ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Աղքատ

Լոյս տե­­սաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան աղ­­քա­­­տու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը ցոյց տո­­ւող ամե­­նամեայ փաս­­տա­­­թուղթը՝ Հան­­րա­­­պետու­­թեան վի­­ճակագ­­րութեան յանձնա­­խումբի հրա­­պարա­­կած «Աղ­­քա­­­տու­­թեան պատ­­կե­­­րը», այ­­նուհե­­տեւ մա­­մու­­լի մէջ լոյս տե­­սան երկրի մէջ աղ­­քա­­­տու­­թեան կան­­խարգիլ­­ման նո­­ւիրո­­ւած յօ­­դուած­­ներ, մամ­­լոյ ասու­­լիսնե­­րու ըն­­թացքին հնչե­­ցին տնտե­­սագէտ մաս­­նագէտնե­­րու կար­­ծիքնե­­րը աղ­­քա­­­տու­­թեան նո­­ւազեց­­ման մա­­սին։ Վեր­­ջա­­­պէս երկրի աղ­­քատնե­­րու մի­­ջեւ յոյս եւ ու­­րա­­­խու­­թիւն տա­­րածո­­ւեցաւ երբ Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի պատ­­գա­­­մաւոր Մա­­րիամ Պօ­­ղոսեանը պաշ­­տօ­­­նապէս յայ­­տա­­­րարեց, թէ «2024 թո­­ւակա­­նը դէ­­պի յու­­սադրող է գնում, որով­­հե­­­տեւ մենք ու­­նենք աղ­­քա­­­տու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կի նո­­ւազում. 2023 թո­­ւակա­­նի ըն­­թացքում աղ­­քա­­­տու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը 26,5 տո­­կոսից իջել է 24,8 տո­­կոս»։ Իսկ ես, հա­­ւատա­­րիմ այն կար­­ծի­­­քին, թէ մար­­դը իր բա­­ռապա­­շարով է հա­­րուստ, փա­­փաքե­­ցայ ստու­­գել «աղ­­քատ» բա­­ռի պատ­­մութիւ­­նը ու յայտնա­­բերե­­ցի, թէ ան բա­­ւակա­­նին հա­­րուստ ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցեր է։ Որ­­պէսզի այդ հարստու­­թե­­­նէն բո­­լորս օգ­­տո­­­ւինք, - որ­­պէս հա­­յոց լե­­զուի ժա­­ռան­­գորդներ, - իմ աղ­­քատ միտ­­քովս սկսայ գրի առ­­նել այս յօ­­դուա­­ծը։

Աղ­­քա­­­տու­­թեան ար­­մատնե­­րը

Ի՞նչ է աղ­­քա­­­տու­­թիւնը։ Պոլ­­սա­­­հայ բա­­նաս­­տեղծ Ինտրան ան­­մի­­­ջապէս եկաւ պա­­տաս­­խա­­­նելու. «Ճա­­կատագ­­րի ի՚նչ աղ­­քա­­­տու­­թիւն՝ եթէ մարդ չըլ­­լա՚յ ըն­­կե­­­րային տար­­րե­­­րուն մէկ ընտրա­­կան հա­­ւաքոյ­­թը»։ Բա­­ւարա­­րուե­­ցանք։ Բայց, մտա­­ծեցի, ի՞նչ է «աղ­­քատ» բա­­ռի ար­­մա­­­տը։ Քա­­նի մը ստու­­գա­­­բան եւ լե­­զուա­­բան այ­­րեր եկան։ Աղ­­քատ էր անոնց պա­­տաս­­խա­­­նը։ Կար­­ծիքներ էին կաս­­կա­­­ծելի։ Կար հա­­մաձայ­­նութիւն մը միայն, թէ «աղ­­քատ» բա­­ռի ար­­մա­­­տը այլ լե­­զու­­նե­­­րու մէջ կը նշա­­նակէր «նի­­հար, թռո­­ւառ, փոքր, ճղճիմ, տկար, ախտ եւ հի­­ւանդ»։ Լե­­զուն որո­­շեր է, թէ «աղ­­քա­­­տու­­թիւնը հի­­ւան­­դութիւն մըն է բժշկե­­լի»։

