ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Գնահատելով Մուրատ Էզերի վաստակը

Այս շա­բաթ շա­րու­նա­կուող եր­րորդ յօ­դուա­ծով աւար­տին կը հաս­նի մե­րօրեայ կա­րեւոր շրջիկ Մու­րատ Էզե­րի յօ­դուա­ծաշար­քը։

Ան այս ան­գամ նախ այ­ցե­լած էր Սաս­նայ Մա­րու­թա Սա­ռը, ապա իր ու­ղե­ւորու­թիւնը շա­րու­նա­կած դէ­պի Օր­տու եւ Սի­նոփ քա­ղաք­նե­րը։

Մու­րատ Էզեր իր այ­ցե­լած վայ­րե­րու մէջ յա­ճախ կը հան­դի­պի հա­յու բե­կոր­նե­րու, որոնց հետ ան­ցեալին ծա­նօթու­թիւն ու­նե­ցած, հար­ցազրոյցներ վա­րած է։ Շատ ալ դիւ­րին չէ Մու­րատ Էզե­րի այս աշ­խա­տու­թիւնը։ Իրենց ապ­րած քա­ղաք­նե­րուն մէջ հա­տու­կենտ մնա­ցած հա­յեր կը խու­սա­փին օտա­րի մը հետ զրու­ցե­լէ։ Էզեր որոշ ջանք կը վատ­նէ անոր լե­զուի կղպան­քը բա­նալու հա­մար։ Բայց երբ ան­գամ մը բա­ցուի ըն­տա­նեկան պատ­մութեան մը ծրա­րը, դուրս կու գայ շատ հե­տաքրքրա­կան ապ­րումներ։

Մու­րատ Էզե­րի խօ­սակից­նե­րէն շա­տեր եթէ առան­ձին են իրենց բնօր­րա­նին մէջ, ան­դին ու­նին մեծ քա­ղաք տե­ղափո­խուած բազ­մանդամ գեր­դաստան մը։ Իրենց հա­մար կար­ծես սրբու­թիւն մըն է պա­պերէ ժա­ռան­գո­ւած ար­հեստը շա­րու­նա­կել։ Այդպի­սին էին օր­տուցի քոյր ու եղ­բայրը, որոնք հան­րա­ծանօթ էին իբ­րեւ հայ դե­ղագործ եւ հայ բժիշկ։ Տե­րիքի մէջ նոյնն է պատ­կե­րը, երբ հայ մը իր պա­պերէն ժա­ռան­գած օճա­ռի ար­տադրու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ իր նախ­նեաց հիմ­նած գոր­ծա­րանին մէջ։

Իր առա­քելու­թեան ակ­նարկե­լով «շրջիկ» ածա­կանը օգ­տա­գոր­ծե­ցինք Մուրտ Էզե­րի հա­մար։ Ան նոյ­նիսկ թա­փառա­կան շրջիկ մըն է շա­տերուն հա­մար, քա­նի որ հար­կադրո­ւած է ամե­նանո­ւազ ծախ­սե­րով ճամ­բորդել եր­բեմնի հա­յաշատ քա­ղաք­նե­րու մի­ջեւ։

Մենք կը հա­ւատանք թէ անոր աշ­խա­տան­քը ժա­մանա­կի վկա­յու­թիւն է, քա­նի որ էջե­րու տո­ղերէն բա­ցի ան իր վկա­յու­թիւննե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րէ լու­սանկա­րով եւ մա­նաւանդ ալ վի­տէյօ ժա­պաւէն­նե­րով։ Այդ աշ­խա­տան­քի հե­տեւան­քը եղաւ զա­նազան վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մեր, կամ լու­սանկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէսներ, որոնք հրա­տարա­կուե­ցան նաեւ հե­ղինա­կի մեծ զո­հողու­թիւննե­րով։

Գի­տենք թէ մեր կրթօ­ճախ­նե­րը փայ­լուն դիր­քի մէջ պա­հելու կամ եկե­ղեցի­ները ներ­կա­յանա­լի դարձնե­լու հա­մար կը ստանձնենք հսկայ գու­մարնե­րու հա­տու­ցում։ Բայց եր­բեք չենք խոր­հիր Մու­րատ Էզե­րի որ­դեգրած ծա­ռայու­թիւնը աւե­լի տա­նելի դարձնե­լու ուղղո­ւած մի­ջոց­ներ ձեռքբե­րելու մա­սին։

Այս շա­բաթ իր վեր­ջին յօ­դուա­ծաշար­քին աւար­տին առա­ջին ան­գամ ըն­թերցո­ղին հետ կը կի­սէ իր ապ­րած դժո­ւարու­թիւննե­րը։Ան կը խօ­սի հա­յու կո­րու­սեալ բե­կոր­նե­րը վե­րագտնե­լու հա­մար կա­տարած ճամ­բորդու­թիւննե­րուն։ Միայն երկրի տա­րած­քին 52 հա­զար քմ. է իր ան­ցած ճա­նապար­հը։ «Միշտ ավ­տո­պու­սով ճամ­բորդե­ցի եւ հար­կադրո­ւեցայ ամե­նամատ­չե­լի հիւ­րա­նոց­նե­րը իջե­ւանե­լու» կը պատ­մէ Մու­րատ Էզեր։ Այդ ըսե­լով հան­դերձ շատ սխալ պի­տի ըլ­լայ կար­ծել թէ ան զղջումներ կ՚ապ­րի իր որ­դեգրած առա­քելու­թեամբ բեր­մամբ։ Ո՛չ, Մու­րատ Էզե­րը կը գի­տակ­ցի իր կա­տարա­ծի կա­րեւո­րու­թեան եւ պայ­մաննե­րը որ­քան ալ դժո­ւար ըլ­լան պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ուղղու­թիւնով։

Դար­ձեալ սոյն յօ­դուա­ծին մէջ Մու­րատ Էզեր իր մա­սին կ՚օգ­տա­գոր­ծէ «սեւ հայ» եզ­րը։ Պոլ­սա­հայ հա­մայնքէ ներս տի­րող քաղ­քե­նիաց­ման մէջ ճիշդ է, որ սեւ հայ մըն է Էզե­րը եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ գլուխ կը հա­նէ 40 սպի­տակ հա­յու ան­ճա­րակու­թեան մատ­նո­ւելիք գոր­ծեր։

Մեր ժա­մանակ­նե­րուն իրո­ղու­թիւնն է այս եւ եթէ ար­թուն կեր­պով դի­տենք մեր շուրջ բո­լորը, պի­տի տես­նենք թէ կան նման ծանր գոր­ծեր յանձն առած ու­րիշներ ալ, որոնք դիւ­րաւ կը պի­տակա­ւորո­ւին այս հա­մայնքի աւան­դա­կան հա­սարա­կու­թեան կող­մէ։

Վարձքդ կա­տար սի­րելի Մու­րատ Էզեր, որ ստանձնած ես Հրանդ Կիւ­զե­լեան­նե­րու, Հեր­ման Օզի­նեան­նե­րու, Տէր Շա­ւարշ Քա­հանայ Պա­լըմեան­նե­րու, Տէր Կի­րակոս­նե­րու սրբա­զան պար­տա­կանութիւնը։

pakrates@yahoo.com