ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Խիկար

Ամէն ան­­գամ, որ մենք քա­­լենք հայ­­կա­­­կան բա­­ռի մը գրա­­կան ճա­­նապար­­հի վրայ, իմաս­­տուն մը, այդպէս չէ՞ յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, լուռ կ’ու­­ղեկցի մե­­զի։ Ի՚նքն ալ ան­­ցեր է կեան­­քի եր­­կար ճա­­նապարհ։ Աշուղ մըն է ան, տա­­ղասաց մը, վար­­դա­­­պետ մը, կամ՝ անա­­նուն գեղ­­ջուկ մը։ Աղ­­քատ միտ­­քովս շատ մտա­­ծեցի. ի՜նչ անուն կա­­րելի էր տալ այդ խե­­լօք եւ խե­­լացի մար­­դուն, որուն գոր­­ծե­­­րով են յօ­­դուածս հա­­րուստ։ Հան­­դի­­­պեցայ «խի­­կար» բա­­ռին։ Ճիշդ է, այդ հնա­­դարեան բառն էր հայ­­կա­­­կան մտա­­ծողու­­թեան մէջ ժո­­ղովուրդի իմաս­­տութիւ­­նը մարմնաց­­նող անձ։ Ուստի, այ­­սօր, երբ նոր խի­­կար­­նե­­­րու ան­­մի­­­ջական պա­­հանջ կայ, որո­­շեցի այս էջի վրայ քա­­նի մը յայտնի խի­­կար հրա­­ւիրել եւ սնունդ առ­­նել անոնց իմաս­­տութե­­նէն։

Ասո­­րի իմաս­­տունը

Խի­­կարը իմաս­­տուն է, խե­­լօք եւ խե­­լացի։ Ածա­­կան մըն է ան այ­­սօր։ Պատ­­մութիւ­­նը կը վկա­­յէ, թէ Խի­­կարը Ք.Ա. 5-րդ դա­­րուն ապ­­րած իմաս­­տուն մըն էր՝ Ասո­­րես­­տա­­­նի Սե­­նեքե­­րիմ թա­­գաւո­­րի ատե­­նադ­­պի­­­րը։ Անոր ար­­կա­­­ծախնդրու­­թիւննե­­րը եւ խրատ­­նե­­­րը մե­­զի հա­­սած են «Պատ­­մութիւն եւ խրատք Խի­­կարայ Իմաստնոյ» անու­­նի տակ։ Հե­­տեւա­­բար, «խի­­կար»ը կը պատ­­կա­­­նի այն բա­­ռերուն, որոնց ծա­­գու­­մը ան­­ձի մը յա­­տուկ անունն է։

Հայ­­կա­­­կան «խի­­կարը»

Հայ­­կա­­­կան լե­­զուի մէջ «խի­­կար» բա­­ռը գո­­յու­­թիւն ու­­նի 5րդ դա­­րէն ի վեր։ Իսկ որ­­պէս անձնա­­նուն առա­­ջին ան­­գամ 1060 թո­­ւակա­­նին Ճա­­ռըն­­տիր գիր­­քի մէջ գոր­­ծա­­­ծուե­­ցաւ։ 12-րդ դա­­րուն, Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի շնոր­­հիւ, բառս ար­­դէն ածա­­կան էր «իմաս­­տուն» առու­­մով. «Ես ինչ կար­­դամ զիւրմէն քեզ ճառ, խե­­լօքն ծով է ու խի­­կար»։ Ապա, 1300-1400 թո­­ւական­­նե­­­րուն, երբ ար­­դէն պատ­­մութեան մշու­­շի մէջ ան­­հե­­­տացած էր Խի­­կար իմաս­­տունի ինքնու­­թիւնը, բա­­ռը վե­­րամ­­շա­­­կուե­­ցաւ որ­­պէս իգա­­կան անուն։ Ահա քա­­նի մը «խի­­կար» տի­­կին­­ներ. Խի­­կար՝ կին Ստե­­փանոս քա­­հանա­­յի, 1348, մայր Յո­­վանէ­­սի, 1419, մայր Վար­­դան քա­­հանա­­յի, 1455, մայր Ան­­թա­­­ռամի, 1471։ Բայց, 1500-1600 թո­ւական­­նե­­­րուն, չենք գի­­տեր, թէ ի՚նչ հան­­գա­­­մանքնե­­րու տակ, «խի­­կար» բա­­ռը դար­­ձաւ արա­­կան անուն, ինչպէս՝ տա­­ղասաց Մու­­րադ Խի­­կարը, որ ապ­­րե­­­ցաւ 1500-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն։