Աղ­­քա­­­տը մերձ է Աս­­տուծոյ

301 թո­­ւակա­­նին հա­­յը քա­­րոզիչ­­նե­­­րու բե­­րանէն սկսեր էր լսել այն երա­­նելի վի­­ճակի մա­­սին, որ կը կո­­չուի աղ­­քա­­­տու­­թիւն։ Իսկ 405-ին ան բռնեց եւ ըն­­թերցեց Աս­­տո­­­ւածա­­շունչ Մա­­տեանը, ուր տեղ գտած էին աղ­­քա­­­տին սփո­­փանք տո­ւող խօս­­քեր։ Առա­­ջինն էր՝ «Երա­­նի աղ­­քա­­­տաց հոգ­­ւով»։ Խրա­­տական խօսք մը հե­­տեւե­­ցաւ անոր. «Լաւ է աղ­­քատ՝ որ գնայ ճշմար­­տութեամբ, քան զմե­­ծատուն սուտ»։ Ապա եր­­կիր կա­­ռավա­­րելու հա­­մար մա­­նուկ մը սկսանք փնտռել, քան­­զի Գիր­­քը ըսաւ. «Լաւ է մա­­նուկ աղ­­քատ եւ իմաս­­տուն՝ քան զթա­­գաւոր ծեր եւ ան­­միտ»։ Նոյն տա­­րինե­­րուն, անոնք, որոնք հա­­րուստ էին նիւ­­թա­­­կան ու­­նե­­­ցուած­­քով, ան­­մի­­­ջապէս սկսան աղ­­քատնե­­րուն բա­­րիք կա­­տարել, որով­­հե­­­տեւ, յոր­­դո­­­րեց Աս­­տո­­­ւածա­­շունչը, «Բա­­րի արա՚ աղ­­քա­­­տաց, զի օրհնու­­թիւն քո կա­­տարեալ լի­­ցի»։ Վեր­­ջա­­­պէս, բա­­րեպաշտ աղ­­քա­­­տի սիր­­տը լե­­ցուե­­ցաւ յոյ­­սով եւ յոյ­­զով, որով­­հե­­­տեւ, ըսաւ Սուրբ Գիր­­քը՝ «Աղօթք աղ­­քա­­­տաց մե՚րձ է առ Աս­­տո­­­ւած»։ Ան­­շուշտ, թէ պի­­տի յի­­շեմ նաեւ Քրիս­­տո­­­սի այն առա­­կի անու­­նը՝ «Աղ­­քատ Ղա­­զարո­­սի առա­­կը»։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, քա­­նի որ վի­­ճակագ­­րա­­­կան տո­­ւեալ­­նե­­­րը հա­­ւաս­­տի են, ինչպէս Հա­­յաս­­տա­­­նի վի­­ճակագ­­րա­­­կան յանձնա­­խումբի հրա­­պարա­­կած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը, ես ալ որո­­շեցի Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի թի­­ւերով խօ­­սիլ աղ­­քա­­­տու­­թեան մա­­սին։ «Աղ­­քատ» բա­­ռը, ի՜նչ պեր­­ճանք, 151 ան­­գամ գոր­­ծա­­­ծուեր է Սուրբ Գիր­­քի մէջ, «աղ­­քա­­­տանալ» բա­­յը՝ 11 ան­­գամ, իսկ «աղ­­քա­­­տու­­թիւն» գո­­յակա­­նը՝ 25 ան­­գամ։

Հա­­յաս­­տա­­­նի աղ­­քատ այ­­րե­­­րը

Դուք, կ’ու­­զէք գիտ­­նալ, թէ ո՚վ էր միջ­­նա­­­դարեան Հա­­յաս­­տա­­­նի ամե­­նաթ­­շո­­­ւառ աղ­­քա­­­տը։ Թեր­­թե­­­ցի հին գրա­­կանու­­թեան հա­­րուստ էջե­­րը, եկայ այն եզ­­րա­­­կացու­­թեան, թէ մեր մա­­տենա­­գիրե­­րը աղ­­քատ մնա­­լու մրցակ­­ցութեան մէջ էին։ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին իր Մա­­տեանի մէջ ինքզինք կո­­չեց «ամե­­նաթ­­շո­­­ւառ աղ­­քատ»։ (Նոյն գիր­­քի մէջ Նա­­րեկա­­ցին Տի­­րոջ կո­­չուած էր «աղ­­քա­­­տասէր պաշտպան») Յի­­շատա­­կարան­­ներ գրած այ­­րե­­­րը նոյնքան խո­­նարհ եւ հա­­մեստ էին, որ­­քան Նա­­րեկա­­ցին։ Ահա քա­­նի մը խոս­­տո­­­վանու­­թիւն։ Աւագ վան­­քի գրիչ Ղա­­զարո­­սը 1409 թո­­ւակա­­նին ըսաւ. «Ո՜վ իմաս­­տուն ըն­­թերցող, մի մե­­ղադ­­րել սխա­­լաց… Խիստ եմ աղ­­քատ»։ 1471 թո­­ւակա­­նին Խա­­ռաբաս­­տոյ վան­­քի գրիչ Մէլ­­քի­­­սէդը գրեց, թէ ին­­քը «անար­­ժան եւ մե­­ղաւոր» է, ինչպէս նաեւ՝ «աղ­­քատ հոգ­­ւով»։ Իսկ 16-րդ դա­­րու տա­­ղասաց Ասա­­պովը ինքզինք նկա­­րագ­­րեց, որ­­պէս «Կոյր Ասա­­պով, աղ­­քատ հո­­գի»։

Մի­­ջին աղ­­քա­­­տու­­թիւններ

Միջ­­նա­­­դարուն աղ­­քա­­­տու­­թեան իմաս­­տա­­­սիրու­­թիւնը եղաւ շատ հա­­րուստ։ Բազ­­մա­­­թիւ վար­­դա­­­պետ­­ներ, տա­­ղասաց­­ներ, բա­­նաս­­տեղծներ խօ­­սեցան աղ­­քա­­­տու­­թեան մա­­սին։ Տա­­թեւ վան­­քի վա­­նահայր Գրի­­գոր Տա­­թեւա­­ցին 1400 թո­­ւակա­­նին մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ կան ինը երա­­նելիու­­թիւններ, որոնցմէ առա­­ջինն է «հոգ­­ւոյ աղ­­քա­­­տու­­թիւնը»։ Ապա սուրբը գրի առաւ ըն­­տիր միտ­­քեր. «Աղ­­քա­­­տու­­թիւն հոգ­­ւոյն ար­­տաքս» զհպար­­տութիւննե, «Աղ­­քա­­­տու­­թիւն հոգ­­ւոյ է հրա­­ժարիլն յաշ­­խարհէ», «Աղ­­քատք հոգ­­ւով են խո­­նարհքն»։ Բա­­նաս­­տեղծ Ֆրի­­կը 1300 թո­­ւակա­­նին մե­­զի հա­­մար գրեց խրա­­տական տո­­ղեր. «Աղ­­քատ իմաս­­տուն լաւ է, / Քան զհա­­զար ան­­գէտ գան­­ձա­­­ւոր»։ Ան «անպտուղ փայտ» որա­­կեց այն ու­­նե­­­ւոր­­նե­­­րը, որոնք կը վա­­յելեն աշ­­խարհը, բայց կ’ան­­տե­­­սեն չքա­­ւոր­­նե­­­րը. «Երբ դու չի տո­­ւիր ձե­­ռօքդ / Աղ­­քա­­­տաց եւ արիր քեզ հո­­գիք, / Հա­­շուենք թէ անպտուղ փայտ ես՝ / Կրա­­կին լի­­նիս վա­­ռելիք»։ Նոյն թո­­ւակա­­նին Կե­­չառիս վան­­քի վա­­նահայր, բա­­նաս­­տեղծ Խա­­չատուր Կե­­չառե­­ցին դաս­­տիարակ­­չա­­­կան քա­­ռեակ մը գրի առաւ. «Խա­­չատո՚ւր, առ­­նել լաւ է, / Քան ասել եւ ոչ կա­­տարել, / Աղ­­քատ եւ ար­­դար լաւ է, / Քան գի­­տուն եւ յոյժ մո­­լորել»։ Եթէ աղ­­քատ ես եւ պարտք ու­­նիս, ի՞նչ հա­­ճոյք կ’առ­­նես կեան­­քէն։ Փո­­խանակ եր­­կար-եր­­կար խօ­­սելու, պարզ երկտող մը բա­­ւեց Իգ­­նա­­­տիոս Ամ­­թե­­­ցիին, որ­­պէսզի ամ­­փո­­­փէ այդ խեղճ վի­­ճակը. «Տես, թէ աղ­­քատ ես պար­­տա­­­կան, / Ու­­տել խմելն է քեզ հա­­րամ, / Թէ տա­­լացու չու­­նես մարդկան, / Ու­­րա­­­խանալն է քեզ ար­­ժան»։

Աղ­­քատ պան­­դուխտը

«Աղ­­քատ» ածա­­կանը, չզար­­մա­­­ցանք, միշտ յի­­շուե­­ցաւ «պան­­դուխտ» գո­­յակա­­նի հետ։ Ան­­բա­­­ժանե­­լի էին անոնք։ Ճա­­կատա­­գիր։ Եթէ յօ­­ժարիք հայ ղա­­րիպի քա­­նի մը տաղ կար­­դալ դուք կը լսէք անոնց ող­­բա­­­լի ձայ­­նը։ Ձե­­զի հա­­մար, ահա, հա­­մադ­­րե­­­ցի երեք «տաղ ղա­­րիպի»։ Առա­­ջինը անա­­նուն տա­­ղասա­­ցի մը կը պատ­­կա­­­նի. «Աղ­­քատ շրջի յեր­­կիրն՝ սրտին յօ­­ժար է, / Փո­­խան շաք­­րին՝ լե­­ղի, զահր (թոյն) կլան»։ Սի­­մէոն Ջու­­ղա­­­յեցին օտա­­րու­­թեան մէջ ող­­բաց. «Օտար եմ յայսմ երկրի, / Վա՜յ, աւա՜ղ, վա՜յ / Եւ աղ­­քատ , նաեւ այ­­րի, / Եկայք, լա­­ցէ՚ք զիս / Եւ ող­­բա­­­ցէ՚ք զիս»։ Մինչ Ղունկիանոս Կար­­նե­­­ցին, աս­­տանդա­­կան կեան­­քէ յօգ­­նած եւ սիր­­տը մօր եւ հայ­­րե­­­նիքի կա­­րօտով պա­­պակած հա­­ռաչեց. «Ի՜նչպէս չըլ­­լամ, հայ­­րե­­­նական երկրէս եմ զրկո­­ւած / Ան­­տի­­­րական ողոր­­մե­­­լի քէօշէ­­ները (ան­­կիւննե­­րը) մնա­­ցած / Ձեռքս՝ ծոցս, շըլ­­լիքս ծուռ, խեղճ աղ­­քատ մ’եմ մո­­լորած»։

