«Պուրակ» հարթակի մեկնարկ

Համազ­գա­­­յինի Մե­­լանքթոն եւ Հայկ Արսլա­­նեան Ճե­­մարա­­նի տնօ­­րէնու­­թիւնը ու­­րա­­­խու­­թեամբ կը յայ­­տա­­­րարէ 7-10 տա­­րեկան երե­­խանե­­րու հա­­մար արեւմտա­­հայե­­րէնով պատ­­րաստո­­ւած գի­­տելիք­­նե­­­րու եւ նիւ­­թե­­­րու շտե­­մարան՝ «Պու­­րակ» հար­­թա­­­կի մեկ­­նարկը։

«Պու­­րակ»ը ծնունդ առաւ Գա­­լուստ Կիւլպէն­­կեան Հիմ­­նարկու­­թեան Հայ­­կա­­­կան Հա­­մայնքնե­­րու Բա­­ժան­­մունքի հո­­վանա­­ւորու­­թեամբ։

Ծրա­­գիրին նպա­­տակն է զարկ տալ արեւմտա­­հայե­­րէնի բա­­ռամ­­թերքի ու լե­­զուամ­­տա­­­ծողու­­թեան զար­­գացման եւ այ­­լա­­­զանել արեւմտա­­հայե­­րէնով դա­­սաւան­­դո­­­ւող նիւ­­թե­­­րու մա­­տուցման եղա­­նակ­­նե­­­րը՝ առա­­ւել եւս ար­­մա­­­տաց­­նե­­­լով արեւմտա­­հայե­­րէնի կեն­­սունա­­կու­­թիւնը։

Հա­­մազ­­գա­­­յինի Մե­­լանքթոն եւ Հայկ Արսլա­­նեան Ճե­­մարա­­նի ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան սկզբունքնե­­րուն հի­­ման վրայ, աշա­­կերտնե­­րը տար­­րա­­­կան եւ նա­­խակրթա­­րան բա­­ժին­­նե­­­րու առա­­ջին տա­­րինե­­րուն, հիմ­­նա­­­կան բո­­լոր նիւ­­թե­­­րու դա­­սաւան­­դութիւննե­­րը կը ստա­­նան իրենց մայ­­րե­­­նի լե­­զուով՝ հա­­յերէ­­նով։ Հե­­տեւա­­բար, այ­­լա­­­զան կա­­րողու­­թիւննե­­րով օժ­­տո­­­ւած եւ ներ­­կայ ար­­հեստա­­գիտա­­ցած առօ­­րեային մէջ ապ­­րող հայ երե­­խային հա­­մար նման ծրա­­գիրի մը իրա­­գոր­­ծումը կը նպաս­­տէ, որ լսա­­տեսո­­ղական ար­­դի եւ ժա­­մանա­­կակից մի­­ջոց­­նե­­­րով պատ­­րաստո­­ւած «Պու­­րակ»ը երե­­խային ըն­­ծա­­­յէ արեւմտա­­հայե­­րէնով յա­­ւելեալ ընդհա­­նուր զար­­գա­­­ցում։ Ան կ՚ընդգրկէ հայ լե­­զուի, պատ­­մութեան, աշ­­խարհագ­­րութեան, մշա­­կոյ­­թի, թո­­ւաբա­­նու­­թեան եւ գի­­տու­­թեան ոլորտնե­­րը։

«Պու­­րակ»ը հար­­թակ մըն է, ուր գի­­տելիք­­նե­­­րու եւ նիւ­­թե­­­րու ներ­­կա­­­յացու­­մը կը կա­­տարո­­ւի կարճ տե­­սերիզ­­նե­­­րու (short animated movies) եւ հա­­մապա­­տաս­­խան տպո­­ւող թեր­­թիկնե­­րու (printable documents) մի­­ջոցով։ «Պու­­րակ»ի հա­­մար պատ­­րաստո­­ւած տե­­սերիզ­­նե­­­րը, աս­­տի­­­ճանա­­բար բար­­դա­­­ցող վար­­ժութիւննե­­րը եւ օժան­­դակ թեր­­թիկնե­­րը կ՛ապա­­հովեն նիւ­­թե­­­րու եւ յղացքնե­­րու լսա­­տեսո­­ղական մի­­ջոց­­նե­­­րով փո­­խան­­ցումը եւ տրա­­մաբա­­նական զար­­գա­­­ցու­­մը, նպաս­­տե­­­լով երե­­խային ընդհա­­նուր զար­­գացման։

«Պու­­րակ»ի աշ­­խա­­­տակազ­­մը կը բաղ­­կա­­­նայ Հա­­մազ­­գա­­­յինի Մե­­լանքթոն եւ Հայկ Արսլա­­նեան Ճե­­մարա­­նի անձնա­­կազ­­մէն, Ճե­­մարա­­նի տնօ­­րէնու­­թեան ան­­մի­­­ջական հսկո­­ղու­­թեամբ։ Աշ­­խա­­­տան­­քը բաժ­­նո­­­ւած է եր­­կու գլխա­­ւոր բա­­ժին­­նե­­­րու՝ ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան եւ «թեք­­նիք»։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր բա­­ժին ու­­նի իր պա­­տաս­­խա­­­նատուն եւ հա­­մապա­­տաս­­խան աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րու խմբա­­կը։

«Պու­­րակ»ի բո­­լոր աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րը մեծ խան­­դա­­­վառու­­թեամբ իրենց մաս­­նակցու­­թիւնը բե­­րին այս ծրա­­գիրին հա­­ւատա­­լով անոր նպա­­տակին. աշ­­խա­­­տան­­քի ըն­­թացքին յա­­ճախ ստա­­ցանք ստեղ­­ծա­­­գործ նոր առա­­ջարկներ, յա­­ռաջի­­կայյյին զա­­նոնք կի­­րար­­կե­­­լու հա­­մար։

«Պու­­րակ»ի բո­­լոր աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րը կը հա­­ւատան, որ ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն, աշա­­կերտնե­­րուն կամ ծնող­­նե­­­րուն հա­­մար, նմա­­նօրի­­նակ հար­­թակներ եւ այ­­լա­­­զան գրա­­ւիչ ու ստեղ­­ծա­­­գործ նո­­րարա­­րու­­թիւններ անհրա­­ժեշ­­տութիւններ են հայ երե­­խանե­­րուն հա­­մար դպրո­­ցէն ներս, կամ ժա­­ման­­ցի պա­­հուն ։

Այժմ կը յայ­­տա­­­րարենք «Պու­­րակ»ի մեկ­­նարկը Bourag.com հաս­­ցէով։ Տե­­սերիզ­­նե­­­րու եւ թեր­­թիկնե­­րուն առա­­ջին բա­­ժինը ար­­դէն իսկ զե­­տեղո­­ւած է հար­­թա­­­կին վրայ. հար­­թա­­­կը կը սկսի 11 տե­­սերիզ­­նե­­­րով եւ 22 տպո­­ւող թեր­­թիկնե­­րով։ Հար­­թա­­­կը շա­­բաթա­­կան կը թար­­մա­­­ցուի նո­­րու­­թիւննե­­րով՝ նոր տե­­սերիզ­­նե­­­րով եւ տպո­­ւող թեր­­թիկնե­­րով։ Կը յու­­սանք, որ կա­­րելի ըլ­­լայ «Պու­­րակ»ը յա­­րատեւ ճո­­խաց­­նել նո­­րանոր հա­­տուած­­նե­­­րով, բա­­ցատ­­րութիւննե­­րով, տե­­սերիզ­­նե­­­րով եւ ստեղ­­ծա­­­գործ այ­­լա­­­զան թղթած­­րարնե­­րով։

Վարձքը կա­­տա՛ր այսպի­­սի նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րը քա­­ջալե­­րող­­նե­­­րուն եւ հո­­վանա­­ւորող­­նե­­­րուն։ Իբ­­րեւ հայ ման­­կա­­­վարժներ եւ մաս­­նա­­­գէտ­­ներ, մեր առա­­քելու­­թիւնն է վառ պա­­հել հա­­յերէն լե­­զուն ու զարկ տալ անոր զար­­գացման։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