ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Համաշխարհային ահաբեկչութեան մասին

Դէպ­քե­րու զար­գա­ցու­մով ինքնա­բերա­բար անի­մաստ ու սնա­մէջ դար­ձած բառ մըն է «ահա­բեկ­չութիւն» կո­չուա­ծը։ Տա­րիներ ու տա­րիներ բազ­մա­թիւ պե­տական այ­րեր առանց վա­րանու­մի ոմանց հա­մար իբ­րեւ մե­ղադ­րանք շռայ­լօ­րէն գոր­ծա­ծեցին այդ եզ­րը։

Իբ­րեւ թէ պե­տական այր ներ­կա­յացող զա­նազան­նե­րու բեր­նէն կը լսէինք այդ խօս­քը ուղղո­ւած իր հա­կառա­կոր­դին։ Հա­րաւա­յին Ափ­րի­կէի մէջ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Նել­սոն Ման­տե­լա ահա­բեկիչ մըն էր օրի­նակի հա­մար, այդ երկրէ ներս տի­րող ցե­ղապաշտ կա­ռավա­րու­թեան հաշ­ւոյն։

Պա­ղես­տի­նի շար­ժումի առաջ­նորդ Եաս­սէր Արա­ֆաթ նոյնպէս ահա­բեկիչ կը հա­մարո­ւէր Իս­րա­յէլեան զա­նազան գոր­ծիչնե­րու կող­մէ։

Ապ­տուլլահ Էօճա­լան, որ իր ժո­ղովուրդի աչ­քին ազ­գա­յին դի­մադ­րութեան առաջ­նորդն է, ահաբեկիչ մը Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան բո­լոր կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն ու նաեւ ընդդի­մադիր շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար։

Նոյ­նիսկ գոր­ծող կա­ռավա­րու­թեան հետ եր­կար տա­րիներ հա­մերաշ­խութիւն պա­հած Ֆե­թուլլահ Կիւ­լեն, երբ հա­կադ­րո­ւեցաւ Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թեան, ակնթար­թի մէջ կորսնցուց «Հո­ճա էֆեն­տի» կո­չու­մը եւ դար­ձաւ ահա­բեկիչ։

Հայ ժո­ղովուրդի հա­մար ար­դա­րու­թեան մար­տիկ մըն է Սո­ղոմոն Թեհ­լե­րեանը, որ իր գոր­ծած ոճի­րով զո­վացուց ամ­բողջ ազ­գի մը վի­րաւոր սիր­տը, պարզ ահա­բեկիչ մը, մար­դասպան մը ըլ­լա­լով կը յի­շատա­կուի թուրք պաշ­տօ­նական պատ­մագրու­թեան մէջ։

Ու­րեմն կրնանք եզ­րա­կաց­նել թէ ան­հատնե­րու վե­րագ­րո­ւած «ահա­բեկի» կո­չու­մը յա­րափո­փոխ է։ Կա­խում ու­նի թէ ո՞ր աչ­քով կը նա­յինք կամ ինչպէ՞ս կը գնա­հատենք անոր կա­տարած գոր­ծը։

Բա­ռը անի­մաստ ու սնա­մէջ դարձնո­ղը պե­տու­թիւննե­րու ահա­բեկ­չութիւնն է։ «Իրա­ւունքը զօ­րաւո­րինն է» սկզբունքով հա­մապա­տաս­խան կա­րողու­թիւն ու­նե­ցող իւ­րա­քան­չիւր պե­տու­թիւն իր կար­գին իրա­ւունք ու­նի նաեւ ահա­բեկ­չութեան։

Ժո­ղովրդա­վարա­կան սկզբունքնե­րու հա­ւատար­մութեամբ ծա­նօթ Ֆրան­սան բնա­պահ­պաննե­րու «Կրին­փիս» նա­ւու դէմ չէր վա­րանած ահա­բեկ­չութիւն գոր­ծադրե­լէ։

Ի դէմ ՄԱԿ-ի բո­լոր առար­կութիւննե­րուն «Սատ­տամ զան­գո­ւածա­յին քի­միական զէն­քեր ու­նի» սուտ պատ­րո­ւակով Իրա­քը ռմբա­կոծող ԱՄՆ ահա­բեկ­չա­կան պե­տու­թեան օրի­նակ մըն էր դար­ձեալ։

Այս օրի­նակ­նե­րը կա­րելի է ան­հա­մար այլ փաս­տե­րով շա­րահիւ­սել։ Մա­րիցա գե­տի վրայ փախստա­կան­նե­րու նա­ւերը ջրա­մոյն ընող յոյն սահ­մա­նապահ­նե­րը, Պոս­նիա Հեր­ցե­կովի­նայի մէջ գնումնե­րու հա­մար շու­կայ ելած մարդկանց վրայ կրա­կող սեր­պիացի դի­պու­կա­հար­նե­րը կամ եթէ մի­ջազ­գա­յին բա­ռամ­թերքը շա­հագոր­ծենք «սնայ­փըր»նե­րը բո­լորն ալ ահա­բեկիչ­ներն են։

Եթէ դի­տենք Թուրքիոյ մօտ ան­ցեալի պատ­մութիւ­նը, սպա­յակոյ­տի նա­խագահ զօ­րավար Քե­նան Էվ­րեն իր գլխա­ւորած զի­նուո­րական իշ­խա­նափո­խու­թեան աւար­տին դար­ձաւ երկրի նա­խագա­հը։ Եթէ յան­կարծ սայ­թա­քէր իր յե­ղափո­խու­թիւնը կաս­կած չկայ որ ան ալ իս­կոյն պի­տի մե­ղադ­րո­ւէր ահա­բեկ­չութեամբ։

Այս բո­լորը կը մտա­բերենք դի­տելով իս­րա­յէլեան սան­ձարձակ վայ­րա­գու­թեան քա­ղաքա­կանու­թիւնը։

Իբ­րեւ թէ քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհը ամ­բողջո­վին կողմ է այդ վայ­րա­գու­թեան։

Ու­րեմն պար­տինք խու­սա­փիլ այս կամ այն գոր­ծի­չը ահա­բեկիչ հռչա­կելէ, մին­չեւ որ քա­ջապէս ծա­նօթ չըլ­լանք անոր մղած պայ­քա­րին եւ պայ­քա­րելու եղա­նակին։

pakrates@yahoo.com