ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

«Կինէ կին» միասնութիւն ընդդէմ կենտերային բռնութեան

Այս տարի, Հրանդ Տինք միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը վերածուեցաւ կիներու տօնակատարութեան եւ ապա ստեղծեց արծարծման տարածք մը, ուր կրցանք խօսիլ «կինէ կին» միասնութեան չափանիշներու մասին։ Երբ հարցը կը վերաբերի սփիւռքահայ կիներու, բաւարար տարածք չունինք հանրային վայրերու մէջ կանանց դէմ բռնութեան մասին խօսելու։ Կանանց եւ աղջիկներու դէմ բռնաճնշման տարբեր կիրառումներ, որոնք փակ դռներու ետին կը մնան, կրնան լռութեան մէջ թաղուիլ։

ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Հրանդ Տինք միջազգային մրցանքի այս տարուան դափնեկիրներն էին Սիերա Լէոնէն Ռուկիաթու Նենեհ Թուրայն ու Թուրքիոյ «Մոր Չաթը» կիներու ապաստարանը, որոնք կը պայքարին կանանց նկատմամբ բռնութեան տարբեր տեսակներու դէմ քաղաքականութիւն մշակելու եւ օգնելու կանանց՝ գտնելու իրենց ներիմացականութիւնը։ Մամուլի վրայ զանազան հաղորդումներ պատրաստուած էին եւ հարցազրոյցներ կատարուած էին Ռուկիաթու Նենեհ Թուրայի եւ «Մոր Չաթը» կանանց ապաստարանի կամաւորներու հետ։

Այս յօդուածը գրել որոշեցի, թէկուզ ըսուածները կրկնած ըլլալու գնով, օրինակներով յիշեցնելու կիներուն, թէ հայրիշխանութեան բռնութեան դէմ միասնութիւնը զիրենք կեանքին կը վերադարձնէ։ Թուրայը ակտիվիստ մըն է, որ ամէն առիթ կ՚օգտագործէ բարձրաձայնելու կիներու սեռային գործարաններու խեղման իր պատմութիւնը. ան այս անողոք արարքին ենթարկուած է իր 11 տարեկան հասակին։ Մայրը կորսնցնելէ ետք, իր մօրաքոյրներուն քաջալերանքով կատարուած սեռային գործարաններու խեղումը՝ աղջիկութենէ կանացիութիւն անցնելու ծիսակատարութեան անուան տակ, իր բառերով, ցկեանս «հաշմանդամութիւն» պատճառած է իրեն։

Տարիներու ընթացքին, այս աւանդութեան դէմ վրէժխնդրութեան իր զգացումները Թուրայ վերածած է կառուցողական զայրոյթի եւ հիմնած է «Amazonian Initiative Movement (AIM)» (Ամազոնեան նախաձեռնութեան շարժումը)՝ ուսումնասիրելով այս կիրառութեան դէմ դնելու կերպեր։ Մեկնակէտերէն մէկն էր կանանց կողմէ աղջկանց վրայ հայրիշխանական բռնաճնշում բանեցնելը։ Կը խօսինք միջամտութեան մը մասին, որ կայացած է Պոնտո Պուշ շրջանին մէջ, ուր կը բացակային առողջաբանական եւ յետգործողութեան խնամք։ Այս խնամքին չգոյութիւնը պատճառ կը դառնայ երիտասարդուհիներու հաշմութեան, մինչեւ իսկ՝ մահուան։ Իսկ անոնք, որոնք կը պրծին այս հետեւանքներէն, կը կորսնցնեն սեռային հեշտանքի իրենց զգացումները։ Այս խեղման՝ կանանց ձեռքով կատարուիլը կիներու միջոցով աւանդական բռնութեան մը հայրիշխանական համակարգին կողմէ բնականոնացման ապացոյց է։ 

Գիտնալով, որ արմատացած աւանդութիւններ շարժելը դիւրին չէ, Թուրայ իր աշխատանքը կը սկսի կիներու հետ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեւոր անեղծութիւնը վնասող այս միջամտութիւնը այլ կիրառութեամբ փոխարինելու։ Ան կը կազմակերպէ այլընտրանքային ծիսակատարութիւն մը՝ «անարիւն անցում» անունով եւ կը համոզէ սեռային գործարաններու խեղում կատարող 400 կիներ հրաժարելու այս աւանդութենէն եւ այլ ձեւերով վաստակելու իրենց ապրուստը։ 2019 թուականին, 45 կին «սուէյ»-ներ («սուէյ» կը կոչուի սեռային գործարանի հատումը կատարող կինը) եւ 75 աղջիկներ հրապարակային յայտարարութեամբ հանդէս կու գան եւ կը կատարեն «անարիւն անցում»-ին առաջին ծիսակատարութիւնը։ Անոնք երկու շաբաթ Պոնտո շրջանին թփաստաններուն մէջ կ՚անցընեն, առանց վախնալու խեղման ենթարկուելէ. հոն կ՚ունենան տարիքային հասունացման ծիսակատարութեան սեմինարներ ու իմաստութեան միջսերնդային փոխանցումը կը տօնենաւանդական պարերով։ Սահմանափակ նիւթական նպաստներով, Թուրայն ու իր անձնակազմը կը փորձեն կրթական չափանիշներ ստեղծել Պոնտո Պուշին մէջ։ Ան կ՚ըսէ, որ իրենց իրազեկման վարժանիստերուն ներառուած են նաեւ տղամարդիկ եւ կը հրաւիրէ կիներ կեանքը գիտակցօրէն վերա-ըմբոշխնելու։ 