Աղո­­ւէսը խի­­կար է

Ածա­­կան «խի­­կարը» շատ յար­­մար էր իմաս­­տուն խօս­­քեր եւ խրատ­­ներ ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու հա­­մար։ Եթէ մէ­­կը ճար­­պիկ եւ խե­­լացի էր՝ ըսինք «Ոտ­­նե­­­րով արագ, խել­­քո­­­վը խի­­կար»։ 1250-1314 թո­­ւական­­նե­­­րուն ապ­­րած նշա­­նաւոր տա­­ղեր­­գու, հայ միջ­­նա­­­դարեան սի­­րային քնա­­րեր­­գութեան հիմ­­նա­­­դիր Կոս­­տանդին Երզնկա­­ցին, որ կեան­­քի եր­­կար ճա­­նապարհներ ան­­ցած եւ փոր­­ձո­­­ւած մարդ էր, մե­­զի տո­­ւաւ խրատ մը. «Մի՚ հա­­ւատալ ամէն մար­­դոյ, թէ իրենք ցուցնեն քեզ խի­­կար»։ 1550 թո­ւակա­­նին, Նա­­հապետ Քու­­չա­­­կը, որ իր սի­­րային քա­­ռեակ­­նե­­­րով է յայտնի, կեան­­քի եւ մա­­հուան պատ­­գամ մը տո­­ւաւ մե­­զի։ Այդ քա­­ռեակի մէջ մար­­մինն ու հո­­գին կը զրու­­ցեն։ Մէ­­կը ան­­միտ է միւ­­սը՝ խի­­կար. «Հո­­գիս ի մարմնոյս ելաւ, նա նստայ առ­­ջեւն ու լա­­ցի. / Ա՜յ հո­­գի, դու ո՞ւր կ՚եր­­թաս, երբ քեզ­­նով եմ ես կեն­­դա­­­նի»։ / Հո­­գիս մարմնոյս ասաց՝ «Ես զքեզ խի­­կար կու գիտ՛ի. / Երբ տունն ի քա­­կել առ­­նու, տէրն ներսն այլ ի՞նչ բան ու­­նի»։ Իսկ ժո­­ղովրդա­­կան իմաս­­տութիւ­­նը կը սո­­րուեց­­նէ, թէ «Աղո­­ւէսը խի­­կար է», թե­­ռեւս այն պատ­­ճա­­­ռով, որ շուրջ 1150 թո­­ւակա­­նին Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լին ռա­­միկ լե­­զուով զու­­ար­­­ճալի հա­­նելուկ մը գրի առաւ. «Զետ զզա­­ղար խիստ է ի յար, / Սի­­րէ զմոր­­թի եւ ատէ զբան­­ջար. / Ես ի՞նչ կար­­դամ զիւրմէն քեզ ճառ, / Խե­­լօքն ծով է ու խի­­կար»։ (Պա­­տաս­­խան. Աղո­­ւէս)

Խի­­կարը յի­­մարա­­ցաւ

Հա­­յը երբ բռնեց ղա­­րիպու­­թեան ճամ­­բան, մի՛ կար­­ծէք թէ ան միայն իր գիւ­­ղը եւ ըն­­տա­­­նիքը ձգեց իր ետին։ Հայ բա­­նաս­­տեղծներ, որոնք այդ ճա­­նապար­­հը բռնած եւ այդ ան­­գութ կեան­­քը ապ­­րած էին, մե­­զի պատ­­մե­­­ցին, թէ օտա­­րու­­թեան մէջ չկայ իմաս­­տութիւն։ 1380-ին Բա­­ղէշ քա­­ղաքի Պոռ գիւ­­ղի մէջ ծնած տա­­ղեր­­գու, երա­­ժիշտ, հա­­սարա­­կական եւ եկե­­ղեցա­­կան գոր­­ծիչ Առա­­քել Բա­­ղիշե­­ցին «Տաղ ղա­­րիպի» ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան մէջ բա­­ցատ­­րեց, թէ երբ կամ­­քով չէ՝ «օտա­­րու­­թիւն է խիստ դժար», ապա նկա­­րագ­­րեց «խի­­կար» մար­­դու վի­­ճակը. «Այլ թէ իմաս­­տուն է Խի­­կար, / Զնա կար­­ծեն աղո­­ւաշ, յի­­մար, / Թէ ծա­­ռայէ մարդկան հա­­մար՝ / Նո­­րա առ­­նեն չա­­րեօք վճար»։ Կեան­­քի նոյն բա­­ժակը ցմրուր քա­­մած տա­­ղասաց Աւե­­տիքը «Ղա­­րիպը» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ բա­­ցատ­­րեց, թէ որ­­քան դժո­­ւար էր օտա­­րու­­թիւնը. «Հաց կ’ու­­տեմ, ի վայր չեր­­թայր, / Ջուր կու խմեմ, լե­­ղի եւ դառ»։ Ապա խօ­­սեցաւ բո­­լոր խի­­կար ղա­­րիպ­­նե­­­րու անու­­նով. «Եւ թէ լի­­նի նա իմաս­­տուն, / Ճար­­տա­­­րախօս որ­­պէս Խի­­կար, / Յի­­մար եւ խել ասեն նմա, / Խա­­լար, տխմար եւ խե­­լագար»։

Սի­­րահար խի­­կարը

Կը հա­­ւատա՞ք ին­­ծի, եթէ ըսեմ, թէ «խի­­կար» բա­­ռը սի­­րային տո­­ղերու մէջ յայտնո­­ւեցաւ, երբ դուք գի­­տէք, թէ սի­­րահա­­րը իմաս­­տա­­­զուրկ է, խե­­լագար եւ եր­­բեմն ալ ծի­­ծաղե­­լի յի­­մար։ Ես ձե­­զի տամ ժո­­ղովրդա­­կան բա­­նահիւ­­սութե­­նէն օրի­­նակ­­ներ. գեղ­­ջուկ կտրի­­ճը օր մը կը սի­­րահա­­րուի, կ’ըսէ. «Եղեր եմ խեւ սի­­րու տէր»։ Ան­­ճար, տղան ի՞նչ ընէ։ Չկայ դեղ։ Չկայ ճար։ Աստղե­­րը կը կան­­չէ, խի­­կար­­նե­­­րը կը կան­­չէ. «Աս­­տե՛ղք, դուք հա­­րիւր հա­­զար, / Մէկ ի վայր եկէք հա­­ւասար, / Յոր­­տեղ կայ խե­­լօք խի­­կար, / Իմ խո­­ցուս արէք դեղ ու ճար»։ Մէկ այլ օր Հայ­­կա­­­կան Զա­­տիկ էր։ Զար­­թօնք։ Ու­­րա­­­խացաւ տա­­ղասա­­ցը եւ ըսաւ. «Մարտն կու գայ ծաղկնե­­րով, / Երկնից հա­­ւերն կար­­դա­­­լով, / Հրեշ­­տա­­­կապետ փառս տա­­լով, / Յոր­­ժամ Հա­­յոց զա­­տիկն գայ»։ Այս գե­­ղեցիկ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան հե­­ղինակն է միջ­­նա­­­դարեան բա­­նաս­­տեղծ Մու­­րադ Խի­­կարը։

Գո­­վասանք խի­­կարին

Հայ­­կա­­­կան պատ­­մութեան մէջ եղան մար­­դիկ, կամ կի­­ներ, որոնք ար­­ժա­­­նացան «խի­­կար» կո­­չու­­մին։ Քա­­նի մը հա­­տը ցարդ կեն­­դա­­­նի են, քա­­նի որ յի­­շուած կը մնան հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ. «Ա՚յ խե­­լացի խա­­թուն դու խի­­կար», Երե­­միա Չէ­­լէպի Քէօմիւրճեան, վա­­ղամե­­ռիկ աղջկան մը հա­­մար, «Պա­­րոն Թօ­­լաք պար­­ծանք ազ­­գիս / Դուն յու­­նիս անուն բա­­րի, / Խե­­լօք խի­­կար հե­­զահո­­գի, / Մէջ յաշ­­խարհի ես գո­­վելի», 1481 թո­­ւակա­­նի յի­­շատա­­կարան, «Քաջ, իմաս­­տուն եւ խիստ ճար­­տար, / Խե­­լօք առատ որ­­պէս Խի­­կար, / Աս­­տուած օրհնէ զքեզ ան­­դա­­­դար», Արիս­­տա­­­կէս Խար­­բերդցի, Եդե­­սիացի խո­­ճա Գաս­­պա­­­րի հա­­մար գրած։

Գու­­շա­­­կու­­թիւնք Խի­­կարի

Խի­­կարը շու­­տով տե­­ղայ­­նա­­­ցաւ եւ միջ­­նա­­­դարեան Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ վա­­յելեց մեծ ժո­­ղովրդա­­կանու­­թիւն։ Հա­­յը նոյ­­նիսկ կար­­ծեց, թէ Խի­­կարը հե­­ռաւոր ան­­ցեալի ազ­­գա­­­յին իմաս­­տուն մըն է, անոր անու­­նով ալ հիւ­­սեց ան­­հա­­­մար առակ­­ներ եւ զրոյցներ։ Ապա, եկաւ տպա­­գիր գիր­­քի դա­­րը։ Խի­­կարի զրոյ­­ցը առա­­ջին ան­­գամ 1708 թո­­ւակա­­նին Պոլ­­սոյ մէջ «Պատ­­մութիւն Պղնձէ քա­­ղաքին» ժո­­ղովա­­ծուի անու­­նով լոյս տե­­սաւ։ Ան մին­­չեւ 1953 վե­­րահ­­րա­­­տարա­­կուե­­ցաւ 15 ան­­գամ. 13 հա­­տը Պոլ­­սոյ մէջ, եր­­կու հա­­տը Թիֆ­­լի­­­սի մէջ։ Իսկ Պա­­րոնեանի բո­­լորիս յայտնի «Խի­­կարի Գու­­շա­­­կու­­թիւնք» գի՞րքը- մէկ այլ հարստու­­թիւն «խի­­կար» բա­­ռի տպա­­գիր պատ­­մութեան մէջ. «Խի­­կարի գու­­շա­­­կու­­թիւնք», 1892, Թիֆ­­լիս, 1936, Գա­­հիրէ։

Սրա­­միտ, կա­­տակա­­բան «Խի­­կար»

Յա­­կոբ Պա­­րոնեանի հան­­ճարն էր Կ. Պոլ­­սոյ եւ Ադ­­րիանա­­պոլ­­սի մէջ եր­­գի­­­ծական ամ­­սա­­­գիր մը հրա­­տարա­­կել եւ զայն կո­­չել «Խի­­կար»։ Կ՚ու­­զեմ հա­­կիրճ անդրա­­դարձ մը ու­­նե­­­նալ այս թեր­­թի մա­­սին, քան­­զի այ­­սօր որ­­քան անհրա­­ժեշտ է նման հրա­­տարա­­կու­­թեան մը ներ­­կա­­­յու­­թիւնը։ «Խի­­կարն» է որ խա­­րազա­­նեց եւ­­րո­­­պական նո­­րամո­­լու­­թիւննե­­րը, քաղ­­քե­­­նիական սո­­վորու­­թիւննե­­րը։ «Խի­­կար» թերթն է որ պաշտպա­­նեց ար­­հեստա­­ւոր խա­­ւը, ինչպէս նաեւ ղա­­րիպը։ Ար­­փիար Ար­­փիարեանը «Արեւմտեան հա­­յոց ար­­դի գրա­­կանու­­թիւն» յօ­­դուա­­ծի մէջ Պա­­րոնեանի մա­­սին ըսաւ. «Պաշ­­տօ­­­նական եր­­գի­­­ծաբա­­նը Պա­­րոնեանն էր, որ թէեւ երի­­տասարդ, բայց «հի­­ներէն» կը սե­­պուէր… «Խի­­կար»ին մէջ շա՛տ սրա­­միտ, բայց ան­­մեղ կա­­տակա­­բան մըն էր»։

Խի­­կար տի­­կին Հուսնի­­խանը

Շատ փնտռե­­ցի խի­­կար երգ մը, խե­­լօք, խե­­լացի, քիչ մըն ալ զո­­ւար­­ճա­­­լի։ Աւա՜ղ։ Ո՛չ մէկ երգ, ո՛չ մէկ մե­­ղեդի հայ­­կա­­­կան եր­­գա­­­դարա­­նի մէջ։ Բայց, չէ որ մեր հրա­­ժեշտնե­­րը ընդհան­­րա­­­պէս եր­­գով կ’ըլ­­լան, հե­­տեւա­­բար որո­­շեցի 17-րդ դա­­րու տա­­ղասաց, գար­­նան եւ գի­­նիի եր­­գիչ Դա­­ւիթ Սա­­լաձոր­­ցիի եր­­գի չվե­­րածո­­ւած մէկ տա­­ղով աւար­­տել յօ­­դուածս։ (Ո՛վ գի­­տէ, վա­­ղը եր­­գա­­­հանի մը ու­­շադրու­­թիւնը գրա­­ւէ ան եւ շու­­տով վե­­րածո­­ւի սի­­րուած եղա­­նակի) Մին­­չեւ յա­­ջորդ բա­­ռը՝ մնա­­ցէք իմաս­­տուն, եւ շրջա­­պատո­­ւած մնա­­ցէք խի­­կար­­նե­­­րու կող­­մէ.

Դու լու­­սե­­­ղէն, կան­­թեղնե­­րես,

Քա­­նի զիս կրա­­կովդ էրէս,

Մէկ խօ­­սի, աս­­տո­­­ւած կու սի­­րես.

Հուսնի­­խան, քեզ բա­­րով տե­­սայ,

Ամսնե­­րով, տա­­րով տե­­սայ։

Իմ գե­­ղեցիկ, խե­­լօք, խի­­կար ,

Գամ չեմ ասեր բոզ կամ նի­­կար,

Մա­­նուկ իմ սրտիս դուր եկար.

Հուսնի­­խան, քեզ բա­­րով տե­­սայ,

Ամսնե­­րով, տա­­րով տե­սայ։