յա­նապա­տէ», «Յան­կարծա­կի, սա­տակե­ցան, պա­կասե­ցան, կո­րեան վասն անօ­րէնու­թեան», «Յան­կարծա­կի խռո­վու­թիւն», «Յան­կարծա­կի կո­րուստ», «Յան­կարծա­կի եկես­ցէ թշո­ւառու­թիւն ի վե­րայ մեր», «Յան­կարծա­կի կոր­ծա­նեցաւ Բա­բելոն», «Յան­կարծ մե­ռանի­ցի»։ Հայ պատ­միչներ, սպա­սելիօրէն, հարստա­ցու­ցին «յան­կարծնե­րու» գան­ձա­րանը։ Ահա քա­նի մը լաւ մտա­ծուած խօսք. «Յան­կարծ զզի­նուորսն ընդ ին­քեանս միաբա­նես­ցեն», Եղի­շէ պատ­միչ, «Ի նե­տէ հա­րեալ յան­կարծս մե­ռանի», Վար­դան պատ­միչ։

Յան­կարծա­բուխ բա­ռը

«Յան­կարծ» բա­ռը դա­րերու ըն­թացքին, այլ եւ այլ մաս­նիկներ ըն­դունե­լով աճե­ցաւ։ Հայ միտ­քը «յան­կարծ» բա­ռի տո­ւած կայ­ծով ստեղ­ծեց նո­րանոր ածա­կան­ներ։ Անսպա­սելիօրէն կա­տարո­ւած բա­րերա­րու­թիւնը, կամ յոր­դած ջու­րը որա­կեցինք «յան­կարծա­բուխ», յան­կարծ կա­տարո­ւած գիւ­տը՝ «յան­կարծա­գիւտ», անակնկալ յար­ձա­կու­մը կամ ան­կումը՝ «յան­կարծա­թափ», վա­ղաժամ մա­հը, գա­լուստը, մթու­թիւնը եւ ալի­քը՝ «յան­կարծա­հաս», ծնունդը՝ «յան­կարծա­ծին», իսկ լու­սա­ւորու­մը՝ «յան­կարծա­ծագ»։ Ար­դեօ՞ք այս բա­ռերը գոր­ծա­ծուեր են իրենց կեան­քի եր­կար ճա­նապար­հի ըն­թացքին։ Թեր­թե­ցի հայ­կա­կան մա­տենագ­րութեան էջե­րը, եւ հան­դի­պեցայ անոնց։ Ահա քա­նի մը ըն­տիր օրի­նակ. «Մահս՝ որ յան­կարծա­հաս եղեւ», «Կար­ծէր զծփեալ նաւն եկե­ղեց­ւոյ յան­կարծա­հաս ալեացն ան­դէն յա­ռաջին նա­ւահան­գիստն հա­սու­ցա­նել», «Բնու­թիւն լու­սոյ նուրբ եւ երագ բնու­թիւն է, յան­կարծա­ծագ եւ վա­ղահաս ծա­գում», «Յան­կարծա­ծին ժա­մովն լու­սա­ւորել», «Յան­կարծա­ծին րո­պէիւք սահ­մա­նեցին զծնունդս այ­նո­ցիկ»… Ի՜նչ լաւ պի­տի ըլ­լար, եթէ այս ածա­կան­նե­րը, տա­կաւ առ տա­կաւ վե­րադառ­նա­յին մեր առօ­րեայ լե­զուին ու յան­կարծ փայ­լէր մեր աշ­խարհա­բարը։

Չըլ­լայ որ յակ­նարծ կոր­սո­ւիս

Իմաս­տութիւ­նը յան­կարծ չէ որ ձեռք կը բե­րուի։ Հա­յը սի­րեց «յան­կարծ» բա­ռով լուրջ միտ­քեր շօ­շափել։ Միջ­նա­դարեան տա­ղասաց Մել­քո­նը «Տաղ ղա­րիպ» քեր­թո­ւածի մէջ փոր­ձեց տա­ռապող պան­դուխտը սփո­փել. «Մի՛ տրտմիր, ո՛վ ղա­րիպ, ի մէջ աշ­խարհի» ըսաւ ան ու բա­ցատ­րեց, թէ աշ­խարհի ու­նայնու­թիւնը, կամ չա­րի մե­ծու­թիւնը «յան­կարծ ցա­մաքի»։ 1978 թո­ւակա­նին Վարդգէս Պետ­րո­սեանը «Վեր­ջին ու­սուցի­չը» վի­պակի մէջ, գրա­կանու­թեան ու­սուցիչ Վա­հան Մա­մեանի բե­րանով իմաս­տա­սիրեց ըն­թերցա­նու­թեան մա­սին. «Գիրք կար­դա­լը ծով մտնե­լու նման է, պի­տի գլուխդ պտտո­ւի ծո­վի ան­սահմա­նու­թիւնից, պի­տի յան­կարծ քո մէջ շօ­շափես յա­ւեր­ժութեան ներ­կա­յու­թիւնը»։ Իսկ ան­կա­խու­թեան առա­ջին օրե­րուն բա­նաս­տեղծ Յով­հաննէս Գրի­գորեանը իր սրտին մէջ տե­ղաւո­րեց հան­րա­պետու­թիւնը, - որ ըստ իրեն փոք­րիկ էր ինչպէս նո­րածին զա­ւակ -, պատ­ճա­ռաբա­նելով՝ «…որ չկորցնեմ յան­կարծ»։

Յան­կարծ բառ մը

Հա­յը երբ վտան­քի եւ ու­րա­խու­թեան մա­սին պի­տի խօ­սէր, -որոնք յա­ճախ յան­կարծա­կիի կը բե­րեն մեզ- , յար­մար եկաւ «յան­կարծ» բա­ռը։ Օր մը, ուշ միջ­նա­դար էր, 1600-ական­ներ, տա­ղասաց եւ վա­ճառա­կան Սա­հակ տա­ղասա­ցի առա­գաս­տա­նաւը Պոն­տո­սի վրայ հան­դի­պեցաւ անակնկալ փոր­ձանքի։ Սար­սա­փեցաւ ան։ Խօ­սեցաւ ծո­վու հետ։ Աղա­չեց, ողոր­մութիւն խնդրեց, որ ապա­հով տուն հաս­նի. «Սաս­տիկ հող­մուն հան­դի­պեցայ, / Ամե­նեցո՞ւն այդ բան կառ­նես, / Թէ՞ զիս միայն կու տե­սանես, / Վա­խեմ յան­կարծ քա­րին ածես, / Ողոր­մեա՛ ինձ, ղա­րիպ եմ, ծո՛վ, / Ծո՛վ, ծո՛վ, զա­լը՛մ ծով, / Զիս իմ եր­կիրն առա­քեա՛, ծո՛վ»։ Նոյն օրե­րուն Մի­նաս Թո­խաթե­ցի տա­ղասա­ցը շատ հի­ւանդ էր, բայց «հո­գով, մարմ­նով» ու­րա­խացաւ, որով­հե­տեւ եփած էին իր ամե­նասի­րած ճա­շը։ Այդ վայրկեանին ծնունդ առաւ «Տաղ եւ գո­վասանք հե­րիսի» բա­նաս­տեղծու­թիւնը. «Հի­ւանդ մար­մինս ի դող ելաւ, / Յան­կարծ շու­տով առող­ջա­ցաւ»։ Իսկ Պոլ­սոյ մէջ Զահ­րա­տը զբա­ղած էր ոս­պեր քով քո­վի դնե­լով ոտա­նաւոր մը շա­րելու գոր­ծով. «Ոսպ ոս­պի քով — քար ոս­պի քով — յան­կարծ բառ մը — բառ ոս­պի քով»։

Մա­հը եկաւ յան­կարծ

«Մահ» եւ «յան­կարծ» բա­ռերու պատ­մութիւ­նը «յան­կարծա­մահ» ածա­կանով սահ­մա­նափա­կուած չէ։ Այդ եր­կուքը, չէինք սպա­սեր, կազ­մե­ցին հսկայ գրա­կանու­թիւն մը։ Այն այ­րե­րը, որոնք կը հե­ռանա­յին այս աշ­խարհէն առանց անոր շնորհնե­րու լիովին վա­յելե­լու, ափ­սո­սան­քով նա­յեցան հե­ռացող կեան­քին եւ տար­տամ տա­ղեր յօ­րինե­ցին։ Միջ­նա­դարեան տաղ մը ինչ լաւ կը պատ­մէ յան­կարծա­կիի եկած մար­դու շփօ­թը. «Գե­ղեցիկ ու զար­մա­նալի, / Ու­տէի, խմէի անուշ / Ու մա­հուան կար­ծիք չու­նէի, / Յան­կարծ ցաւն զիս էառ»։ Ներ­սէս Անձնա­պատ­ցի տա­ղասա­ցը, որ ժա­մանա­կին փար­թամ մարդ էր, խոս­տո­վանե­ցաւ, որ այժմ կ’այ­րի մեղ­քե­րու մէջ. «Ես ծառ պտղա­բեր էի, / զոր տնկեաց աջդ անե­ղական, / Յան­կարծ չո­րացայ մե­ղօք, / կու այ­րէ հուրն ան­շի­ջական»։ Նոյն օրե­րուն Մել­քոն տա­ղասա­ցը հո­ղեղէն­նե­րուս խրատ մը տո­ւաւ. «Որ այ­սօր ծնեալ է, վա­ղիւն մե­ռանի… / Մտա­ծէ, որ տէր Քրիս­տոս յան­կարծ հա­սանի»։ Սու­քիաս տա­ղասա­ցը կը տա­ռապէր յան­կարծա­հաս մա­հուան տե­սիլ­քով։ Անոր միակ ապա­ւէնը Քրիս­տոսն էր. «Իս­կա­պէս բա­րերար զքեզ, Տէր, ու­նիմ, / Բաց ի քէն բա­րերար, զայլ ոք ոչ ու­նիմ, / Մի գու­ցէ ան­թո­շակ յան­կարծ մե­ռանիմ / Բաց ի քէն բա­րեկամ զայլ ոք ոչ ու­նիմ»։ Զան­գե­զու­րի մէջ բա­նաս­տեղծ Հա­մօ Սա­հեանը օր մը նստե­ցաւ եւ յի­շեց իր «պա­պը»։ Այդ դա­րաւոր մարդն էր տնկած գիւ­ղի ծա­ռերը, պայ­տած՝ ձիերը, շա­րած պա­տերը, ջրած ար­տե­րը… Եւ այդ մար­դը վա­րած էր, ցա­նած էր, եւ իր ար­դար քրտին­քով պա­հած էր իր տու­նը։ Բայց օր մը, «…մի օր էլ, երբ յան­կարծ / Ծա­լուել են ծնկնե­րը, / Զար­մանքից քա­րացել, / Ամօ­թից շիկ­նել է։ / Թո­ղել է նա մա­ճը / Եւ շունչը պա­հել է… / Եւ պա­պը ակո­սում / Պառ­կել ու քնել է, / Խառ­նո­ւել այն հո­ղին, / Որ իրեն սնել է»։ Լաւ մա­հը կու գայ յան­կարծ եւ ան­կասկած։ Այդ տե­սակն է Պա­րոյր Սե­ւակի հա­մար երա­նելի. «Եթէ մեռ­նե՜լ… / Թո՚ղ որ մեռ­նեմ / հուր-կայ­ծա­կից՝ / Միան­գա­մի՚ց, / մի վայրկեանո՚ւմ, / Յան­կարծա­կի՚»։

Գալ շա­բաթ, յան­կարծ…

Յար­գե­լի ըն­թերցող, միշտ չէ՛ որ մա­հը կու գայ յան­կարծ։ Սէրն ալ յան­կարծ գա­լու սո­վորու­թիւն մը ու­նի։ Մեր գրա­կանու­թեան մէջ Դու­րեան­նե­րը, Վա­րու­ժաննե­րը, Տէ­րեան­նե­րը, որոնք յան­կարծ յայտնո­ւեցան եւ ան­հե­տացան՝ իրենց համ­րո­ւած օրե­րու մէջ եր­գե­ցին սէ­րը, գե­ղեցի­կը, ազ­նի­ւը…։ Այդ պատ­մութիւ­նը, զոր համ­բե­րատար հա­մադ­րութեամբ կազ­մեր եմ, կը փա­փաքիմ յա­ջորդ յօ­դուա­ծի մէջ ձե­զի մա­տու­ցել։ Իսկ այժմ, ինչպէս մեր սո­վորու­թիւնն է, ձե­զի հրա­ժեշտ կու տամ Նու­նէ Եսա­յեանի մէկ եր­գով։ Յու­զիչ պատ­մութիւն մըն է ան՝ հե­ռացած սի­րոյ նո­ւիրուած։ Մինչ անոր մե­ղեդին հա­մակէ ձեր սիր­տը, կը ցան­կամ, որ սէ­րը եւ գե­ղեցի­կը հան­դի­պին ձե­զի՝ յան­կարծ.

Մո­ռանալ չեմ կա­րող իմ սէր…

Ու թէ յան­կարծ երգս քեզ չհաս­նի

Չեմ տխրի, այդքան կը պա­հեմ ես գաղտնի

Թող մնայ ինձ հետ սէ­րը իմ յօ­րինած

Քեզ հա­մար ան­յայտ աշ­խարհին յայտնի։