Գե­­ղեցիկ աղ­­քա­­­տը

Հայ­­կա­­­կան գե­­ղապաշտ գրա­­կանու­­թեան մէջ աղ­­քա­­­տու­­թիւնը փայ­­լե­­­ցաւ այնպէս ինչպէս Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նի մշակ­­նե­­­րու քրտին­­քը՝ մարգրի­­տի նման։ Մեր սե­­բաս­­տա­­­ցի երի­­տասար­­դը, հայ­­րե­­­նի կա­­րօտով «աղ­­քա­­­տացած»՝ գե­­րագոյն մար­­դա­­­սիրու­­թեամբ աղ­­քա­­­տը պսա­­կեց որ­­պէս իր քնա­­րեր­­գութեան թա­­գաւո­­րը։ Վա­­րու­­ժա­­­նի քեր­­թո­­­ւած­­նե­­­րու մէջ աղ­­քատն էր ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նի. «Մշա՚կ, ցա­­նէ՜. յա­­նուն նօ­­թի թշո­­ւառին / Թող գոգ­­նո­­­ցէդ կէս չել­­լէ ափդ բնաւ. / Աղ­­քատ մ’այ­­սօր ճրա­­գին մէջ տա­­ճարին / Վա­­ղուան հունձքիդ հա­­մար վեր­­ջին ձէ­­թը դրաւ»։ Սե­­բասիայէն շատ հե­­ռու, Սիւ­­նեաց լեռ­­նե­­­րու ծո­­ցին, Հա­­մօ Սա­­հեանը մե­­զի պատ­­մեց, թէ հայ­­րե­­­նի հո­­ղի վրայ ինչպէ՚ս էր նախ­­նի­­­ներու կեան­­քը. «Իմ նախ­­նի­­­ներն այնտեղ / Ապ­­րում էին, մեռ­­նում։ / Ապ­­րում էին աղ­­քատ, / Մեռ­­նում հա­­րուստ»։

Աղ­­քատ սի­­րահար­­նե­­­րը

Սի­­րահա­­րի աչ­­քին աղ­­քա­­­տու­­թիւնը ի՞նչ է։ Դրախտ։ Տէ­­րեանը, որ իր նե­­րաշ­­խարհի թախ­­ծոտ եր­­գե­­­րը եր­­գեց, հե­­ռաւոր գե­­ղեց­­կուհիի մը զմա­­յելեի պատ­­կե­­­րին առ­­ջեւ ինքզինք զգաց՝ աղ­­քա­­­տացած. «Օտար երկնքի կա­­մար­­նե­­­րի տակ / Երա­­զիս տե­­սայ մի չքնաղ աղ­­ջիկ. / Ես՝ մի աղ­­քատ մարդ մո­­լորաշրջիկ, / Նա՝ երկնից թռած լու­­սէ հրեշ­­տակ»։ Պա­­րոյր Սե­­ւակը իր «ան­­գին» կո­­չած էակին առ­­ջեւ աղ­­քա­­­տացաւ. «Ան­­գի՚ն, / Քո ոտ­­քե­­­րը տես­­նել իմ գրկա­­բաց շէմ­­քին, / Քեզ մէ­­կընդմիշտ տես­­նել իմ տանն աղ­­քատ ու հին»։ Սե­­ւակը նաեւ հան­­ճա­­­րեղ միտք մը յղա­­ցաւ եւ քննա­­դատեց աղ­­քա­­­տամիտ մար­­դոց. «Ինչքան աղ­­քատ են միտքն ու զգա­­ցու­­մը, նոյնքան պերճ ու սի­­րուն են դառ­­նում բա­­ռերը»։ Իսկ Պոլ­­սոյ մէջ Զահ­­րա­­­տը հա­­մամարդկա­­յին նո­­ւիրու­­մով գրեց իր թա­­ղեցի­­ներու մա­­սին. «Ես իմ թա­­ղիս քեր­­թողն եմ / Լե­­զուս աղ­­քատ է թա­­ղեցի­­ներուս նման / Տա­­ղերուս միակ հարստու­­թիւնը կը կազ­­մեն / Թա­­ղեցի­­ներուս հո­­գերը»։

Աղ­­քա­­­տասի­­րաց գիր­­քեր

Գի­­տենք, թէ հայ­­կա­­­կան գրատ­­պութիւ­­նը շատ հա­­րուստ է։ Ար­­դեօ՞ք, մտա­­ծեցի աղ­­քա­­­տին տեղ մը կար այդ պեր­­ճանքին մէջ։ Յայտնո­­ւեցաւ, թէ աղ­­քա­­­տը եւ անոր հար­­ցե­­­րը միշտ ալ հայ­­կա­­­կան ըն­­կե­­­րային կեան­­քի ու­­շադրու­­թեան տակ եղած են։ Ան­­հա­­­մար գիր­­քեր տպո­­ւած են հա­­մեստ դա­­սակար­­գին նո­­ւիրո­­ւած։ Փար­­թամ քա­­ղաք­­նե­­­րը, ինչպէս Պո­­լիսը, Պա­­քուն եւ Փա­­րիզը, ազ­­գա­­­յին խնա­­մակա­­լ հո­­գիով ջա­­նացին աղ­­քա­­­տու­­թիւնը «բժշկել»։ Ահա այդ գան­­ձա­­­րանէն քա­­նի մը անուն. «Կա­­նոնադ­­րութիւն Աղ­­քա­­­տասի­­րաց ըն­­կե­­­րու­­թեան որ ի Մի­­ջագիւղ», Պո­­լիս, 1858, «Աղ­­քա­­­տու­­թիւն եւ իր դար­­մաններն ի գիւ­­ղօ­­­րէս», Պո­­լիս, 1872, «Պատ­­մութիւն Բա­­գուայ հա­­յոց աղ­­քա­­­տախ­­նամ եկե­­ղեցա­­կան հո­­գաբար­­ձութեան», Պա­­քու, 1895, «Տա­­րեկան տե­­ղեկա­­գիր Փա­­րիզի աղ­­քա­­­տախ­­նամ ըն­­կե­­­րու­­թեան», Փա­­րիզ, 1928։ Իսկ Խորհրդա­­յին Երե­­ւանը աղ­­քա­­­տու­­թիւնը դրաւ իր քա­­ղաքա­­կան օրա­­կար­­գին վրայ եւ այդ ուղղու­­թեամբ գիր­­քեր հրա­­տարա­­կեց, ինչպէս՝ «Աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րի աղ­­քա­­­տացու­­մը կա­­պիտա­­լի երկրնե­­րում», 1953, «Թուրքիայի աշ­­խա­­­տաւո­­րու­­թեան ծայ­­րա­­­յեղ աղ­­քա­­­տացու­­մը երկրորդ հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մից յե­­տոյ», 1955։

Աղ­­քա­­­տը լաւ է

Երգն է որ աղ­­քա­­­տին սփո­­փանք կու տայ։ Քաղցր եղա­­նակ մը, ճիշդ չէ՞, քա­­նի մը վայրկեան կը հե­­ռաց­­նէ աղ­­քա­­­տը իր առօ­­րեայ, նիւ­­թա­­­կան հո­­գերէն ու կրնայ անու­­շութեամբ օրօ­­րել անոր միտ­­քը։ Այս նպա­­տակով կար­­ծես թէ Աշուղ Ճի­­ւանին եր­­գեր յօ­­րինեց եւ իր պար­­զունակ, ռա­­միկ լե­­զուով ալ փոր­­ձեց թե­­թեւցնել հայ աղ­­քա­­­տին ցա­­ւը. «Աղ­­քատ հո­­ղագործ, մի՚ վհա­­տիր, կա­­լոցը մօտ է,

Ար­­տե­­­րը հա­­սել են, սի­­րելիս, քա­­ղոցը մօտ է»։ Ան քա­­ջալե­­րեց մշա­­կը որ համ­­բե­­­րատար ըլ­­լայ։ Ապա, խրա­­տական երգ մը գրեց. «Աղ­­քատ մար­­դուն չեն բամ­­բա­­­սիլ, / Երա­­նի հաց մու­­րա­­­ցողին»։ Այ­­սօր յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող ձե­­զի հրա­­ժեշտ կու տամ Ճի­­ւանիի ճոխ քնա­­րէն մէջ­­բե­­­րելով մէկ այլ երգ, որ մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ աշ­­խա­­­տանքն եւ քրտինքն էր թան­­կա­­­գին.

Ի՞նչ հաս­­կա­­­նամ ան­­հոտ
բու­­րաստա­­նիցը,

Ո՞վ է գոհ անաշ­­խատ այ­­գե­­­պանի­­ցը,

Անօ­­գուտ, անո­­ղորմ մե­­ծատա­­նիցը

Ազ­­գա­­­սէր, ողոր­­մած աղ­­քա­­­տը լաւ է։