PHOTO; Berge Arabian

«Մոր Չաթը» կանանց ապաստարանը հիմնուած է 1990-ին, կին ֆեմինիստներու կողմէ. Թուրքիոյ մէջ որ գործունէութիւնը սկսած է ծաւալել 1980-ականներուն աւարտին՝ աշխատելով ընտանեկան բռնութեան դէմ։ Մրցանակաբաշխութենէն ետք, «Մոր Չաթը»-ի կամաւորներէն Սելիմէ Պիւյիւքկէօզը եւ Լէյլա Սոյտինչը, որոնց ծանօթացանք նիստերէն մէկուն ընթացքին եւ Աչըք Ռատիոյի «Հիքայենին հեր հալի» (Պատմութեան բոլոր կողմերը) հաղորդումին ընթացքին, մեզի յիշեցուցին, որ 1987-ին Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած բռնութեան դէմ բողոքի քայլարշաւը առաջին օրինակն էր բռնաճնշման դէմ բարձրացած ձայներուն՝ կիներու միջոցով լսելիութեան։ Անոնք նշեցին, որ օգտագործած են «կինէ կին» միասնութեան չափանիշը իրենց ստեղծած հեռախօսային աջակցութեան կապով եւ «Մոր Չաթը» ապաստաններուն միջոցով։ Ապաստարանները փրկութեան վայրեր չեն, ուր կիներու կը բացատրուի բռնութենէ խուսափելու ճանապարհներ կամ ցոյց կը տրուի շիտակ ճամբան՝ հայրիշխանական մեթոտներով։ «Մոր Չաթը»-ի ներքեւ, կիներ (ներառեալ կամաւորներ) քով-քովի կու գան այն գիտակցութեամբ, որ իրենք կ՚ենթարկուին հայրիշխանական բռնութեան տարբեր կերպերու։ Ապաստարանները հանդիպման, ինչպէս նաեւ՝ պայքարելու տարածքներ են, ուր կանայք ապաստան կը գտնեն իրենք զիրենք պաշտպանելու իրենց ընտանեկան բռնութենէն եւ գտնելու իրենց իւրայատուկ ուժը, աղբիւրներն ու յաղթահարման ձեւերը։ Ապաստանարանին մէջ անոնք նաեւ իրազեկ կը դառնան, թէ արուական բռնութիւնը քաղաքական աքթ է։ 

Այս տարի, Հրանդ Տինք միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը վերածուեցաւ կիներու տօնակատարութեան եւ ապա ստեղծեց արծարծման տարածք մը, ուր կրցանք խօսիլ «կինէ կին» միասնութեան չափանիշներու մասին։ Երբ հարցը կը վերաբերի սփիւռքահայ կիներու, բաւարար տարածք չունինք հանրային վայրերու մէջ կանանց դէմ բռնութեան մասին խօսելու։ Կանանց եւ աղջիկներու դէմ բռնաճնշման տարբեր կիրառումներ, որոնք փակ դռներու ետին կը մնան, կրնան լռութեան մէջ թաղուիլ։ Հայ գրականութեան կարեւորագոյն դէմքերէն Զաւէն Պիպեռեանի գրեթէ բոլոր գործերուն մէջ երեւցող ընտանեկան աններդաշնակութիւնը եւս ցոյց կու տայ, որ տունէ դուրս տեղի ունեցող բռնութեան եւ անապահովութեան պարուրաձեւը կը վնասէ տան մէջ վստահութեան մթնոլորտին։ Պիպեռեանի գործերը, որոնք ցոյց կու տան հայերու մէջ տարածուած «սուրբ ընտանիք» առասպելի փխրունութիւնը, հաւանաբար այս իսկ պատճառով, հեղինակին կենդանի ժամանակին, ընթերցողներուն քով հակազդեցութիւն պատճառած է։ 
Որպէս Բարռեսիա Գոլէքթիվ, ստեղծեցինք «Քով-քովի» անունով առցանց հարթակ մը, ուր տարբեր երկիրներէ, տարբեր տարիքի եւ մասնագիտութիւններով հայ կիներ քով-քովի կու գանք ու կ՚արծարծենք մեր հասարակաց խնդիրները՝ միասնութեան չափանիշի մը փնտռտուքով։ Մեր փորձառութիւնները անկաշկանդ ու ապահով կերպով բաժնելու կարելիութիւն տուող այս մեր փոքրիկ համայնքին յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին, երբ մենք պիտի խօսինք առաջին մեր հանդիպումին ընթացքին բաւական հնչած՝ «տուն» թեման։ 

* Մրցանակաբաշխութեան տեսագրութիւնը կրնաք դիտել Հրանդ Տինք հիմնադրամի YouTube-ի էջէն։

Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան