ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պոլիսը, ո՛չ պակաս, ո՛չ աւելին

Պո­լիսը՝ հին եւ նոր։ Աշ­խարհա­կալ կայսրու­թիւննե­րու պատ­մա­կան մայ­րա­քաղաք։ Ստանձնած բա­զում կո­չումնե­րու կող­քին արեւմտա­հայ մշա­կոյ­թի կեդ­րոն։ Աշ­խարհի վրայ մօտ 50 հայ­կա­կան եկե­ղեցի­ներով հայ հո­գեւոր մշա­կոյ­թի ալ կա­րեւոր կեդ­րո­նը։

Հոն կը գոր­ծէ Հայ Առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ չորս նո­ւիրա­պետա­կան աթոռ­նե­րէն մէ­կը, Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանը։

Գործնա­կան գետ­նի վրայ այդ կեդ­րո­նը պայ­մաննե­րու բե­րու­մով կորսնցու­ցած է իր նախ­կին ու­ժը, կա­րողու­թիւնը եւ փայ­լը։ Նոյ­նիսկ տե­ղին է կարգ մը շրջա­նակ­նե­րու վար­կա­բեկ­ման հա­մար Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռը Թրքա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը ըլ­լա­լով ներ­կա­յաց­նե­լու ցան­կութիւ­նը։ Ճիշդ է որ չար միտք մըն է սա, բայց նոյնքան իրա­ւացի։ Պատ­րիար­քա­րանը ո՛չ թէ հայ ժո­ղովուրդի հո­գեւոր պա­հանջնե­րը դի­մագ­րա­ւելու հա­մար, այլ Օս­մա­նեան Սուլթա­նի իր ար­շա­ւած քա­ղաքի վրայ իշ­խա­նու­թիւնը ամ­րացնե­լու հա­մար հիմ­նո­ւած է։

Այս քա­ղաքը իր ներ­կայ բնակ­չութիւ­նով շատ մեծ աւան­դութեան մը իրա­ւական ժա­ռան­գորդն է նաեւ։

Այս բո­լորը կը մտա­ծեմ քա­նի մը դէպ­քե­րու նոյն օրե­րուն զու­գա­դիպե­լուն պատ­ճա­ռաւ։ Նախ յա­տուկ նշա­նակու­թիւն մը ու­նե­ցաւ սո­վորա­կան պսա­կադ­րութիւն մը, երբ ան տե­ղի կ՚ու­նե­նար արո­ւար­ձա­նային Գան­տիլլի թա­ղի Ս. Եր­կո­տասան Առա­քելոց Եկե­ղեցիի կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ։

Նոր պաշ­տօ­նակո­չուած թա­ղակա­նու­թիւնը ու­րա­խու­թեամբ կը յի­շեց­նէ թէ եր­կար տա­րինե­րու ընդհա­տու­մէ մը ետք առա­ջին ան­գամ պսա­կադ­րութիւն կը կա­տարո­ւի այդ եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Պատ­ճա­ռը պարզ է՝ Գան­տիլլի թա­ղը բա­զում այլ արո­ւար­ձա­նային թա­ղերու նման տա­րինե­րու ըն­թացքին կորսնցու­ցած է իր ծու­խը։ Ու­րեմն կը ստի­պուինք երե­ւակա­յել այն տա­րեթի­ւերը, ուր տեղ­ւոյն հա­յու­թեան հո­գեւոր կա­րիք­նե­րու հա­մար անհրա­ժեշտ եղած էր նոր եկե­ղեց­ւոյ մը շի­նու­թիւնը։

Օրա­կար­գի երկրորդ կա­րեւոր նիւ­թը պոլ­սա­հայ հա­մայնքէ ներս իր ձեռ­նա­ռատ նո­ւիրա­տուու­թիւննե­րով ծա­նօթ բա­րերա­րու­հի Սել­մա Իս­քենտէ­րէօզի թաղ­ման տխուր արա­րողու­թիւնն էր։

Արա­րողու­թեան տխուր հան­գա­ման­քը կը գո­յանար մեր մա­մու­լէ ներս ըն­տա­նեկան մա­հազ­դի մը ան­գամ բա­ցակա­յու­թիւնով։ Տի­կին Սել­մա մին­չեւ տաս­նեակ մը առաջ այս հա­մայնքէ ներս սի­րուած ու յար­գո­ւած անձնա­ւորու­թիւն մըն էր, բա­ցի իր եւ ամուսնոյն անու­նով կա­տարած նո­ւիրա­տուու­թիւննե­րէն, աշ­խոյժ վար­չա­կան ջան­քե­րով եւս։ Ան եթէ հարկ եղաւ ան­վա­րան մաս կազ­մեց Գա­րակէօզեան Որ­բա­նոցի խնա­մակա­լու­թեան։ Մենք կը յի­շենք տա­ղաւա­րի տօ­ներուն առ­թիւ անոր ամուսնոյն հետ միասին հա­յատառ մա­մու­լին տո­ւած շնոր­հա­ւորա­կան պատ­գամնե­րը, որոնք ձե­ւով մըն ալ նե­ցուկ էին այդ թեր­թե­րու յա­րատե­ւու­թեան։ Իսկ երբ ան առ­յա­ւէտ կը հե­ռանար մեզ­մէ, կար­ծես այս յատ­կա­նիշ­ներն ալ կը ծած­կո­ւէին մո­ռացու­թեան փո­շիով մը։

Եթէ ան­ձամբ ներ­կայ չէի գտնո­ւած թաղ­ման կար­գին, ըն­կերնե­րուս վկա­յու­թիւնով տե­ղեկա­ցայ Պա­րոն Պետ­րոս Շի­րինօղ­լո­ւի կար­ծես թէ ամ­բողջ հա­մայնքի մը բաց­թո­ղու­մը վե­րաց­նե­լու մի­տող վար­քին։

Ըն­կերներս կը վկա­յէին թէ Շի­րինօղ­լու իր ըն­տա­նիքը կող­քին ու­նե­նալով ներ­կա­յացած էր իբ­րեւ սգա­ւոր ամ­բողջ ըն­տա­նիքի մը եւ հետզհե­տէ հա­մայնքի մը անու­նով։

Պո­լիս, Պո­լիս…հարստու­թիւնդ ծո­ցիդ մէջ պա­հած ու սնու­ցած հսկայ ժա­ռանգ մըն է, իսկ աղ­քա­տու­թիւնդ մե­րօրեայ մար­դու ապե­րախ­տութիւ­նը։

Իզուր է Պո­լիսը եւ պոլ­սե­ցին ար­հա­մար­հել, քա­նի որ ան իր յա­ւէր­ժի ճամ­բան կը շա­րու­նա­կէ բազ­մաբնոյթ հա­կասու­թիւննե­րը շալ­կած կերպով։

pakrates@yahoo.com